Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան այցելութիւն տուաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին

Հայաստան իր կեցութեան ընթացքին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան այցելութիւն մը տուաւ Էջմիածին, հանդիպելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Վեհափառին հետ։

Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին Ընկ. Նահապետեան Վեհափառին ներկայացուց կուսակցութենէն ներս տիրող ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ եկող հանգրուանին Կեդրոնական Վարչութեան որդեգրած ռազմավարութիւնը եւ յառաջիկայի ծրագիրները:

Ան շեշտեց նաեւ, որ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ մասնակցելու համար պետականաշինութեան ընդհանուր գործին:

Իր կարգին Վեհափառ Հայրը բարձր գնահատեց ՌԱԿի նուիրական աշխատանքը եւ իր օրհնութիւնը եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց, մաղթելով քաջ կորով՝ շարունակելու համար իր ազգանուէր առաքելութիւնը:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ