Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ԱՆԳԼԻԱ. «Պիկ Պէն»ը չորս տարի պիտի չզնգայ…։ Լոնտոնի Ուեսթմինիսթըր պալատի աշտարակի ժամացոյցին զանգերը, որոնց շարքին մեծ զանգը, որ յայտնի է «Պիկ Պէն» անունով, յաջորդ չորս տարիներուն պիտի չզնգան, վերանորոգութեան պատճառով, որ պիտի սկսի Օգոստոս 21ին եւ պիտի տեւէ… չորս տարի, մինչեւ 2021 թուական։ Աշխարհահռչակ 13 թոն կշռող «Պիկ Պէն»ը կը զնգայ ամէն ժամը մէկ։

ՌՈՒՍԻԱ. Պաշտօնական Ռուսիան յոյսով է, որ ԱՄՆ չի միջամտեր 2018 թուականին Ռուսիոյ մէջ կայանալիք ընտրութիւններուն, ըսած է արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Իսկ եթէ նման բան բացայայտուի, մենք ունինք մեր օրէնքները եւ կը ղեկավարուինք այդ օրէնքներով եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին Վիեննայի վեհաժողովի կանոններով։

ՍՊԱՆԻԱ. Այս տարի ոչ օրինական միջոցներով փախստականներու հոսքը Սպանիա եռապատկուած է, այդ թիւը հասնելով 8385 մարդու։ Պատճառը կ՚ենթադրուի այն է, որ ծովային այդ ճամբան աւելի անվտանգ է։ 2017ին՝ մինչեւ  այսօր, տարբեր ճամբաներով Սպանիա հասած է շուրջ 12 հազար մարդ, որ գրեթէ հաւասար է 2016ի ամբողջ տարուան թիւին։

ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱ. ԱՄՆ նախագահ Թրամփ յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն կրնայ ռազմական միջամտութեան դիմել Վենեզուելայի մէջ իրավիճակը կարգաւորելու համար։ Փենթակոն ըսած է, որ առայժմ նման հրահանգ չէ ստացած Սպիտակ Տունէն, սակայն պատրաստ է պաշտպանելու ԱՄՆի շահերը։ Միւս կողմէ, Վենեզուելայի պաշտպանութեան նախարար Փատրինօ Լոփէս «գերագոյն ծայրայեղութիւն» անուանած է Թրամփի խօսքը։ Քսան տարիէ երկրէն ներս կը տիրէ տնտեսական ճգնաժամ եւ ընդդիմութիւնը կը պահանջէ նախագահ Մատուրոյի հրաժարականը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ