Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Մարդասիրական օգնութիւնը Հայաստանին կը շարունակուի

«Հետք» կը հաղորդէ, թէ 2017ի Յունուար-Մայիս ամիսներուն, նախորդ տարուան նոյն շրջանին համեմատ, Հայաստան ստացած է 4,2 անգամ աւելի մարդասիրական օգնութիւն։

Այս տարուան առաջին հինգ ամիսներուն Հայաստան ներմուծուած է 749 թոն օգնութիւն՝ 76 միլիոն տոլար արժողութեամբ։

Պաշտօնական թիւերով, օգնութեան 90 տոկոսը եղած է քիմիայի եւ արդիւնաբերութեան ճիւղերու արտադրանք, ապա՝ մանածագործական իրեր, մեքենաներ, պատրաստ սնունդի արտադրութիւններ, եւայլն։

Ի դէպ, Զուիցերիան Հայաստանին ամենաշատ  մարդասիրական օգնութիւն տուած երկիրն է։ Յետոյ կու գան ԱՄՆ, Չինաստան եւ Գերմանիա։ 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ