Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

ՀՀ վարչապետը ծանօթացած է “Zangi” ընկերութեան ծրագիրներուն

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ծանօթացած է «Զանգի» հեռակապային ընկերութեան  գործունէութեան, անոր ընթացիկ եւ հեռանկարային ծրագիրներուն: Ընկերութիւնը թոյլ կու տայ կատարել անվճար՝ ձրի զանգեր, տեսազանգեր եւ փոխանակել հաղորդագրութիւններ: Ընկերութեան տնօրէն Վահրամ Մարտիրոսեան նշած է, որ այս յաւելուածը՝ Application (App) ունի մէկուկէս միլիոն բաժանորդ եւ օրական տասեակ հազարաւոր մարդիկ կապ կը հաստատեն իրարու հետ «Զանգի»ի միջոցով: Հայկական յաւելուածը ցած արագութեամբ ինթըրնէթ կապով աշխատելու հնարաւորութիւն ունի: «Զանգի»ն ներկայացուած է Պարսելոնայի մէջ եւ պիտի մասնակցի Լոնտոնի եւ Տուպայի ցուցահանդէսներուն:

Նոր յայտնաբերումներ Արցախի Տիգրանակերտի մէջ

Արցախեան Տիգրանակերտի պեղումներու ընթացքին հիւսիսային պատին քով յայտնաբերուած է կարասային թաղում, յայտնած է գիտարշաւի ղեկավար Համլէթ Պետրոսեանը: Թաղումը կատարուած է 2-3րդ դարերուն: Հանգուցեալին աճիւնին հետ միասին կարասին մէջ դրուած եղած են նետի ծայր, հլուններ, խոյակերպ փոքր սափորներ, ոսկեայ զարդեր:

Հայաստանի պետական պարտքը աճած է վերջէն կէս տարուան մէջ

Այս տարուան Յունիսի վերջաւորութեան համաձայն, Հայաստանի պետական պարտքը կազմած է շուրջ 6,141 միլիառ ամերիկեան տոլար: Վերջին մէկ ամսուան մէջ աւելցած է 45,8 միլիոն տոլարով, կամ՝ 0,7 տոկոսով: Իսկ Դեկտեմբեր 2016ի հետ համեմատելով,  Հայաստանի պարտքը աճած է 199 միլիոն տոլարով (3,3 տոկոսով):

Իրան-Հայաստան սահմանային համագործակցութիւն

Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանային համագործակցութեան մասին համաձայնագիրի վաւերացումը Իրանի խորհրդարանին կողմէ ուղղուած է երկու երկիրներու միջեւ ապրանքներու տարանցումի ընդլայնման: Նպատակը սահմանային մաքսատան աշխատանքները հեշտացնելն ու արագացնելն է:«Նորտուզ սահմանային դարպասը Հայաստանի հետ միակ ընդհանուր ցամաքային սահմանն է», շեշտած է իրանցի պատգամաւոր Զահրա Սաէյը, նշելով, որ ըստ պաշտօնական թիւերու, Հայաստան ոչ նաւթային արտահանման ծաւալը անցնող իրանական տարուան ընթացքին (Մարտ 20), կազմած է 107,35 միլիոն տոլար, մինչդեռ Իրանը այդ նոյն ժամանակահատուածին ներմուծած է 443,512 միլիոն տոլարի ապրանք:

Հայաստանի քաղաքացիութեան դիմումները բարձրացած են Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ

Հայաստանի կառավարութիւնը Սուրիոյ եւ Լիբանանի դիւանագիտական հաստատութիւններէ ներս՝ Դամասկոս, Հալէպ եւ Պէյրութ, ազգութեամբ հայերու տրամադրուած ՀՀ անձնագիրի դիմաց տուրքերէ գանձուած գումարը հասած է 11 միլիոն դրամի, որ պիտի փոխանցուի արտաքին գործոց նախարարութեան։

2017ի երկրորդ եռամսեակին ընթացքին հայաստանեան193 անձնագիր տրամադրուած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի քաղաքացի հայերու։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ