Չորք Մարզպանի Հայրենակցական Միութեան տարեկան դաշտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 23 Յուլիսի ամբողջ օրը, Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Woodley Park-ին մէջ։
Ամառուան տօթ եղանակին, բնութիւնը բացառաբար բարենպաստ եւ յարաբերաբար յուլիսեան մեղմ օդ մը պարգեւեց, ամբողջ օրը հաճելի դարձնելով։
Կէսօրուան մօտ, վարչութեան ատենապետը Պրն. Սարգիս Մինասեան կ՚ողջունէր ներկաները, օրուան յայտագիրը ներկայացնելով։
Յետմիջօրէին ժամը 1ին, արդէն հերթի կեցած էին ներկաները ճաշի մատուցման համար։ Ինչպէս միշտ, Raffi Catering կը հրամցնէր պատրաստած համեղ խորովածը իր լրացուցիչներով։
D.J. Mahig կը խանդավառէր մթնոլորտը հայկական եւ եւրոպական եղանակներով։ Օրուան յայտագրին յաջորդաբար մաս կը կազմէին փինիաթայի խաղը՝ փոքրերուն համար, պլոթի ու նարտիի մրցաշարքերը։ Իսկ Տիկ. Լենա Գալայճեանի կողմէ պատրաստուած վիճակահանութիւնը, զոր Տիկ. Լուսինէ Պալեան կը վարէր բարձրախօսէն, կը բախտաւորէր աւելի քան տասնեակ մը անձեր։
Բուռն պայքարէ մը ետք, նարտիի մրցաշարքի ախոյեան կը հանդիսանար Պրն. Սեդրակ Եազըլեան, իսկ պլոթի մէջ յաղթական կը դառնար Յովհաննէս Նորընծայեան – Սարգիս Պզտիկեան զոյգը. օրուան ախոյեանները կ՚արժանանային յատուկ պատրաստուած բաժակներու։
Դաշտահանդէսին մթնոլորտէն խանդավառուած, սրտաբուխ նուիրատուութիւններ կը կատարէին՝
Տէր եւ Տիկ. Արտաւազդ եւ Արուս Գալայճեաններ $1000
Տէր եւ Տիկ. Անդրանիկ եւ Լենա Գալայճեան 500
Տիկ. Շողիկ Գանտրալեան 200
Տէր եւ Տիկ. Ռապըրթ եւ Էլիզապէթ Պալեան 100
Այս առիթով, կը կատարուէր կարեւոր յայտարարութիւն մը. արդարեւ, յառաջիկայ Հոկտեմբեր 8ին, Կիրակի յետմիջօրէի ժամը 4ին, յատուկ հանդիսութեամբ պիտի տօնակատարուի Լոս Անճելըսի Չորք Մարզպանի Հայրենակցական Միութեան Հիմնադրութեան 25ամեակը, Պրպէնքի De Luxe շքեղ ճաշարանին մէջ։
Սրտագին շնորհակալութիւններ բոլոր նուիրատուներուն, ու կամաւոր աշխատողներուն, որոնք իրենց նպաստը բերին հայապահպանման այս նախաձեռնութեան։
ԹՂԹԱԿԻՑ