Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Թրամ կ’ուզէ արմատապէս փոխել «Կրին քարտ»ը

Ամերիկեան «Կրին քարտ»ի՝ ԱՄՆի մէջ մշտական բնակութեան եւ աշխատանքի իրաւունքի խաղարկութեան  համակարգը հինցած է եւ մօտ ապագային  պէտք է վերանայ, ըսած է նախագահ Թրամփ:

«Տասնամեակներ շարունակ Միացեալ Նահանգները «Կրին քարտ» շնորհած է հսկայական թիւով մասնագիտական նուազագոյն  գիտելիքներ ունեցող մարդկանց», ըսած է ան: «Կրին քարտ» պէտք է ստանան անոնք, որոնք կը տիրապետեն անգլերէնին,  իրենց սեփական ծախսերը կը հոգան եւ մասնագիտական հմտութիւններ ունին», նշած է նախագահ Թրամփ:

Քոնկրէսին հաւանութիւնը ստանալու պարագային պիտի վերացուի «Կրին քարտ»ի խաղարկութիւնը եւ պիտի սահմանափակուի կրթութիւն եւ մասնագիտական հմտութիւններ չունեցող մարդոց «Կրին քարտ» ստանալու հնարաւորութիւնը:

Ներկայիս, 15 ներգաղթողներէն միայն մէկ հոգի ԱՄՆի մէջ մշտական բնակութիւն կը հաստատէ իր գիտելիքներուն եւ մասնագիտական հմտութիւններուն շնորհիւ, որուն որպէս արդիւնք կը տուժեն ԱՄՆի մէջ բնակող այնպիսի քաղաքացիներ, որոնց  աշխատանքը աւելի ցած աշխատավարձով պատրաստ են կատարելու նորեկները:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ