Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

«Արմենփրէս»ը եւ «ՌԱԿ Մամուլ»ը համագործակցութեան հարթակ կը ձեւաւորեն. «Արմենփրէս»-ը պիտի ունենայ արեւմտահայերէն բովանդակութիւն

«Արմենփրէս» լրատուական գործակալութիւնը եւ «ՌԱԿ Մամուլ» համացանցային կայքը կը ձեւաւորեն համագործակցութեան հետաքրքրական հարթակ, որ հնարաւորութիւն կու տայ հայկական պետական լրատուական գործակալութեան տեղեկատուական նիւթերը հասանելի դարձնել Սփիւռքի շարք մը լրատուական միջոցներու, ինչպէս նաեւ ձեւաւորել արեւմտահայերէն բովանդակութիւն «Արմենփրէս»ի համար: «Արմենփրէս» լրատուական գործակալութեան մամուլի սրահին մէջ, գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան եւ «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, «ՌԱԿ Մամուլ» (ragmamoul.net) համացանցային հարթակի պատասխանատու տնօրէն Սեւակ Յակոբեանը ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր: 

 

«Արմենփրէս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին՝ Սեւակ Յակոբեան նախ անդրադարձաւ լրատուութիւնը օգտագործելու բարոյագիտութեան եւ հեղինակային իրաւունքը յարգելու կարեւորութեան: Անոր խօսքով` լրատուութիւնը, հակառակ իր առանձնայատկութեան, նոյնպէս արտադրութիւն է ինչպէս որեւէ ապրանքի արտադրութիւնը: «Հետեւաբար, այդ լուրը կը պատկանի արտադրող հաստատութեան: Հայկական իրականութեան մէջ կամ ընդհանրապէս նորօրեայ «մշակոյթի» մէջ դժբախտաբար, սովորական երեւոյթ դարձած է ուրիշին արտադրած լուրը վերցնել եւ գործածել` առանց մտածելու, թէ ատոր համար որքան ծախս եղած է, որքան մարդ աշխատած է այդ բովանդակութեան վրայ: Իմ կարծիքով` ասիկա բանագողութիւն է, որովհետեւ նոյնն է, եթէ ոեւէ մէկը ուրիշի արտադրած հագուստը իւրացնէ եւ վաճառէ: Նախ մենք մեզ յարգելու, ապա՝ ուրիշներուն լաւ օրինակ ծառայելու համար` մենք որոշեցինք համագործակցութեան նման համաձայնագիր կնքել, որպէսզի կարենանք օրինական ճանապարհով օգտուիլ մէկս միւսին արտադրած լուրերէն»,- ըսաւ Յակոբեանը։

Ան կարեւոր համարեց նաեւ լուրերու հաւաստիութիւնը, ընդգծելով որ մեր օրերուն, ամէն տեղ, ամէն տեսակի լուր գոյութիւն ունի: «Ցաւ ի սիրտ, շատ մը պարագաներու ոչ շատերը ուշադրութիւն կը դարձնեն լուրի հաւաստիութեան ու լրջութեան եւ ասոր որպէս հետեւանք, անճիշդ լուրեր անխնայ կը տարածուին: Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ մեր տարածած լուրը ըլլայ հաւաստի: Ի տարբերութիւն շատ մը լրատուութիւն օգտագործողներու, որոնք առանց լուրերը ստուգելու կը տարածեն զանոնք, մեզի համար կարեւոր է նման համաձայնագիր ունենալ «Արմենփրէս»ի հետ, որուն արտադրած լուրերուն հաւաստիութեան ու լրջութեան վրայ ոչ ոք կասկած ունի»,- ընդգծեց Սեւակ Յակոբեանը:

Ան աւելցուց, որ ստորագրուած համաձայնագիրով «Արմենփրէս» լրատուական գործակալութեան լուրերէն օգտուելու իրաւասութիւն կը ստանան «ՌԱԿ Մամուլ» կայքը, «Զարթօնք» օրաթերթը, «Նոր Օր» շաբաթաթերթը, «Սարտարապատ» շաբաթաթերթը, եւ «Հայ Կեանք» պարբերաթերթը:

Այս առիթով՝ Յակոբեան երախտագիտութեամբ յիշեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Սերխիօ Նահապետեանն ու Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ Յակոբ Գասարճեանը եւ իրենց գլխաւորած վարչութիւնները,  նշեալ թերթերը հովանաւորելուն համար եւ իրեն հանդէպ ունեցած անվերապահ վստահութեան եւ իր անձին հետ անսակարկ գործակցութեան համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ յիշեալ թերթերու խմբագիրներուն՝ իրենց գործակցութեան ազնիւ ոգիին համար:

«Սփիւռքի մէջ գործող այս լրատուամիջոցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան օգտուելու «Արմենփրէս»-ի լրահոսէն եւ զերծ մնալու ոչ հաւաստի լուրեր հրապարակելու վտանգէն: Այս առիթով կոչ կ’ընենք Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մեր բոլոր գործընկերներուն եւս օգտուելու «Արմենփրէս» լրատուական գործակալութեան հաւաստի լրահոսէն»,- եզրափակեց Յակոբեան:

«Արմենփրէս» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան, իր կարգին, ընդգծեց, որ կը սկսին որակապէս նոր նախագիծ, որուն հիմքը ունի երեք հիմնական իմացաբանական կէտ: «Առաջին կէտը այն է, որ Սփիւռքի մեր գործընկերները հասանելիութիւն ունենան որակեալ լրատուութեան, եւ մենք առաջին քայլը այս ուղղութեամբ կ՝ընենք սփիւռքահայ մամուլի ջահակիրներէն մէկուն` «ՌԱԿ Մամուլ»-ին հետ: Այս համագործակցութիւնը հնարաւորութիւններու դուռ կը բանայ նաեւ բազմաթիւ այլ նոր  գործընկերներու հետ»,- նշեց Արամ Անանեանը:

Երկրորդ կէտը բովանդակութեան օրինական օգտագործումն է: «Մենք համամիտ ենք այն տեսակէտին, որ լրատուական արտադրանքի օգտագործումը պէտք է ըլլայ ազնիւ եւ օրինական հիմքերու վրայ եւ այս համաձայնութեամբ մենք ուղերձ մըն է, որ կը յղենք թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մեր բոլոր գործընկերներուն: Շատ ուրախ ենք, որ համագործակցութիւն կը սկսինք սփիւռքահայ մամուլի առաջամարտիկներէն մէկուն հետ: Յոյսով ենք, այս օրինակը վարակիչ կը դառնայ»:

Երրորդ կէտը, որ նոյնքան կարեւոր է, «Արմենփրէս»-ի լրահոսի մէկ մասին, «Զարթօնք»ի հետ գործակցութեամբ, արեւմտահայերէն տարբերակ ունենալն է: «Ասիկա մեր համատեղ արտադրանքն է, որ միտուած է մէկ նպատակի` արեւմտահայերէնով բովանդակութեան բազմացման, եւ արեւմտահայ գրական լեզուի յառաջընթացին: Կը կարծենք, որ ասիկա մեր փոքր ներդրումը պիտի ըլլայ, այս նպատակի իրագործման մէջ»,- նշեց «Արմենփրէս» լրատուական գործակալութեան տնօրէնը:

Արամ Անանեան կարեւոր կը համարէ նաեւ այն հանգամանքը, որ 80ամեայ պատմութիւն ունեցող «Զարթօնք» օրաթերթը մտած է զարգացման նոր շրջափուլ: «Եւ ընդհանրապէս «ՌԱԿ Մամուլ» կայքը՝ յառաջադէմ արհեստագիտութեան օգնութեամբ՝ լրատուութիւնը նոր մակարդակի բերելու լուրջ քայլեր կը ձեռնարկէ, որ մեծապէս կ’ողջունենք»,- ըսաւ Անանեան, նշելով, որ «Արմենփրէս» լրատուական գործակալութիւնը իր փորձով եւ հնարաւորութիւններով պատրաստ է օժանդակել իր գործընկերոջ:  

Արամ Անանեան կը կարծէ, որ ստորագրուած յուշագիրով մեկնարկող համագործակցութիւնը պիտի տայ ոչ թէ սովորական, այլ համագործակցական արդիւնք: «Այսինքն, նորարարական մօտեցումներ պէտք է որդեգրենք, եւ այդ մօտեցումները բաց են մեր բոլոր գործընկերներուն համար: «Արմենփրէս»ը` իբրեւ պետական համահայկական լրատուամիջոց՝ իր գործընկերոջ հետ կ’ազդադարէ նոր ու հետաքրքրական փուլի մեկնարկը, որ կրնայ շատ աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ եւ ընթացքին ձեւաւորել լրատուական կիրառական եւ շօշափելի ցանց, որպէսզի տեղեկատուութեան տարածումը եւ փոխանցումը ըլլայ աւելի արդիւնաւէտ»,- ըսաւ ան:

«Արմենփրէս» լրատուական գործակալութեան տնօրէնը յիշեցուց, որ տարիներ առաջ, երբ տակաւին հեռատիպի ժամանակաշրջանն էր, կար «Արմենփրէս-Կռունկ» երեւոյթը, որ հեռատիպով իրար կը կապէր Երեւանը, Նիւ Եորքը, Փարիզը եւ Պէյրութը: «Այն ատեն «Զարթօնք»ը այդ տեղեկատուական հոսքի շահառուներէն մէկն էր, եւ մեզի կ’ուրախացնէ որ այսօր, «Կռունկ»էն տասնամեակներ ետք մենք որոշ չափով կը վերականգնենք զայն: Մենք վստահաբար կրնանք ըսել, որ յառաջիկային նոր հետաքրքրական ձեւաչափեր եւս պիտի կարենանք իրականացնել` սկսեալ լսատեսողական խորհրդաժողովներէն եւ համատեղ ասուլիսներէն, հասնելով միասնական, համատեղ լրատուական արտադրանքի նոր ձեւաչափերու ստեղծումի եւ տարածումի: Կը քաջալերենք մեր բոլոր գործընկերները հետեւելու մեր օրինակին եւ այդ ցանցը դարձնելու իրականութիւն` ի շահ Հայ ժողովուրդի մեր բոլոր լրատուամիջոցներուն»,- եզրափակեց Արամ Անանեանը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ