Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ պարբերութեամբ…

ԹՈՒՐՔԻԱ. Նախագահ Էրտողան մեղադրած է Գերմանիան ահաբեկչութեան օժանդակելու մէջ։ Պատճառը այն է, որ Գերմանիան Թուրքիոյ չի յանձներ 15-16 Յուլիս 2016ին ռազմական յեղաշրջումի փորձի մասնակիցները, որոնք որպէս քաղաքական փախստական, ապաստան գտած են Գերմանիոյ մէջ։ Ըստ Թուրքիոյ, 4,500 թղթածրար ղրկուած է Անկելա Մերքելին, սակայն… ոչ մէկ պատասխան։

ՖՐԱՆՍԱ. Ֆրանսայի դատախազութիւնը պիտի ստուգէ երկրին նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի դրամատնային վիճակը: Ան կը կասկածուի քաթարեան հիմնադրամներէ պարգեւատրումներ ստանալէ, որպէսզի ֆութպոլի Աշխարհի Բաժակի խաղերը Քաթարի մէջ տեղի ունենալուն ի նպաստ աշխատանք տանէր: Իրաւապահներ կը կարծեն, որ 2022ի Աշխարհի Բաժակի մրցաշարքին համար տարբեր պաշտօնեաներ 180 միլիոն եուրօ նուէրներ ստացած են:

ԱՄՆ. Նախագահ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով օգնական Զօր. Հերպերթ Մաքմասթեր, արտաքին քաղաքականութեան մէջ կը գործէ նախագահին հակառակ, յայտնած է «Տէյլի Քոլլըր» թերթը, այդպիսով խափանելով նախագահին ծրագիրները: Թրամփ կը ցանկայ հեռանալ Աֆղանիստանէն եւ Սուրիայէն, կարգաւորել հարցերը Չինաստանի հետ, լուծել իսլամականներու խնդիրները եւ ազատիլ Իրանի միջուկային խնդիրներէն. սակայն Մաքմասթեր ունի տարբեր կարծիքներ, կը գրէ թերթը:

ՎԵՆԵՏԻԿ. Վենետիկի իշխանութիւնները յայտարարած են «Հիւրերու վարքի 12 ոսկեայ կանոններ», որոնք խախտելու պարագային զբօսաշրջիկները ստիպուած պիտի ըլլան վճարել 25էն մինչեւ 500 եուրօ: Կանոններուն մէջ կը մտնեն օրինակ՝ ջրանցքներու մէջ լողալը, քաղաքին մէջ լողազգեստով կամ կիսամերկ զբօսնիլը, արգիլեալ տեղեր հեծանիւ քշելը, հասարակութեան մէջ խնճոյք կազմակերպելը…, ինչպէս նաեւ տուգանքներ՝ յուշարձաններու վրայ մակագրութիւններու եւ աղբ թափելու համար: Այս մասին տասը լեզուներով յայտարարութիւններ պիտի տեղադրուին շուտով՝ «Վայելէ՛, յարգէ՛ Վենետիկը» վերտառութեամբ:

ՀԻՒՍ. ՔՈՐԷԱ. Միացեալ Նահանգներ յայտարարեց, որ Սեպտեմբեր 1էն սկսեալ ամերիկացիներու Հիւսիսային Քորէա մուտքը արգիլուած է եւ հոն գտնուող քաղաքացիներէն կը պահանջուի լքել այդ երկիրը: Արգելքը մէկ տարուայ համար է: Բացառութիւններ կրնան ըլլալ միայն լրագրողներու եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններու աշխատակիցներու համար:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ