Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Լիբանան. ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԸ ՈՂՈՂՈՒԵՑԱՒ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀՈԾ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՄԲ

Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնը յատուկ տեղ եւ իմաստ ունի մեր ժողովուրդի ազգային ու հոգեւոր կեանքին մէջ։ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի «Ուխտի Օր»ը ամէն տարի կը տօնախմբուի հանդիսաւորապէս, յատուկ արարողութիւններով եւ ժողովրդական աւանդութիւններով։
Արդարեւ, 12 Օգոստոս 2017ի երեկոյեան, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու ու հաւատացեալներու հոծ բազմութեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի «Ուխտի Օր»ուան առիթով մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ Ս. Նահատակաց բացօթեայ խորանին վրայ։ Օրուան պատարագիչն էր Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանը։
Պատարագի աւարտին, միաբան հայրերէ կազմուած թափօրը դէպի խորան առաջնորդեց Նորին Սրբութիւնը, ուր Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցւոյ հայրերու կանոններուն համաձայն ընթերցեց Աստուածամօր ուղղուած գոհաբանական աղօթքը եւ օրհնեց Ս. Աստուածածնին որպէս երախայրիք ընծայաբերուած մատաղն ու խաղողը։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց ներկայ հոծ բազմութեան՝ խօսելով Աստուածամօր յատկանիշերուն մասին։
Ապա, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ երիտասարդութեան կարեւորութեան ու դերակատարութեան եկեղեցական ու ազգային կեանքէն ներս։

Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, հաւատացեալները հաղորդակից դառնալով Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնի խորհուրդին՝ ստացան համայն ննջեցեալներու հոգիներուն համար օրհնուած մատաղը եւ աստուածային զոհագործումի, բարիքներու եւ բարրիութեան խորհրդանիշ հանդիսացող խաղողի այս տարուան առաջին օրհնուած ճիռերը։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ