Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Զմմառու վանքի վերանորոգեալ մատենադարանի բացման առիթով՝ ՀՈԳԵՊԱՐԱՐ, ՀՈԳԵՀՈՒՆՉ ՈՒ ՀՈԳԵՇՈՒՆՉ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Միայն այսպէս կարելի է բնորոշել այն հոգեցունց մթնոլոտը, զոր հանդիսականներուն պարգեւեց Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը։

Արդարեւ, Շաբաթ, 29 Յուլիս 2017, երեկոյեան ժամը 7:00ին, նախագահութեամբ Ամեն. եւ Գերշ. Տէր Գրիգոր Պետրոս Է. Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, հոգեւոր հայրերու եւ քոյրերու, դիւանագէտներու, մտաւորականներու, հասարակական ու մշակութային գործիչներու, պատշաճ ու տպաւորիչ խօսքային-գեղարուեստական յայտագրի մը ներկայացումէն ետք, պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ Զմմառու վանքի վերանորոգեալ մատենադարանին, ուր՝

Հայ գիրքը ի պատուի էր։

Հայ մատենագրութիւնը մեծարելի էր։

Հայ գրականութիւնը ողջունելի էր։

Հայ գրամիտքը յարգելի էր։

Հայ գրաոգին պաշտելի էր։

Հայ Ոսկեղնիկը շեփորելի էր։

Հայ դպրութիւնը յիշատակագրելի էր։

Միով բանիւ, մատենադարանի վերաբացումի արարողութիւնը, իր լրջութեամբ ու նպատակասլացութեամբ, իր առաջադրութեամբ ու կազմակերպութեամբ, իրօք, ներկաներուն համար դարձաւ՝

– Հոգեպարարութեան ջերմագոյն առիթ մը

– Հոգեհնչութեան սքանչելի պատեհութիւն մը

– Հոգեշնչութեան բացառիկ երեւոյթ մը

Որովհետեւ՝

Մեզի պակսողը այդ զգացումի, այդ վերազարթօնքի եւ այդ վերընկալումի ներշնչման աղբիւրն էր, ինչ որ, սակայն, տուին հանդիսութիւնը կազմակերպողները եւ մատենադարանի ցուցադրութիւնը, իրենց օրինակելիութեամբ ու վայելչութեամբ։

Անկասկած, իւրաքանչիւր մասնակիցը այս հանդիսութեան, անկէ բաժնուեցաւ լիացած ու բիւրեղացած ոգիով եւ այն համոզումով, որ մեր ժողովուրդին համար, այս պարագային՝ լիբանանահայութեան, ինչ կայ աւելի հայահունչ, հայադրոշմ ու հայաբնոյթ, քան նման միջոցառումներն ու մատուցումները։

Շնորհակալ պէտք է ըլլայ Զմմառու Միաբանութեան ժառանգաւորներուն ու մեծաւորութեան, որ նման ոգեշունչ ու հայաշունչ զգացումներով պարուրեցին մեզ, յօգուտ հայ մատենադարանային-գրադարանային մեր հարուստ ժառանգութեան մէկտեղումին, պահպանումին եւ յարատեւման։

 

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Պէյրութ, 31 Յուլիս 2017

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ