Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Թիլերսըն. «Հիւսիսային Քորէայի դէմ պատերազմ չի սպասուիր»

ԱՄՆ պետական քարտուղար Ռեքս Թիլերսըն հանգստացուց հասարակութիւնը, որ մօտիկ ժամանակներս Հիւսիսային Քորէայի դէմ պատերազմ չի սպասուիր։

Յիշեցնենք, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ խոստացած էր սպառնալիքի պարագային պատասխանել «հուրով եւ կատաղութեամբ», իսկ  Հիւսիսային Քորէան սպառնացած էր հարուածել Խաղաղական ովկիանոսին մէջ գտնուող Կուամ կղզիի ամերիկեան խարիսխները, նշելով նաեւ, թէ միջուկային մարտագլխիկ ունի, որ կրնայ տեղադրել իր հրթիռներուն վրայ։

Թիլերսըն ըսած է, որ ամերիկացիները կրնան հանգիստ քնանալ, որովհետեւ մօտալուտ պատերազմ չկայ։ Իսկ Թրամփ ուժեղ լեզու գործածած էր, որովհետեւ, ըստ Թիլերսընի, Քիմ Չեն Ինը չի հասկնար դիւանագիտական լեզուէն։

Միւս կողմէ, Օգոստոս 9ին Ֆրանսա հանդէս եկաւ Հիւսիսային Քորէայի շուրջ լարուածութիւնը նուազեցնելու կոչով։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ