Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Փոքրիկ Հրեշտակներ Շաբաթօրեայ Վարժարան. Վերամուտին ընդառաջ՝ուսուցիչներու տարեկան աշխատանիստ

Շաբաթ, Օգոստոս 12ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ամենամեայ հայերէնի  ուսուցիչներու աշխատանիստը, պատուոյ նախագահութեամբ եւ օրհնութեամբ Առաջնորդ, գերաշնորհ Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի։ Այն կազմակերպուած էր Շաբաթօրեայ վարժարաններու Ուսումնական Խորհուրդին կողմէ, այդպիսով տալով մեկնարկը 2017-2018 ուսումնական տարուան։

Աղօթքով եւ բացման խօսքով իր մտորումները փոխանցեց Յովնան արքեպիսկոպոս, անդրադառնալով կրօնքին եւ հայկական ինքնութեան անբաժանելի միասնութեան։ Ապա, առաջնորդ Սրբազան հայրը ներկաներուն տեղեկացուց, որ սկսեալ 2018-էն կը ծրագրուի երեքշաբաթեայ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան դասընթացներ կազմակերպել Մայր Աթոռին մէջ։

Աշխատանիստին ներկայ աւելի քան 40 ուսուցիչները եւ տնօրէնները, որոնք ժամանել էին, Օրիկոնէն, Նեւատայէն ու Քալիֆորնիոյ տարբեր քաղաքներէն, օրուան ընթացքին համապարփակ գիտելիքներ ամրագրեցին հոգեւոր, ազգային, մշակութային եւ կրթա-դաստիարակչական հոգեհարազատ թեմաներու մասին, ներկայացուած արհեստավարժ մասնագէտներու կողմէ։ 

Աշխատանիստին իրենց գործնական ներդրումը ունեցան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբան,  Գէորգեան ճեմարանի դասախօս, հոգեշնորհ Տ. Ռուբէն վարդապետ Զարգարեան, Շաբաթօրեայ վարժարաններու Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ՝ Դոկտ. Էլլի Անդրէասեան, պատմաբան-մանկավարժ Դոկտ. Արմինէ Մովսիսեան, երաժշտագէտ-մանկավարժ Դոկտ. Վաչէ Մանկրեան եւ կրթական նորարարութիւններու հմուտ մասնագէտ՝ Շաքէ Յարութիւնեան։ Աշխատանիստին սահուն ընթացքը համադրեցին Դոկտ. Անդրէասեան եւ «Փոքրիկ Հրեշտակներ» շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէն՝ բարեշնորհ Յովհաննէս սարկաւագ Գումրուեան։

Բարի վերամուտ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ