Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Դպրոցական վերամուտին առիթով՝ յիշենք եւ յարգենք կամաւոր նուիրեալները Արժանի գնահատանք Ընկեր Լեւոն Չոփուրեանին

Կրթական նոր տարեշրջանը իր դռները բացաւ արդէն Օգոստոս ամսուն։ Ամառուան տրամադրութիւններն ու վերամուտեան հապշտապ պատրաստութիւնները կը խաչաձեւեն զիրար։ Աշակերտ, ծնողք, ուսուցիչ, տնօրէն եւ կրթական պատասխանատուներ անցած են գործի։

Բարի վերամուտ մաղթելով Մեծն Լոս Անճելըսի մէջ գործող հայկական ամենօրեայ թէ միօրեայ դպրոցներուն եւ ընդհանրապէս հայ աշակերտութեան, կրթական մշակներուն եւ հայ դպրոցին ներկայով մտահոգ բոլոր ազգայիններուն, յուսանք եւ մաղթենք, որ 2017-2018 տարեշրջանին ընթացքին լոսանճելըսահայ դպրոցը շարունակէ կրթական, ուսումնական եւ հայապահպանման իր առաքելութիւնը, հաւատալով իր կատարած հերոսական աշխատանքին։

***

Այս առիթով, պարտք կը զգանք յարգանքի մեր տուրքը մատուցանելու բոլոր կամաւորներուն, որոնք ինչպէս անցեալին, այսօր եւս իրենց ընտանիքին, մասնագիտութեան եւ այլ աշխատանքներուն բեռան տակ, մեծ նուիրումով փարած են նաեւ հայ դպրոցին, իրենց լուման բերելով անոր յաջողութեան եւ վերընձիւղման համար։

Այդ նուիրեալներէն մէկն է համեստ ազգային մը, որ թէեւ անարժանօրէն զրկուած էր ծափահարութիւններէ աւելի քան 30 տարիներ, սակայն ամբողջ կեանք մը նուիրած է ազգին, եկեղեցիին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ հայ դպրոցին։ Ան կը կոչուի Լեւոն Չոփուրեան։

Ծնունդով Հալէպէն, սակայն արդէն վեց տասնամեակ է, որ կ՚ապրի Քալիֆորնիոյ մէջ՝ Լոս Անճելըս, եւ ապա՝ Ֆրեզնօ։ Մասնագիտութեան կողքին,– հաշուակալ եւ անշարժ գոյքի ասպարէզի մարդ,– որպէս սարկաւագ երկար տարիներ ծառայած է թէ՛ Հալէպի մէջ եւ թէ՛ Վէն Նայսի Սուրբ Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ, Հոգշ. Տէր Վաչէ Արք. Յովսէփեանի առաջնորդութեան տարիներուն։ Նոյնպէս, եղած է գործօն անդամ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակէն ներս։

1974ին, երբ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ կից ծնունդ պիտի առնէր ամենօրեայ վարժարան մը, յետագային փոխանցուելու ՀԲԸՄին եւ կոչուելու համար Մարի Մանուկեան վարժարան, Չոփուրեան իր մասնագիտութեան ծիրէն ներս իր օժանդակութիւնը կը բերէ նորաբաց վարժարանին։

Որպէս դպրոցին պատասխանատուներէն մին (ութ տարիներ մաս կազմելով վարժարանին Հոգաբարձական Կազմին), առիթը ունեցած է շուրջ երեք տարի գործակցելու ՀԲԸՄի նախագահ եւ վարժարանի բարերար Տիար Ալեք Մանուկեանի հետ, հոգալու համար վարժարանին շէնքային կարիքները։ Լեւոն Չոփուրեանի հետ մեր զրոյցին ընթացքին, ան Ալեք Մանուկեանը ներկայացուց «ադամանդէ սրտով մարդը» բառերով։ Մեծերուն համեստութիւնն է, որ Չոփուրեան կը շեշտէր, որուն լաւագոյն օրինակը Ալեք Մանուկեան ազգային բարերարն է անկասկած։

Չոփուրեան քաղցր յիշատակներով պատմեց այդ տարիներուն մասին, ուր բանակցութիւնները հասած էին դրական աւարտի, դպրոցին շնորհելով այն գեղեցիկ տարածքը, որ այսօր կը վայելէ ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը Քանոկա Փարքի մէջ, Լոս Անճելըս։ Արդարեւ, աւելի քան երեսուն տարիներ առաջ, Լեւոն Չոփուրեանին աշխատանքին կը պարտինք համաձայնութիւնը Օտքիրք եղբայրներուն հետ, իրականացնելով գնումը ՀԲԸՄ ՄՏՎ դպրոցաշէնքի տարածքին։ Չոփուրեան ուղղակիօրէն ինքն էր կապը բարերար Ալեք Մանուկեանի հետ, որուն մասին ինչպէս յիշեցինք, ան պահած է բացառիկ տպաւորութիւններ։

Ապա, ութ տարիներ ետք, Ալեք Մանուկեանի փափաքին համաձայն, Լեւոն Չոփուրեան իրագործեց անոր ցանկութիւնը. դպրոցը դարձաւ ոչ միայն ինքնաբաւ, այլեւ 50 հազար տոլարի գումար մըն ալ յաջողեցան փոխանցել ՀԲԸՄի Կեդրոնական Գրասենեակ։

Այս ազնիւ կուսակցական ընկերը, 40 երկար տարիներու սարկաւագը Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ եւ նուիրեալ կամաւորը ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի, այսօր իր ալեւոյթին կը մօտենայ եւ յետդարձ մը կատարելով փառք կու տայ Ամենակալին, որ իրեն պարգեւած կեանքը լիուլի ապրեցաւ, նուիրուելով իր ընտանիքին եւ հայութեան։

Մեր պարտքն է յիշել մեր երէց ընկերները, որոնք հայկականութեամբ ու եռանդով լի երէկուան ղեկավարներն էին, երիտասարդներն էին, պատանիներն էին. անոնք այսօր ուղեցոյց են մեզի համար, փարոս են, որպէսզի մենք իրենց օրինակով շարունակենք այդ սերունդին աշխատանքը մշակութային, քաղաքական թէ հոգեւոր կեանքէ ներս։ Մեզ նախորդող սերունդներէն սորվինք ներել եւ թացը չորէն զանազանել. ու պիտի տեսնենք, որ «…յարդը գնում է, ցորենն է մնում»։

Սիրելի ընկեր Չոփուրեան,

Դուք վաթսուն եւ աւելի տարիներ, Հալէպէն մինչեւ Լոս Անճելըս եւ Ֆրեզնօ,  նուիրուեցաք ՌԱԿին, Հայաստանեայց եկեղեցիին եւ հայ դպրոցին։ Այսօր պահն է շնորհակալութիւն յայտնելու ձեզի եւ մաղթելու առողջ եւ անամպ տարիներ ձեզի եւ ձեր ընտանիքին անդամներուն։ Դուք հաւատացի՛ք եւ ծառայեցիք, եւ այսօր նոր սերունդներն են, որ կը քաղեն ձեր ցանքին պտուղը։ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը արդէն 42րդ կրթական տարին կը թեւակոխէ, շրջանաւարտներու երիտասարդ ու որակաւոր բանակ մը պատրաստած, իսկ Ս. Պետրոս եկեղեցին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը Վեն Նայսի հայաշատ համայնքին համար։

***

Թող Լեւոն Չոփուրեան եւ անոր սերնդակիցները օրինակ ծառայեն ՌԱԿի նորօրեայ անդամութեան, հայկական վարժարաններու հոգաբարձուներուն եւ կրթական պատասխանատուներուն, կամաւորներուն՝ ընդհանրապէս։

Վարձքդ կատա՛ր, հայորդի եւ բարի վերամուտ՝ բոլորին։

 

«Նոր Օր»

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ