Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Վեհափառ Հայրապետի այցելութեան բնաբանն է «Ապրինք մեր հաւատքը»

Թեմիս հաստատման 90ամեակին առթիւ՝ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի եւ Թեմական Խորհուրդի հրաւէրով, Հոկտեմբեր 25-30 Թեմիս Հովուապետական Այցելութիւն պիտի շնորհէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։

Այս առիթով կը հաղորդենք նաեւ թէ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ Թեմական Խորհուրդի հրաւէրով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այցելութիւն պիտի շնորհէ նաեւ Մեքսիքոյի Միացեալ Նահանգներու Հանրապետութեան, որ մաս կը կազմէ Արեւմտեան Թեմի։
Նորին Սրբութիւնը իր պատուիրակութեամբ Լոս Անճելըս պիտի ժամանէ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26ի երեկոյեան ժամը 7։30ին, Նորին Սրբութիւնը հոգեւորականներու թափօրով եւ երգչախումբի կողմէ երգուած «Հրաշափառ» շարականով, մուտք պիտի գործէ Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարէն ներս։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր բարի գալստեան խօսքէն ետք, Նորին Սրբութիւնը իր հոգեւոր պատգամը պիտի փոխանցէ հաւատացեալներուն։ 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27ի ցերեկը նախատեսուած է ընդունելութիւն մը Լոս Անճելըսի քաղաքապետին կողմէ։ Նոյն օր, նախատեսուած է Արարատ Հայ Տարեցներու Տան նոր մասնաշէնքի պաշտօնական օրհնութիւնը եւ բացումը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28ի առաւօտուն Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ հայ վարժարաններու միացեալ միջոցառում, որուն պիտի յաջորդէ նաեւ Վեհափառ Հայրապետին հանդիպումը երիտասարդութեան հետ։
Կիրակի, Հոկտեմբեր 29ին, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ եւ իր հոգեւոր պատգամը պիտի փոխանցէ հաւատացեալներուն։ Սուրբ Պատարագի ընթացքին նախատեսուած է «Մաղթանք Հայրապետական»։
Սուրբ Պատարագի աւարտին, տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային հաւաք եւ մատաղի օրհնութիւն։

Նոյն օր, երեկոյեան Թեմի 90ամեակին առթիւ, Տաղլեան Մշակութային Կեդրոնին մէջ (Հոլիվուտ), երեկոյեան ժամը 6։00ին տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական ընդունելութիւն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին Վեհափառ Հայրապետը Հովուապետական իր անդրանիկ այցը պիտի շնորհէ Մեքսիքոյի Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքին։

Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ, Նոյեմբեր 2-3ի օրերուն, Առաջնորդարանի մէջ պիտի կայանայ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստը, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Արեւմտեան Թեմական Խորհուրդը։ 
Վստահ ենք, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական այցելութիւնը օրհնաբեր պիտի ըլլայ եւ հոգեկան ցնծութիւն պիտի պատճառէ Թեմիս համայն հաւատացեալներուն։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հաճեցէք հեռաձայնել Առաջնորդարանի գրասենեակը (818) 558-7474 թիւով։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ