Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Լոյս Տեսաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Վահրամ Ապտալեան» Մշակութային Հիմնադրամի նոր հրատարակութիւնը

Ազգային պատուիրակութեան գործունէութիւնը

1915-1916

(Վաւերագրեր)

 

ՆԻՒ ԵՈՐՔ – ՀԲԸՄի «Վահրամ Ապտալեան» Մշակութային Հիմնադրամը շարունակելով 1984-1994ին իրագործուած եւ 2015ին վերսկսած ամենամեայ հրատարակչական իր գործունէութիւնը, ընթացիկ տարուան  Յունիսին, Պէյրութի մէջ հրատարակեց «Ազգային Պատուիրակութեան Գործունէութիւնը 1915-1916» խորագրով գեղատիպ եւ ծաւալուն հատոր մը: Հատորին մէջ ամփոփուած են Պատուիրակութիւնը Նախագահող Պօղոս Նուպարի այդ տարիներու դիւանագիտական գործունէութեան վերաբերեալ նամակներու եւ խորհրդածութիւններու հարուստ հաւաքածոյ մը, Դոկտ. Վաչէ Ղազարեանի խմբագրութեամբ համադրուած, խմբագրին կողմէ գրուած շահեկան ներածականով, բծախնդրօրէն պատրաստուած ծանօթագրութիւններու եւ վերլուծութեան ընդարձակ բաժինով ու անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկով:

Այդ տարիներուն, 1914-1916, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե. Թիֆլիսեցիի յատուկ խնդրանքով եւ լիազօրութեամբ, Պատուիրակութեան նախագահութիւնը ստանձնած Պօղոս Նուպարի գործունէութեան երկրորդ շրջանի 1915-1916 տարիները ընդգրկող նամակներուն եւ անոնց մէջ տեղ գտած խորհրդածութիւններուն ընդմէջէն (ՀԲԸՄի Նուպարեան Մատենադարանի արխիւներու օգտագործումով), ընթերցողին դիմաց կը պարզուի պատմական ներհուն, բաբախուն եւ հոգեխռով համայնապատկեր մը, ուր Օսմանեան Կայսրութեան կեղեքումներուն ենթակայ հայկական նահանգներն ու Կիլիկիան միակցելով, ինքնավար Արեւմտահայաստան մը ապահովելու ուղղութեամբ Պատուիրակութեան դրսեւորած ճկուն կեցուածքները, ինչպէս նաեւ անգլիացի, ռուս եւ ֆրանսացի դիւանագէտներու խոստումներով կամ կիսախոստումներով գօտեպնդուած հայ կամաւորներու արեան տուրքը, կը յանգին դառն յուսախաբութեան:

Ինչպէս խմբագիրը կը նշէ, ընթերցողը կը հրաւիրուի թերթատելու ժողովածու մը, որ կը ներկայացնէ արեւմտահայութեան ինքնավար եւ արժանապատիւ կեանք մը ունենալու ձգտումին եւ ճիգերուն պատմութեան ճակատագրական ժամանակահատուածը, լոյս սփռելով քաղաքական դէպքերու այն հոլովոյթին վրայ, որ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ընթացքին, կարելի պիտի դարձնէր թրքական հայաջինջ ծրագրին գործադրութիւնը, մեծապետական հակադիր շահերու յորձանուտին մէջ ինկած արեւմտահայութեան նկատմամբ, եւ պիտի յանգեցնէր աննախընթաց տարողութեամբ ողբերգութեան մը, հայապատկան հողերու իրենց բնիկ տէրերէն դատարկումով ու այդ տարածքներուն վրայ հայակերտ քաղաքակրթութեան ոչնչացումով:

Ինչպէս կողքաշապիկի ետեւի ծալքին վրայ երեւցող անգլերէն լեզուով ամփոփումը, որ գրուած է Հրատարակչական Խորհրդատու Յանձնախումբի անդամ Վիգէն Ադդարեանի կողմէ, կը նշէ, թէ հատորը մեծապէս շահեկան է պատմաբաններու, ինչպէս նաեւ ուսանողներու եւ ընդհանուր հանրութեան համար, որովհետեւ ան լոյս կը սփռէ հայոց պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանը բնորոշող դէպքերուն վրայ: Ժամանակաշրջան մը, երբ հայերու Ցեղասպանութիւնը տառացիօրէն կը ծաւալէր, որպէս մարդկութեան ծանօթ յոռեգոյն ոճիրը: Նամակներուն ընդմէջէն կը պատկերացուի Ազգային Պատուիրակութեան գործունէութիւնը՝ Պօղոս Նուպարի առաջնորդութեամբ, որպէս այդ բանակցութեանց գլխաւոր հայ մասնակիցը: Հետեւաբար, լուսարձակի տակ կ’առնուի անոր եզակի անձնաւորութիւնը, երբ դիւանագիտական խոր հմտութեամբ, ան կը խուսանաւէ միջազգային գեր-պետութեանց բարդ եւ մանուածապատ շահերու լաբիւրինթոսին մէջ, մինչ կը փոթորկին  համաշխարհային պատերազմի զարգացող իրադարձութիւնները: Հատորը վկան է այն իրողութեան, որ պատմութիւնը կը շաղկապուի, երբ դար մը առաջ սկիզբ առած դէպքերը, այսօր կը շարունակուին Թուրքիոյ եւ տարածաշրջանին մէջ կատարուող վերիվայրումներով եւ Միջին Արեւելքի մէջ դրսեւորուող համաշխարհայնական ցնցումներով:

Ներկայ հատորը իններորդն է ՀԲԸՄի «Վահրամ Ապտալեան» Մշակութային Հիմնադրամի միջոցներով  անցնող տարիներուն հրատարակուած աշխատութիւններու շարքին, որ գրականութեան, պատմութեան, մշակոյթի, ազգագրութեան եւ հոգեւոր-եկեղեցական ստեղծագործութեան մարզերու մէջ ակադեմական մակարդակով քննարկումներ մատչելի դարձուցած է հանրութեան:

 ՀԲԸՄի Վահրամ Ապտալեան Մշակութային Հիմնադրամի նորագոյն հրատարակութիւններն են՝

«Վան Վասպուրականի Ազգային Բնորոշ Երգային Նմուշներ» (2015). Հեղինակ՝ Պետրոս Յ. Ալահայտոյեան

«Գրիգոր Նարեկացու Գանձարանը – Վերծանութիւն եւ Քննութիւն (2016). Հեղինակ՝ Հենրիկ Բախչինեան

 

ՀԲԸՄ ՎԱՀՐԱՄ ԱՊՏԱԼԵԱՆ 

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ

Հրաւէր գիտահետազօտական աշխատանքներու՝ հիմնադրամին կողմէ հրատարակութեան համար

 

Այսու կոչ կ’ուղղենք գիտահետազօտողներու, որ մինչեւ 15 Դեկտեմբեր 2017 Հիմնադրամին հասցէին ղրկեն անտիպ ուսումնասիրութիւններու օրինակ մը, որպէսզի Միութեան կողմէ նշանակուած Խորհրդատու Գնահատիչ Յանձնախումբը՝ յետ քննութեան եւ ընտրութեան՝ տուեալ գիտաշխատութիւնը ներկայացնէ հրատարակման:

Յայտերը պէտք է ելեկտրոնային (word կամ pdf) տարբերակով ուղարկել Հիմնադրամին՝ agbu.vafund@yahoo.com հասցէով:

Մասնակցութեան պայմաններ.-

Ա) Ներկայացուած նիւթերը պէտք է վերաբերին հայագիտութեան, ըլլան՝ քննական, բանասիրական, պատմաբանասիրական, եւ կամ առնչուին հայ իրականութեան՝ ընկերաբանական, մարդաբանական, հոգեբանական, երաժշտագիտական, կերպարուեստի, գրականութեան, պատմութեան, գաղութներու, Սփիւռքի,  ձեռարուեստի,  նրբարուեստներու վերլուծման կամ տեսաբանական բնոյթով:

Բ) Ներկայացուած նիւթերը կրնան առնչուիլ Հայաստանը եւ կամ Սփիւռքը տագնապեցնող որեւէ հարցի՝ լեզուական, ժողովրդագրական, քաղաքական, հայոց Ցեղասպանութեան, հայ-թուրք յարաբերութիւններու, հայկական համարկումի, ինքնութեան եւն.:  

Գ) Ներկայացուած նիւթերը կրնան ըլլալ գիտա-տեսական, քննավերլուծական բնոյթի, պարտին ըլլալ ամբողջական, անտիպ, եւ ունենալ գիտական հիմնաւորում:

Դ) Հրատարակութեան կրնան արժանանալ հայերէն կամ անգլերէն լեզուով աշխատանքներ, թէեւ՝ մէկէ աւելի թեկնածու գործերու պարագային, ընթացիկ տարուան համար նախապատուութիւն կրնայ տրուիլ արեւմտահայերէնով ներկայացուած աշխատանքներու:

Ե) Մէկէ աւելի արժանի գործերու պարագային՝ Յանձնախումբը կը յանձնարարէ յաւելեալ գործերու հրատարակումը յաջորդական տարիներու ընթացքին, նոր ստացուած եւ հրատարակման արժանի այլ ձեռագրերու հետ զուգահեռաբար:

Այլ մանրամասնութիւններ.-

Ա) Հրատարակութեան արժանացած աշխատասիրութեան հեղինակը կը ստանայ հրատարակուած գիրքերու քանակին  50%ը: Տպաքանակ՝ 500 օրինակ:

Բ) Նիւթերը պէտք է ներկայացուին համակարգչային շարուածքով, 12 չափի տառատեսակով (size 12 font) եւ կրկնակ տողանջատումով (double space):

Գ) Ներկայացուած աշխատասիրութեան հեղինակային իրաւունքը կը պատկանի նոյնինքն հեղինակին:

Դ) Մրցանքին արդիւնքը, ըստ Գնահատիչ Յանձնախումբի որոշումին, հրապարակաւ կ’իմացուի հանրութեան՝ յայտնելով հրատարակութեան արժանացած գիրքին անունը:

Ե) Գնահատիչ Յանձնախումբը կրնայ հրատարակութեան մրցանակին արժանացած ուսումնասիրութեան հեղինակին առաջարկել ձեռագրի բովանդակութեան իր նկատողութիւնները:

Զ)   Հրատարակելի որեւէ գիրքի ծաւալը պէտք է բաղկացած ըլլայ նուազագոյնը 144 էջէ՝ 13 x 24 սմ., 36 տողի հաշիւով:

 

ՀԲԸՄ ՎԱՀՐԱՄ ԱՊՏԱԼԵԱՆ

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ