Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Թուրքիա Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ

Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զայպեկչի յայտարարած է, որ Թուրքիա կը ցանկայ համաձայնագիր կնքել Եւրասիական Տնտեսական Միութեան  (ԵԱՏՄ) հետ։ Նոյնիսկ ԵԱՏՄի հետ մաքսային համաձայնագիր կնքելու առաջարկ ունին, սակայն նշած է, որ այդ պէտք չէ հակասէ Եւրոմիութեան  հետ իրենց ունեցած համաձայնագրին։

Այստեղ կու գայ Հայաստանի պարագան։ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ակնարկած է, ըսելով թէ զաւեշտալի է, որ Թուրքիա կը խօսի ԵԱՏՄ մտնելու մասին, երբ միակողմանիօրէն փակած է հայ-թրքական սահմանը, որ միակ ցամաքային սահմանն է Թուրքիոյ եւ ԵԱՏՄ մաքսային  տարածքին միջեւ։

Այստեղ երեւան կրնան գալ հայ-թրքական սահմանի բացումը եւ ղարաբաղեան խնդիրի տարբեր հանգուցալուծումներ։

Ի՞նչ դիրքորոշում կ՚ունենան ԵԱՏՄի միւս անդամները։ Հաւանաբար այո կ՚ըսեն, իսկ Ռուսիա պահանջքներ կրնայ դնել, որ հայկականէն դուրս կրնայ ըլլալ նաեւ։

Այսպիսով, ներկայիս, Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան դիմաց դրուած է «նոր խաղ» մը, որ եթէ մէկ կողմէ վտանգաւոր է, միւս կողմէ ալ՝ դիւանագիտական ու քաղաքական կարեւոր քայլ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ