Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ՆԱԹՕ. Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպըրկը Ռուսիոյ կոչ ըրած է զօրքերը հանել Ուքրանիայէն։ Մինչեւ հիմա Ուքրանիա-Ռուսիա դէպքերը պատճառ դարձած են տասը հազար մարդու մահուան։

ԱՄՆ. Միսիսիփի նահանգին մէջ օդանաւ մը կործանուած է, որուն հետեւանքով զոհուած է տասնվեց հոգի։ Օդանաւը գետնին զարնուելէ ետք բռնկուած է։

ԹՈՒՐՔԻԱ. Անքարան ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութեան հետ համաձայնութեան եկած է «թրքական հոսքի» ֆինանսաւորման մէջ։ Ռուսական կողմը կը յայտնէ, որ «Կազփրոմ»ը Սեւ ծովուն յատակը յիսուն քիլոմեթր երկարութեամբ կազատար խողովակ տեղադրած է։

ԱՄՆ. Պետական քարտուղար Ռեքս Թիլերսընը Յուլիս 11ին մեկնեցաւ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհա եւ հոնկէ  ամսուն 12ին անցաւՍէուտական Արաբիա։

ԱՄՆ.  Սպիտակ Տունը պիտի աջակցի Ռուսիոյ եւ Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներու օրինագիծին, սակայն կը կարծէ, թէ աւելորդ սահմանափակումներ կան նախագահի լիազօրութիւններուն նկատմամբ։ Յիշեցնենք, որ ԱՄՆի Սենաթը Ռուսիոյ եւ Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներու օրինագիծը ընդունած էր Յունիսի կէսերուն, որուն համաձայն ԱՄՆի նախագահին պիտի արգիլուի մեղմացնել կամ հանել Մոսկուայի ու Թեհրանի դէմ պատժամիջոցները։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ