Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայերէն լեզուի վիճակը Քալիֆորնիոյ մէջ

Կազմակերպութեամբ Իրանահայ, «Մեսրոպեան ուխտ» լեզուապահպանական եւ Քալիֆորնիոյ Հայ-Ամերիկեան մշակութային միութիւններուն, Հինգշաբթի, Օգոստոս 17ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Իրանահայ միութեան կեդրոնի գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ ասուլիս՝ քննարկելու հայերէն լեզուի վիճակը Քալիֆորնիոյ մէջ։

Ասուլիսին հրաւիրուած էին հայկական դպրոցներու տնօրէններ եւ հայերէնի ուսուցիչներ, թերթերու խմբագիրներ, մտաւորականներ եւ հոգեւորականներ։ Ներկաները ընթրիքի սեղաններու շուրջ հետեւեցան գլխաւոր վեց զեկուցաբերներուն ելոյթներուն։

Յանուն կազմակերպիչ մարմիններուն, բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Պրն. Թոմիկ Ալեքսանեան։ Ապա, խօսքը փոխանցեց հայոց լեզուի ներկայով եւ ապագայով մնայունօրէն մտահոգ անձնաւորութեան մը, որ նաեւ ճարտարապետն ու հիւրընկալն էր օրուան ասուլիսին, իր ազնիւ տիկնոջ՝ Լուտովիկային հետ. Տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան ընդհանուր կէտերու մէջ ներկայացուց «Հայերէն լեզուի վիճակը Քալիֆորնիոյ մէջ»։ Յաջորդ զեկուցաբերներն էին՝

– Դոկտ. Արտեմ Սարգսեան. «Արեւմտահայերէնի արդի վիճակը եւ զարգացման հեռանկարները»

– Յովսէփ Նալպանտեան. «Հայկական ամենօրեայ դպրոցներու սակաւութիւնը, արեւմտահայերէնը եւ դասական ուղղագրութիւնը։ Թիւեր, փաստեր»

– Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան. «Ո՞վ պիտի որոշէ լեզուի օրէնքները եւ գործադրէ զանոնք»

– Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան. «Հայ ուսուցիչներու կրթական վերապատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը», եւ՝

– Հրաչ Սեփեթճեան. «Հայերէնի ուսուցումը համացանցի միջոցով» (պաստառի վրայ ներկայացուց ՀԲԸՄի համացանցային համալսարանը՝ avc-agbu.org)։

Աւարտին, խօսք առին նաեւ Աբօ Պողիկեան՝ «Ասպարէզ»ի խմբագիր, Տոքթ. Արշակ Գազանճեան՝ «Մասիս» շաբաթաթերթ եւ յանուն «Նոր Օր»ի՝ Դոկտ. Մինաս Գոճայեան։

Ասուլիսը եզրափակեց Տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան, յուսալով, որ այդ երեկոն կ՚ունենայ իր շարունակութիւնը, որպէսզի հնարաւորինս միատարր արեւմտահայերէն մը ունենանք Քալիֆորնիոյ մէջ՝ դպրոց, մամուլ թէ հեռատեսիլի ալիքներ։

 

Թ.

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ