«Հետք» կը հաղորդէ, թէ 2017ի Յունուար-Մայիս ամիսներուն, նախորդ տարուան նոյն շրջանին համեմատ, Հայաստան ստացած է 4,2 անգամ աւելի մարդասիրական օգնութիւն։
Այս տարուան առաջին հինգ ամիսներուն Հայաստան ներմուծուած է 749 թոն օգնութիւն՝ 76 միլիոն տոլար արժողութեամբ։
Պաշտօնական թիւերով, օգնութեան 90 տոկոսը եղած է քիմիայի եւ արդիւնաբերութեան ճիւղերու արտադրանք, ապա՝ մանածագործական իրեր, մեքենաներ, պատրաստ սնունդի արտադրութիւններ, եւայլն։
Ի դէպ, Զուիցերիան Հայաստանին ամենաշատ մարդասիրական օգնութիւն տուած երկիրն է։ Յետոյ կու գան ԱՄՆ, Չինաստան եւ Գերմանիա։