Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Երեւան. ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան շնորհաւորական ուղերձը Ընկ. Յակոբ Գասարճեանի «Նուիրում ՌԱԿի ճամբով» գիրքին շնորհանդէսին առիթով

Չորեքշաբթի, 5 Յուլիս 2017ին Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի մեծ դահլիճին մէջ Պէյրութի «Զարթօնք»ին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին  ատենապետ եւ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ (Պէյրութ) Ընկ. Յակոբ Գասարճեանի «Նուիրում ՌԱԿի ճամբով» գիրքին շնորհանդէսը: Այս առիթով Ընկ. Յակոբ Անդրէասեան ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անունով ներկաներուն ընթերցեց յղուած յատուկ շնորհաւորագիրը:

Կը շնորհաւորենք հեղինակը, ինչպէս նաեւ խմբագիրը՝ Յովիկ Էօրտէքեանը, որուն հետեւողական ու մանրակրկիտ աշխատանքին պտուղն է այս հատորը

 

Յարգելի ընկեր Յակոբ Գասարճեան,

Ատենին ուրախութեամբ իմացած էինք ձեր 50ամեայ ազգային կուսակցական կեանքը մէկտեղող՝ «ՆՈՒԻՐՈՒՄ ՌԱԿ-ի ՃԱՄԲՈՎ Յիսնամեայ գործունէութեան արձանագրութիւն» գիրքի լոյս ընծայման լուրը:

Կասկածէ վեր է, որ Ձեր եօթանասունամեակին զուգադիպող այս գիրքը իւրաքանչիւր Ռամկավար Ազատականի համար յոյժ ուսանելի աղբիւր մըն է, որովհետեւ անոր հեղինակը ունի ձեր փորձն ու վաստակը մեր սիրելի կուսակցութեան մէջ:

Այսօր ձեր գիրքին Շնորհանդէսն է, երկրորդը Ձեր ազգային կեանքի դարբնոցը հանդիսացող Պէյրութէն ետք, որ այս անգամ «Զարթօնք»ի խմբագրութեան նախաձեռնութեամբ յատկանշականօրէն տեղի կ՚ունենայ Հայրենիքի մէջ, որուն, ինչպէս Ձեր գիրքին բովանդակութիւնն ալ կը վկայէ, գոյատեւման եւ զարգացման համար ոչ մէկ ճիգ խնայած էք:

Հակառակ յուշագրութեան տեսակին իր պատկանելուն, ձեր գիրքին մէջ յատկանշական է դէպի ապագայ ձեր հայեացքը: Անցեալէն սորվելու ու ըստ այնմ ապագան ծրագրելու ձեր պատգամը: Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն տակաւին լուսաւորող՝ Կուսակցութեան ներուժին կիզանիւթով վառող ջահը, երիտասարդ սերունդին փոխանցելու ձեր անվերապահ հաւատքը:

Դարձեալ կը շնորհաւորենք ձեզ եւ այս Շնորհանդէսը կազմակերպող միշտ պատնէշի վրայ եղող մեր «Զարթօնք» օրաթերթը: Այս առիթով կը շնորհաւորենք նաեւ գիրքի խմբագիր ընկեր Յովիկ Էօրտեքեանը, որ բծախնդրօրէն հաւաքագրելով ձեր արժէքաւոր արխիւը սերունդներուն եւ պատմութեան կը յանձնէ ձեր ճամբով քալել խթանող ազգային եւ կուսակցական օրինակելի կեանքի մը պատմութիւնը: 

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

   Սեւակ Յակոբեան                       Սերխիօ Նահապետեան

        Ատենադպիր                                      Ատենապետ                     

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ