Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

ԶՐՈՅՑ ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ. ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ ԵՐՈՒԱՆԴ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԻ

Օրերս մէկ շաբաթեայ այցելութեամբ Լոս Անճելըս կը գտնուէր վերջին քառասուն տարիներու մեր լաւագոյն գրաքննադատներէն եւ արուեստաբաններէն Երուանդ Տէր Խաչատրեան Հայրենիքէն։ Այցելութեան հիմնական նպատակն էր ԹՄՄի հովանաւորութեամբ վերջերս լոյս տեսած Փանոս Թէրլէմէզեանի «Կեանքիս յուշերը» հատորի (խմբագրութիւն Ե.Տ.Խաչատրեանի) շնորհանդէսն ու ներկայացումը (Այս մասին տեսնել առանձին թղթակցութիւն մը)։

            Օգտուելով իր բարեբաստիկ ներկայութենէն ԹՄՄի Լոս Անճելըսի եւ Կլենտէյլ-Փասատինայի վարչութիւնները կազմակերպեցին յատուկ հանդիպում մը մեր ծանրախոհ ու բանիմաց գրականագէտին հետ՝ ԹՄՄ «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնին մէջ։ Ներկայ էին գրողներ, հարապարակագիրներ եւ առհասարակ գրասէր հասարակութիւն մը։

            Երուանդ Տէր Խաչատրեան իր ներկայացման համար նկատի առած էր զրուցել վերջին 20-25 տարիներու հայ գրականութեան առաւել աչքառու հեղինակներն ու անոնց ստեղծագործութիւնները։ Թէեւ անցնող շրջանին շուրջ 2000 գիրք է լոյս տեսած, բայց ոչ բոլորն են, որոնք արժանի են ուշադրութեան արժանանալու։ Նոր ժամանակները չեն համեմատուիր 60-70-80ական թուականներուն ստեղծուած ստեղծագործութեանց խորութեան եւ ըսելիքի զանզանութեան հետ. պատճառներէն կարելի թուարկել տնտեսական գործօնը – գիրք գնելը նիւթական զոհողութիւն կը պահանջէ, հովանաւորներ կը պակսին, մտաւորական խաւը կ՚ապրի համեստ ու ոչ-նախանձելի կեանք մը, կը բացակայի իրաւ գրաքննադատութիւնը, որպէսզի ըստ արժանւոյն գրողներու գործերը ներկայացուին ընթերցող հասարակութեան՝ արդար միջնորդի մը նման։ Հակառակ այս բոլորին սակայն գրական գեղեցիկ եւ մնայուն գործեր հրապարակուեցան Աբրահամ Ալիքեանէն, Լեւոն Խեչոյեանէն, Հենրիկ Էդոյեանէն, Վահան Գրիգորեանէն, Յակոբ Մովսէսէն։

            Վիճակը տխուր է Սփիւռքի մէջ, ուր գրական ստեղծագործութեան երակը սկսած է գոցուիլ արտագաղթերու, պատերազմներու, հայ ընթերցողի պակասի հետեւանքով, թէեւ մի քանի դէմքեր, ինչպէս Գրիգոր Պըլըտեան, Սարգիս Վահագն, Վեհանոյշ Թէքեան կը շարունակեն իրենց նոր խօսքը ըսել եւ մնալ պատնէշի վրայ։

            Իրականութեան մէջ տխուր է պատկերը ըստ մեր գնահատանքին։ Կը թուէր թէ անկախութիւնը, ղարաբաղեան յաղթանակը, խօսքի ազատութիւնը նոր խօսք ըսելու պիտի մղէր մեր գրողները, բայց այդպէս չեղաւ։ Այս մասին Հայրենի պետութեան պատկան մարմինները եւ յատկապէս Գրողներու Միութիւնը պէտք է մտածեն ու խոր վերլուծութեան ենթարկեն ստեղծուած կացութիւնը։

            Գրական ասուլիսի վերջաւորութեան գրասէր ներկաները արտայայտեցին իրենց կարծիքներն ու միաժամանակ մտահոգութիւնը։

            Շնորհակալութիւն Երուանդ Տէր Խաչատրեան, որ առիթ տուիր մեզի մտածելու եւ խորհրդածելու հայ գրականութեան մէջ տիրող նահանջին մասին։

 

            Մ.Գ.

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ