Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

ԹՄՄ Լոս Անճելըս. Ներկայացում Փանոս Թերլեմեզեանի «Կեանքիս յուշերը» նոր հրատարակուած հատորին

Չորեքշաբթի, 16 Օգոստոսի երեկոյեան, գրասէր բարեկամներու ու հասարակական գործիչներու ժամադրավայրն էր Կլենտէյլի Հայ Կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ Գույումճեան հանդիսասրահը։ Կազմակերպութեամբ եւ հրաւէրովը Լոս Անճելըսի Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչութեան, քաղաքս կը գտնուէր հայրենիքէն ժամանած հրապարակագիր, պատմաբան ու բանասէր Երուանդ Տէր Խաչատրեանը՝ ներկայացնելու Փանոս Թերլեմեզեանի «Կեանքիս յուշերը» նոր հրատարակուած հատորը։ Արդարեւ, Տէր Խաչատրեան Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէր ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Կեդրոնական Վարչութեան հրաւէրով ու Նիւ Եորքի եւ Պոսթընի մէջ ունեցած ներկայացումներէն ետք ժամանած էր Լոս Անճելըս։

Օրուան յայտագրի բացումը կատարեց վարչութեան ժրաջան անդամուհի՝ գրականագէտ Լիլիթ Քէհէեանը ու առաջին հերթին հրաւիրեց երաժշտական ներկայացման համար «Երկնային տաղերու» զոյգը՝ Սօսին տաւիղով, իսկ Սալբին սրինգով, երեք հայկական մեղեդիներ հրամցնելու ներկաներուն։

Ապա, Քէհէեան հանգամանօրէն ներկայացնելէ ետք քաղաքս գտնուող ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ ծանօթ հրապարակագիր Երուանդ Ազատեանը, վերջինս իր կարգին պատշաճօրէն ներկայացուց միջոցառման զեկուցաբեր Երուանդ Տէր Խաչատրեանը։

Բեմին ետին պաստառի վրայ, սահիկներու հերթականութեամբ ցոյց տրուեցան նախ Թերլեմեզեանի ինքնագծանկարը, ու ապա այն յատուկ արուեստի գործերը, որոնք զինք դարձուցած էին տաղանդաւոր ու փնտռուած արուեստագէտ, հայրենիքի խորհրդային տարիներուն։

Տէր Խաչատուրեան շուրջ 50 վայրկեաններու ընթացքին, բարձրօրէն տպաւորեց ներկաները իր ներկայացման մօտեցումով, ու ամփոփ ակնարկ մը ընելէ ետք Վանի մէջ Թերլեմեզեանի ունեցած յեղափոխական տարիներուն վրայ, ուր մաս կազմած էր Արմենական Կուսակցութեան հիմնադիր կազմին 1885ին։ Ապա, իր ունեցած փախստական կեանքը ու բանտարկութիւնը եւ վերջապէս Փարիզի մէջ արուեստի վարժարան յաճախելը ու հաստատուիլը Պոլիս, Կոմիտաս Վարդապետին հետ ունեցած մտերմութիւնը ու որպէս վերջաբան իր կեանքին, Թերլեմեզեան Խորհրդային Հայաստանի մէջ անցուցած կեանքին վերջին 13 տարիները։

Տպաւորիչ էր բանասէրին ներկայացումը տաղանդաշատ արուեստագէտ ու ազգային գործիչ Փանոս Թերլեմեզեանի «Կեանքիս յուշերը» նուիրուած հատորին։

Միջոցառման փակումէն ետք տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած հիւրասիրութիւնը. ներկաները մօտենալով հիւր բանասէրին, մտերմիկ խօսակցութիւններով վայելեցին անոր այցելութիւնը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ