Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Կլենտէյլ. «Ուրացման ճարտարապետները» ֆիլմին պաստառները պիտի ցուցադրուին

Վերոյիշեալ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող վաւերագրական ժապաւէնին պաստառները, որոնք նախապէս արգիլուած էին ծանուցանել Կլենտէյլի հանրայայտ «Ամերիքանայէն» ներս, բարձրացուցած էին հայ համայնքին դժգոհութիւնը։ Բարեբախտաբար, «Ամերիքանայի» սեփականատէր «Քարուսօ» հաստատութիւնը վերատեսութեան ենթարկելով այդ անհիմն որոշումը, թոյլ տուաւ, որ պաստառները ոչ միայն ցուցադրուին, այլեւ՝ ձրիօրէն։

Հայ համայնքը շնորհակալ է բոլոր անոնց, որոնք իրենց ձայնը բարձրացուցին եւ միացան արդարութեան կոչին, անոնք ըլլան Քալիֆորնիոյ, Լոս Անճելըսի թէ Կլենտէյլի ծերակոյտի թէ քաղաքապետարաններու անդամներ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ