Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

«Նուիրում ՌԱԿի ճամբով Յիսնամեայ գործունէութեան արձանագրութիւն» Հեղինակ՝ ՅԱԿՈԲ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ

Այս օրերուն մեծագոյն ուրախութեամբ ստացայ եւ հաճոյքով կարդացի լիբանանահայ ծանօթ հասարակական գործիչ, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութիւններու, Ֆրանսայի, Եւրոպայի եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւններու երբեմնի ատենապետ, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ, ՀԲԸ Միութեան (ի ծնէ անդամ) Եւրոպայի եւ Լիբանանի բազմաբեղուն ղեկավար, Հայաստանի եւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ամբողջանուէր ծառայող եւ Լիբանանի պետական խորհրդարանի առաջին եւ ցարդ միակ, երկու շրջանի ՌԱԿի երեսփոխան՝ Ընկ. Յակոբ Գասարճեանի վերոնշեալ խորագիրը կրող հատորը:

«Նուիրում ՌԱԿի ճամբով» խորագիրը կրող 332 էջնոց հատորը, շատ գեղեցիկ տպագրութեամբ գիրք մըն է, որ լոյս տեսած է Երեւանի «Տիգրան Մեծ» հրատարակչատունէն:

Հատորը հաւաքած եւ խմբագրած է ծանօթ մտաւորական, Պուէնոս Այրէսի «Սարդարապատ» թերթի նախկին խմբագիր, ՀԲԸ Միութեան Հայաստանի գործավար՝ Ընկ. Յովիկ Էօրտեքեան:

Այս հատորը, հեղինակին ըսածին պէս «դասական իմաստով յուշագրութիւն մը չէ, այլ զանազան առիթներու մամուլի մէջ լոյս տեսած գրառումներու, նոթերու, անձնական արխիւիս եւ մամուլի մէջ լոյս տեսած նիւթերու մէկտեղումն է, որոնց ընթերցումը առիթը կու տայ նաեւ վերյիշելու, վերարժեւորելու անցնող տասնամեակներու ապրուած կեանքը եւ մանաւանդ դասեր քաղելու անկէ»:

Յառաջաբանին մէջ դրած այս բացատրութենէն ետք, հեղինակը, մարդկային ազնուագոյն ոգիով եւ քրիստոնէական խոնարհութեամբ եւ համեստութեամբ կ՚աւելցնէ. «Վերելքներով եւ ընկրկումներով հարուստ ժամանակաշրջան մըն էր, որ անկասկած իր հետքը թողուց գործունէութեանս յաջորդող տարիներու վրայ: Իբրեւ ժամանակակիցը ազգային-քաղաքական ու կուսակցական կարեւոր իրադարձութիւններու կ՚անդրադառնամ մեր յաջողութիւններու եւ միեւնոյն ատեն գործած անհատական թէ հաւաքական սխալներուն, վրիպումներուն եւ նոյնիսկ մեղքերուն, թէեւ ջանացած եմ նուազագոյն սխալը գործել, բայց սխալներուս համար ներողութիւն կը խնդրեմ ընտանիքէս, կուսակցութենէս, համախոհներէս թէ հակառակորդներէս: Աշխատողն է որ սխալներ կը գործէ»: Ահա այս ոգիով գրուած է այս հատորը, որուն համար ձեռքի ամուր սեղմումով կը շնորհաւորեմ հեղինակը, երանի տալով, որ մեր ներկայ տարեց կամ երիտասարդ ղեկավարները օրինակ առնեն Ընկ. Յակոբ Գասարճեանէն եւ նման ներողամիտ եւ ջերմ ոգիով վարուին իրենց շարքային ընկերներուն եւ համակիրներուն հետ:

Ընկ. Յակոբ Գասարճեանի այս հատորը ամէն բանէ առաջ ցոյց կու տայ հեղինակին կազմակերպուածութեան շնորհքը: Յիսուն-վաթսուն տարիներու նկարներ, գրութիւններ, դէպքերու յիշողութիւններ այնքան գեղեցիկ ձեւով տուած է, իւրաքանչիւր նկարին մէջ երեւցող անձերուն անունները, առիթները, թուականները գրի առած է եւ զանոնք գիրքին մէջ դրած է:

332 էջնոց հատորին մէջ տրուած են հեղինակին ընտանեկան, մանկութեան, ազգային-հասարակական կեանքի տեղեկութիւններու, ձեռնարկներու, ժողովներու նկարներն ու նկարագրութիւնները: Հոն կը գտնենք Ֆրանսայի, Եւրոպայի, Լիբանանի, Հայաստանի խորհրդարաններէն ներս, Հարաւ. Ամերիկա, ԱՄՆ տուած այցելութիւններէն, ժողովներէն նկարներ եւ բացատրութիւններ: Իսկ գիրքի վերջաւորութեան կը տեսնենք հեղինակին զանազան առիթներու արտասանած խօսքերը եւ ճառերը, որոնք շատ գեղեցիկ ելոյթներ ըլլալով, անոնք առանձին գիրքի մէջ հրատարակուելու արժանի են, մանաւանդ նորահաս սերունդին համար, որոնք ՌԱԿի մասին այնքան շատ շահեկան տեղեկութիւններ պիտի ունենան:

Ընկ. Յակոբ Գասարճեան ծնած եւ հասակ առած է Սեդրակ եւ Վալենթին Գասարճեաններուն բարօր ընտանիքին մէջ: Հայրը առեւտուրի յաջողակ վաճառական մըն է, որուն գործը իր միակ մանչ զաւակը՝ Յակոբ կը շարունակէ: Ողբ. Սեդրակը եւ Վալենթինը, ինչպէս նաեւ երեք զաւակները ի ծնէ Բարեգործականի անդամ եղած են եւ մեծագոյն հաւատքով ծառայած են մեր ժողովուրդին բարեսիրական այս միութեան միջոցաւ:

Ընկ. Յակոբ Գասարճեան այսպիսի ընտանիքի մէջ ծնած եւ հասակ առած է, ճիշդ ասոր համար է, որ հեղինակը փոխանակ իր ամբողջ կեանքը միայն առեւտուրով անցընելու եւ առաւել հարստանալու, ան ժամեր եւ օրեր տրամադրած է իր «փոքր ածու»ին՝ հայ ժողովուրդին ծառայելու համար: Այո՛, ան կրնար դիւրութեամբ մաս կազմել լիբանանեան, ֆրանսական կամ առեւտրական շրջանակներուն եւ հեռու մնալ հայութենէն, բայց ան Աստուածապարգեւ իր ողջ կեանքը նուիրեց հայ ժողովուրդին, նիւթական եւ բարոյական ծառայութիւններ մատուցելով:

Ընկ. Յակոբ Գասարճեան տակաւին իր առոյգ եւ հասուն տարիքի մէջ է: Վստահ ենք, որ ան մեր շրջանակին տակաւին շատ տալիք ունի եւ շատ գեղեցիկ ու պայծառ օրինակ մըն է մեր նորահաս սերունդին համար:

Սրտանց կը շնորհաւորենք Ընկ. Յակոբ Գասարճեանը այս հատորին համար: Մեր սրտագին մաղթանքն է, որ կուսակցական մեր ղեկավարները նման հատորներով կարենան գրի առնել մեր կուսակցութեան եւ ազգային կեանքի պատմութիւնը, տալ նման հարազատութեամբ:

Կենսառողջ երկար տարիներ եւ բեղուն ծառայութիւններ մեր սիրելի ղեկավար ընկերոջ:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ