Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակը կը պատուէ Երուանդ Զօրեանը

Շաբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2017ին, Եունիվըրսըլ Սթիւտիոյի  «Կլոպ» սրահին մէջ, Հոլիվուտ, տեղի պիտի ունենայ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային Յանձնաժողովի 2017ի Կալան։ Այդ երեկոյ, երկար տարիներ Միութեան նուիրաբերած իր ծառայութիւններուն համար, Դոկտ. Երուանդ Զօրեան պիտի արժանանայ յատուկ գնահատանքի։

Այս առիթով, զրուցեցինք անոր հետ, աւելի մօտէն ծանօթանալով Երուանդ Զօրեան անձին եւ թէ, ո՞ր մարզէն ներս ան բերած է ու կը բերէ իր օժանդակութիւնը Սփիւռքի թէ հայրենի հայութեան։

***

Ո՞վ է Երուանդ Զօրեան

Անդամ ՀԲԸՄի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի, ատենապետն է նաեւ ՀԲԸՄի Քալիֆորնիոյ Սիլիքըն Հովիտի մասնաճիւղին եւ հիմնադիրն ու տնօրէնն է Միութեան հովանաւորութիւնը վայելող Հայկական Համացանցային Քոլէճին (Armenian Virtual College)։

Արմատներով Տրապիզոնէն, հայրը եւ մեծ-հայրերը ղեկավար պաշտօններ վարած են ՀԲԸՄէն ներս Հալէպի մէջ։ Մեծ-հայրը, Երուանդ Զօրեան, եղած է հիմնադիրը Հալէպի ՀԵԸին, իսկ հայրը՝ Աբիկ Զօրեան, կարեւոր պաշտօններ ստանձնած ՀԲԸՄի Հալէպի մասնաճիւղէն ներս։ Մօրենական մեծ-հայրը՝ Արամ Մինասեան, երկարամեայ ատենապետը ՀԲԸՄի Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովի, եղած է ՀԲԸՄի Լազար Նաճարեան վարժարանի հիմնադիրներէն։ Արդարեւ, միութենականութիւնը ժառանգաբար իր մէջ արմատաւորուած է եւ այսօր կը շարունակուի նոյն թափով։

Դոկտ. Երուանդ Զօրեան միջազգային համբաւ վայելող գիտնական մըն է ելեկտրոնային ճարտարագիտութեան մարզէն ներս։ Ան խորհրդատու է շարք մը նորարար հաստատութիւններու եւ թղթակից խմբագիր՝ գիտահետազօտական հրատարակութիւններու։

Եղած է փոխ նախագահը Institute of Electrical and Electronic Engineers ընկերակցութեան, վարելով անոր ճարտարագիտական, համագումարներու եւ ուսուցողական բաժինները։ Զօրեան ունի հնարիչի 37 իրաւունքներ, հեղինակ է հինգ գիրքերու եւ 350է աւելի գիտաուսումնական յօդուածներու։ Քանիցս ընտրուած է որպէս տարուան ամենաազդեցիկ գիտնականներէն մին։

Ան գլխաւոր ճարտարապետն է «Սինոփսիս» ընկերութեան, որ ունի աւելի քան 11 հազար պաշտօնէութիւն։ Միեւնոյն ատեն Զօրեան նախագահն է նոյն հաստատութեան հայաստանեան բաժանմունքին, ուր կը գործէ 800 հոգի։

Հայաստանի հետ կապը եղած է ամուր եւ գործնական։ Հայկական ներուժը ծանօթացուցած է միջազգային շրջանակներու մէջ, մշակելով փոխադարձ շահաբեր գործակցութիւններ Հայաստանի հետ։

Զօրեան շրջանաւարտ է Հալէպի ՀԲԸՄի Լազար Նաճարեան վարժարանէն եւ Սուրիոյ ելեկտրագիտութեան համալսարանէն։ Վկայուած է Մագիստրոսով Հարաւային Քալիֆորնիոյ, դոկտորականով՝ Քանատայի Մքկիլ եւ MBA-ով՝ Փենսիլվանիոյ Ուորթըն համալսարաններէն։ Ընտրուած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Արտասահմանեան Անդամ եւ ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական շքանշան՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանէն։

Ամուսնացած է մանկաբոյժ Ռիթա Շատարեւեանի հետ եւ ունին երկու զաւակներ՝ Աբիկ եւ Ալին։

 

Armenian  Virtual College եւ Երուանդ Զօրեան

Համացանցային՝ վիրտուալ համալսարանին գոյութիւնը կը պարտինք Երուանդ Զօրեան տեսիլք ունեցող մարդուն։ Գաղափարը ծնունդ առած է ՀԲԸՄի Սիլիքոն Վէլիի մասնաճիւղին մէջ 2004ին Քալիֆորնիա, որուն ատենապետն էր Զօրեան, եւ ապա կեանքի կոչուած եւ հանրութեան ներկայացուած 2006ին։

Նպատակն է հասնիլ բոլոր անոնց, հայ կամ օտար, տարբեր տարիքի, որոնք ցանկութիւնը ունին սորվելու հայոց լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ։

Ներկայիս, AVC-ն կայուն կառոյց մը ունի, կեդրոն ունենալով Երեւանը։  Համացանցային դասընթացքներով, անհատ մը հնարաւորութիւնը ունի եօթը տարբեր լեզուներով սորվելու արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն։ Օն-լայն դասատուներով եւ լսատեսողական արդիական վերջին միջոցներով, նիւթական ոչ սուղ միջոցներով ծանօթացալ եւ սորվիլ հայերէն, հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթ եւ ճատրակ։

ՀԲԸՄով մեծցած Զօրեան, այսօր կը վերադարձնէ իր գիտելիքները հայութեան։ Իրեն համար կրթութիւնն ու գիտութիւնը զէնքեր են գոյատեւելու, ապրելու եւ ապրեցնելու, աշխատանքով ապահովուելու եւ ընտանիք պահելու։

Բացի հեռավար ուսուցումէ, AVC ունի նաեւ ելեկտրոնային գիրքերու շարք մը՝ e-books, ուր նոյնպէս ամէնէն ժամանակակից միջոցներով, ոեւէ անձ հնարաւորութիւնը ունի անվճար ուսումնասիրելու մեր ժողովուրդին պատմութիւնը, ՀԲԸՄի պատմութիւնը, ծանօթանալու Երեւան քաղաքին եւ աւելին…

Անցնող ութ տարիներուն ընթացքին, AVC-ի դասընթացքներէն եւ ելեկտրոնային գիրքերէն օգտուողներուն թիւը անցած է 22 հազարը, որոնք կը բնակին 85 տարբեր երկիրներու մէջ։ Ի դէպ, AVC-էն օգտուողներուն մեծամասնութիւնը՝ 90 առ հարիւրը հայեր են։

Բնականաբար, AVC-ի կատարած աշխատանքը կրթականէն աւելի է։ Ան կը կապէ աշխարհի տարբեր երկիրներ ապրող հայերը իրարու, ստեղծելով Forum-ի հսկայական հնարաւորութիւններ, որպէսզի մարդիկ նաեւ ծանօթանան իրարու հետ։

Զօրեան, մեր զրոյցին ընթացքին, խօսեցաւ նաեւ նորութիւններու մասին։ Եթէ նախապէս AVC-ին թիրախը պատանիներն ու մեծահասակներն էին, այսօր կարիքը կը զգացուի դպրոցականներու օգնութեան հասնիլ AVC-ին միջոցով։ Հայաստանի դպրոցներու մէջ սկսած են կիրառել AVC-ի կարգ մը դասընթացքներ, մանաւանդ ճատրակ։ Ներկայիս, AVC կը գործակցի աշխարհի տարածքին գործող 16 հայկական տարբեր վարժարաններու եւ համայնքային կեդրոններու հետ։

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար այցելել avc-agbu.org։

Արդարեւ, Տիար Երուանդ Զօրեանի անհատական նախաձեռնութեան եւ ՀԲԸՄի զօրակցութեան շնորհիւ, այսօր աշխարհի վրայ ոեւէ անձ առիթը ունի ծանօթանալու եւ սորվելու մեր պատմութիւնը, լեզուն եւ մշակոյթը, իր տիրապետած լեզուով։

***

Կը շնորհաւորենք Դոկտոր Երուանդ Զօրեանը, ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային Յանձնաժողովին կողմէ արժանիօրէն գնահատուելու առիթով, մաղթելով իրեն երկար եւ առողջ տարիներ, որպէսզի շարունակէ իր նպաստը բերել հայ կրթութեան եւ գիտութեան մարզերէն ներս։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ