Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Լիբանան ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ԱՐԱԳ ՃԱՏՐԱԿԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

ՀԲԸՄ-  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  տղոց  ճատրակի կազմը Լիբանանի  կայծակնային (blitz) ճատրակի ախոյեանութեան տիտղոսը շահելէ ետք, Կիրակի, 14 Օգոստոսին, արժանաւորապէս շահեցաւ Լիբանանի արագ (rapid) ճատրակի ախոյեանութեան տիտղոսը:

Ախոյեանութեան մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի Ռաշատ ակումբին մէջ, 25 ակումբներու մասնակցութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին  հովանաւորութեամբ:

ՀԵԸ-ի տղաքը կատարեցին եօթը  մրցում եւ արձանագրեցին եօթը յաղթանակ: 

Ախոյեանութեան բաժակը  ՀԵԸ – Անդրանիկ Անթիլիասի գլխաւոր մարզիչ Ռոլան Ախրասին եւ մարզիկներուն հանդիսաւորապէս յանձնեց ճատրակի Լիբանանի  ֆետերասիոնի նախագահ Իզզէթ Ըրէյթիմը, ֆետերասիոնի այլ անդամներու  ներկայութեան:

Ստորեւ   մրցումներուն  թեքնիք արդիւնքները.

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս –  Մաշարիյ՝ 6-0

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս – Էնիմէյշըն՝ 6-0

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս –  Սովիէթ՝  5-1

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս –  Թենմիյէ՝ 4-2

ՀԵԸ Անդրանիկ  Անթիլիաս  – Անսար՝ 4.5-3.5

ՀԵԸ Անդրանիկ  Անթիլիաս  –  ՀՄԸՄ՝  4-2

ՀԵԸ  Անդրանիկ Անթիլիաս – Սենեպիլ՝  4-2

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ