Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

«Քի՛չ ծխեցէք», յայտարարեց վարչապետ Կարապետեան

Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է ծխելու դէմ պայքարի ռազմավարութեան եւ այդ ուղղութեամբ 2017-2018ի միջոցառումներու ծրագիրին, որուն նպատակն է պահպանել բնակչութեան առողջութիւնը եւ զարկ տալ ծխելու նուազումին։ Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կոչ ըրած է քիչ ծխելու։ Ակնյայտ է, որ Հայաստանի մէջ ծխելու ցուցանիշը շատ բարձր է։ Կը սպասուի, որ շուրջ 2 տոկոս նուազի ծխողներու թիւը Հայաստանի մէջ, յետ կատարուող միջոցառումներուն։

2016ին Հայաստան ներմուծուած է մօտ 40 միլիոն տոլարի 3 միլիառ հատ ծխախոտ։ Նոյն տարուան ընթացքին, Հայաստան արտադրած է մօտ 286 միլիոն տոլարի սիկարէթ, որուն շուրջ 209 միլիոն տոլարի ծխախոտ արտահանուած է՝ մասնաւորաբար Իրաք։

Փաստօրէն, Հայաստանի մէջ տարեկան կը ծխուի մօտ 5,8 միլիառ հատ սիկարէթ՝ շուրջ կէսը ներմուծուած։ Մօտաւոր հաշուարկով, Հայաստանի մէջ օրական կը գնուի 794 հազար տուփ սիկարէթ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ