Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Իմաստասիրական նշմար. «ՊԱՐՏՈՒՑ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ» ԵՒ «ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ»

ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

 

            Բաց հասարակութեան մը մթնոլորտը կը յատկանշուի ազատութեամբ, մինչ փակ հասարակութեանը կը յատկանշուի ենթակայութեամբ։ Իսկ յառաջդիմութեան նախապայմանը՝ յառաջապահութիւնն է, որ կարելի կ՚ըլլայ միայն՝ բաց հասարակութեան ազատական մթնոլորտին մէջ, եւ երբեք՝ փակ հասարակութեան ենթակայութեան մթնոլորտին մէջ։

            Որովհետեւ՝ բաց հասարակութեան մէջ կը տիրէ ազատ երկխօսութիւնը, կարծիքներու ազատ փոխանակումը, վարէն վեր եւ վերէն վար քննադատութիւնը, քննադատութիւնն ու ինքնաքննադատութիւնը, առարկելու, բողոքելու եւ ըմբոստանալու ազատութիւնը, եւ ոչ թէ՝ «գործադրէ եւ ապա առարկէ»ի բռնութիւնը, գիտակից յանձնառութիւնը կոյր պաշտամունքին փոխարէն, հաշուետուութիւնը եւ հաշուառութիւնը, հարցադրող միտքը, նոր ճշմարտութեան որոնումը, թափանցիկութիւնը, փոխադարձ զիջողութիւնը եւ

հանդուրժողութիւնը, իշխանաւորին մերկութիւնը տեսնելու եւ պոռալու կարողութիւնն ու ազատութիւնը։ Բայց այս բոլոր ազատութիւնները՝ հասարակութեան համայնական շահերու պաշտպանութեան ի խնդիր, եւ անոր յառաջդիմութեան նպատակով։ Քանի որ մարդ անհատը հասարակական կենդանի մըն է եւ պատասխանատու՝ անոր առջեւ։

            Բաց հասարակութեան մէջ՝ ոչինչ կը պարտադրուի անհատին, եթէ ունի

հասարակութեան հանդէպ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն, այլ ան՝ իր սեփական ազատ ու բանական մտածողութեամբ, ինքնուրոյն եղանակով կը հասնի եզրակացութեան եւ անձնական համոզումի։

            Փակ հասարակութիւնը, ուր կը տիրէ բռնութիւնն ու ենթակայութիւնը,

յետամնացութեան, տեղքայլի, ճահճացումի, ամլացումի, քնածութեան եւ ի վերջոյ մահաքունի դատապարտուած է, նման ոչխարներու հօտի մը, ուր «հաւաքական»ի անունով հանրութեան, բոլոր անհատներուն կը պարտադրուի փոքրամասնական հարուստ կամ հզօր ընտրանիի մը կամքը, որ չի ներկայացներ մեծամասնութեան անհատներուն կամքը, որուն յանգած պիտի ըլլային անոնք գիտակից յանձնառութեամբ, յետ՝ սրտբաց երկխօսութեան, կարծիքներու ազատ փոխանակութեան եւ առանց ձեռնոցի սպառիչ ու համապարփակ քննարկումի։

Փակ հասարակութիւնը նման է այն մոլեռանդ քրիստոնեայ հաւաքականութեան, որուն մէջ անհատը ի սկզբանէ կը դատապարտուի ազատազրկումի եւ առանց հաւատալու կատարելու բոլոր ծիսակատարութիւններն ու գոց սորված աղօթքները, կարենալ քաւելու համար իրեն վերագրուած բայց իր չգործած «սկզբնական մեղքըե» իր սաղմի կազմութեան վայրկեանին…։ Դրամատիրական հասարակութիւնը եւս՝ իր ամբողջատիրական վարչակարգով, փակ հասարակութիւն մըն է, զոր դիպուկ կերպով նկարագրած է մեծատաղանդ Ֆրանց Քաֆքան՝ իր «Դատաստանը» փիէսին մէջ, ուր դատապարտեալը տեղեակ չէ թէ՝ ինչո՞ւ դատապարտուած է։

            Ամէնէն ազատագրական գաղափարաբանութիւնն անգամ՝ երբ վերածուի ծիսակատարութեան ու պաշտամունքի առարկային ու անառարկելի

հեղինակութեան, կը դադրի ազատագրական, գիտական ըլլալէ, եւ հասարակութիւնը կը վերածէ փակ հասարակութեան։ Բայց հասարակութեան մէջ չի կրնար գոյանալ անառարկելի հեղինակութիւն, իշխանութիւն կամ համակարգ։

Փակ հասարակութեան մէջ՝ իշխանութեանց դէմ ըմբոստացող եւ անոնց դիմակայող անհատները տեղ չունին։ Այդպիսիները լռութեան կը դատապարտուին՝ բանտարկութեամբ, աքսորով կամ արտագաղթով եւ կամ ալ՝ տեռորով… եւ այդպիսիներու կորուստով՝ հասարակութիւնը կը թշուառանայ, կ՚ամլանայ, կը դառնայ յետամնաց եւ կը դատապարտուի քնածութեան, եւ ի վերջոյ՝ մահաքունի։

            Դրամատիրական՝ ամբողջատիրական վարչակարգ ունեցող փակ հասարակութեան մէջ եւս այդպիսիները կը մեկուսացուին։ Ասոնք բնաւ չեն կրնար իշխանութեան հասնիլ՝ քաղքենիական դեմոկրատիայի օրէնքներով կայացող ընտրութիւններու ճամբով։ Որովհետեւ հոս արտօնուած չեն համակարգային ընդդիմութեան ուժերը։ Հոս ընտրութիւնները կ՚արտօնեն միայն՝ ներհամակարգային հերթափոխութիւն, ներհամակարգային իշխանափոխութիւն, ընդհանրապէս՝ նոյն համակարգի երկու գլխաւոր կուսակցութիւններուն միջեւ՝ դեմոկրատական եւ հանրապետական, աշխատաւորական եւ պահպանողական կուսակցութիւններուն միջեւ՝ ԱՄՆի եւ Բրիտանիոյ մէջ օրինակի համար։ Կամ՝ 8 Մարտի եւ 14 Մարտի ճակատներուն միջեւ՝ Լիբանանի մէջ։ Բայց այս կարգի ընտրութիւնները կրնան երեւան հանել համակարգային ընդդիմադիրները, որոնք ընդհանրապէս փոքրամասնութիւն կը կազմեն, եւ տիրող համակարգը կը գիտնայ թէ ասոնք հարկ է մեկուսացնել այլազան աւելի մեղմ միջոցառումներով քան՝ բանտարկութիւնը կամ տեռորը։

            Այսպիսի իրավիճակ կը պարզեն այսօր Հայաստանի եւ Լիբանանի փակ

հասարակութիւնները։ Հոն տիրող համակարգը՝ օլիկարխներու վայրի

դրամատիրական ապազգային համակարգն է։ Այս հակաժողովրդական

բռնատիրական համակարգը կը պահէ ոստիկանական հսկայ բանակ մը ճնշելու համար ըմբոստացող դժգոհ ժողովուրդը։ Հայաստանի պահած ոստիկաններու թիւը աւելի քան եռապատիկն է միջազգային միջինին։ Հարիւր հազար բնակիչի համար անհրաժեշտ ոստիկաններու միջազգային միջինը 300 ոստիկան է… Հայաստանի մէջ՝ 1000 է։ Մինչ Ճափոնի մէջ՝ միայն 197 է, Ռուսաստանի մէջ՝ 285 է, ԱՄՆի մէջ՝ 256 է, Բրիտանիոյ մէջ՝ 307, Պահամաներու մէջ՝ 848 է…։ Ուրեմն, Հայաստանի փակ հասարակութիւնը ունի աշխարհի թիւով մեծագոյն ոստիկանութիւնը (2015 թուին՝ 19,500 ոստիկան)։ Երբ Պերճ Զէյթունցեան կը պահանջէ «բարեկեցիկ, օրինապահ երկիր», բնաւ ըսել չ՚ուզեր «օրինապահութիւն»՝ ոստիկանական բիրտ ուժով…։

            Հոս՝ Լիբանանի բազմահամայնքային վարչակարգը կը բաղկանայ իրարմէ անջատ, իրարու մրցակից, իրարու ստող եւ ի պահանջել հարկին զիրար սպաննող մեծ ու փոքր 18 փակ հասարակութիւններէ։ Հոս չկայ լիբանանցիներու լայիք համայնք։

            Քաղաքացիները զաւակներն են համայնքներուն եւ ոչ թէ Լիբանանի հայրենիքին։

            Լիբանանցիներու առաջին պատկանելիութիւնը եւ հաւատարմութիւնը կ՚երթայ իրենց համայնքներուն, եւ ոչ թէ՝ նոյնիսկ Լիբանանի բանակին, եթէ իրենց համայնքը դէմ է բանակին… եւ կողմնակից՝ ահաբեկիչ վարձկան հրոսակներուն, որոնք գրաւած են Լիբանանի որոշ շրջանները Սուրիոյ սահմանին երկայնքին… միեւնոյն սիւննի համայնքին պատկանած ըլլալուն համար։

            Բաց հասարակութեան մէջ՝ ազատախոհ եւ հայրենասէր անհատներն են, որ կը կազմեն իրենց վարչակարգը։ Փակ հասարակութեան մէջ՝ այսպիսի անհատները տիրապետուած են ապազգային ու ժողովրդատեաց բայց հզօր եւ ունեւոր խմբակի մը պարտադրած վարչակարգէն։

            Բաց հասարակութեան մէջ՝ քննադատելը, առարկելը, բողոքելը, ընդդիմանալը եւ ըմբոստանալը ոչ թէ միայն իրաւունք մըն է, այլեւ՝ պարտականութիւն մը՝ ի շահ հասարակութեան յառաջդիմութեան ու բարօրութեան։ Իսկ փակ հասարակութեան մէջ՝ կը պահանջուի հնազանդութիւն, օրինապահութիւն, հաւատարմութիւն եւ գործադրութիւնը վերէն եկած հրահանգներուն՝ առանց առարկութեան, կամ՝ անտարբերութեամբ ու կրաւորականութեամբ։ Այստեղ անհատները կ՚ըլլան ստախօսներ, կոյր վկաներ, տգէտներ, ապուշներ, կամ՝ ստրկամիտներ։

            Բաց հասարակութեան մէջ՝ անկեղծ եւ ազատ երկխօսութիւնը, կարծիքներու ազատ փոխանակումը, իրար-հասկացողութիւնն ու փոխադարձ զիջումները կը յանգին՝ միահամուռ համախոհութեան, ինչ որ հասարակութիւնը կը զօրացնէ արտաքին սպառնալիքի դէմ։

            Այսպիսի հասարակութիւնը կրնայ դիմագրաւել ամէն մարտահրաւէր, կրնայ ճկիլ՝ առանց կոտրելու կամ պառակտուելու։ Մինչդեռ փակ հասարակութիւնը չ՚ունենար այս ներքին համախոհութիւնն ու միահամուռութիւնը, չի կրնար ճկիլ ու կը պառակտուի արտաքին միջամտութեան հետեւանքով, եւ արտաքին ուժը կը ներթափանցէ եւ կը տիրէ բաժնելով հասարակութիւնը։ Բայց տիրող խմբակը կը զինակցի օտար ուժին հետ՝ պահպանելու համար իր շահերը եւ մնալու համար իշխանութեան գահին վրայ։

            Այս հասարակութիւնը չի կրնար յառաջդիմել, այլ միայն կապկել ուրիշ

հասարակութիւններու արդիականութեան երեւոյթները միայն, առանց

բովանդակութեան…։ Այս տեսանկիւններէն եւս՝ Հայաստան ու Լիբանան յար եւ նման փակ հասարակութիւններ են։

            Մշտապէս վերատեսութեան եւ վերաքննութեան առարկայ դարձող բաց

հասարակութիւնը նաեւ ինքզինք կը վերանորոգէ, քանի որ իր անցեալի

պատմութիւնն անգամ կը վերագնահատէ՝ այսօրուայ լոյսին տակ, եւ՝ վերջնական կարծուած հին պատմական ճշմարտութիւնները եւս ժամանակավրէպ կամ ժամանցուած կը գտնէ, եւ յայտնաբերուած ճշմարտութիւնները այժմէական կը գտնէ նոր ժամանակներու լոյսին տակ, որովհետեւ՝ պատմութեան զարգացումը ունի պարուրաձեւ քաղաքակրթական վերելք մը, անցնելով հանդերձ անցեալին նմանող բայց նոր աւելի բարձր կէտերէ։ Այսպիսով՝ բաց հասարակութիւնը ինք կը կերտէ իր ապագան աւելի մեծ ինքնավստահութեամբ, քանի որ չի հետեւիր ուրիշ

հասարակութիւններու պատմութեան ճշմարտութիւններուն, որովհետեւ՝ պատմական զարգացումը շարունակական շղթայ մըն է փուլերու օղակներով, որոնք անընդմէջ կը յաջորդեն իրարու, որոնց կամայական ընդմիջումը,– որոշ փուլերու վրայէն ոստումով,– կրնայ խախտել զարգացման բնական ու ներդաշնակ ընթացքը։ Եւ արդէն, իրական կեանքին մէջ չկան անշարժ, անփոփոխ ու նուիրագործուած բոլորին համար օգտակար կամ պարտադիր ճշմարտութիւններ։ Ամբողջ տիեզերքը մնայուն շարժումի եւ փոփոխութեան մէջ է, եւ ամէն իրական գոյ՝ գոյ է միայն՝ տարածքի մը եւ ժամանակի մը մէջ։ Բացարձակ ոչինչ կայ, յարաբերականն է տիրական, նաեւ՝ փոխակերպումը փոփոխութեան իբր հետեւանք։ Բնագիտութիւնը կը հաստատէ որ ոչինչէն ոչինչ կը ստեղծուի, բայց գոյ մը կրնայ փոխակերպուիլ ուրիշ գոյի մը։ Նոյնպէս՝ անցեալ չունեցող բան մը՝ ապագայ չի կրնար ունենալ…։

            Բաց հասարակութիւնը կը կերտեն ազատախոհ, քննադատական կեցուածք ունեցող, բողոքող, ըմբոստացող եւ գիտակից յանձնառութիւն ունեցող անհատները՝ եթէ միաւորուին, կազմակերպուին եւ աննկուն, անյողդողդ ու երկար շունչի յեղափոխական պայքար մղեն փակ հասարակութեան բռնատիրութեան տապալումին համար։ Պայմանաւ, որ ազատախոհ անհատները ունեցած ըլլան գիտակից յանձնառութիւն հասարակութեան նկատմամբ, պատասխանատուութիւն զգան հասարակութեան հանդէպ, որպէս անասուն կենդանիներէն զատորոշուող ՄԱՐԴ էակներ։ Քանի որ ազատութիւնը եւս բացարձակ չէ, կամայականութիւն չէ, ինքնանպատակ կամ աննպատակ չէ, սանձարձակութիւն չէ՝ ՄԱՐԴ էակին համար, որ անձնաւորութիւն է, տարբեր՝ անասուն կենդանիներէն…, հօտի մը ոչխարներէն, խոտակերներէն…։

            Իդէապաշտ բացարձակապաշտ իմաստասիրութեան հետեւորդ (Emmanuel Kant-ի հետեւորդ) հայ իմաստասէր, բարոյախօս ու մանկավարժ Ռեթէոս Յ. Պէրպէրեանն անգամ բացարձակ չի նկատեր ազատութիւնը։ Ան կը գրէ. «Պարտքն է բարոյական օրէնքը՝ պարտուց հրամայականը։ Պարտքին հնազանդիլը կը նշանակէ գործել՝ իբրեւ բանաւոր եւ ազատակամ մարդ էակ, իբրեւ անձնաւորութիւն, որուն տարերքն են՝ բանականութիւնը եւ ազատութիւնը, որուն պայմանն է՝ հնազանդիլ ազատօրէն բարոյական օրինաց։ Մարդը անձ մըն է՝ եթէ գործէ հնազանդելով բանակութեան։ Անձը՝ ազատութեամբ հնազանդելով պարտքին, բարոյական գործ մը ըրած կ՚ըլլայ, մարդ եղած կ՚ըլլայ… este homo!»։ Այսինքն՝ մարդ եղէք, ինչ որ կը պահանջէր Պարոյր Սեւակ թախանձելով՝ «Մարդու նկատմամբ՝ մարդ եղէք

մարդիկ…»։

            Ռեթէոս Յ. Պէրպէրեանի մարդ ըլլալու՝ մարդեղութեան այս քաղաքակրթիչ կոչը՝ բարոյականութեան պատգամ մըն է, որ գոյութիւն ունի նաեւ՝ մատերիապաշտ յարաբերականապաշտ իմաստասիրութեան մէջ, նաեւ՝ Նազովրեցի Յիսուսի ուսմունքին մէջ, որ կ՚արժեւորէ մարդոց ըլլալու կարողութիւնը, քան թէ՝ ունենալու։

(Լերան Քարոզին մէջ. «Քանզի ինչ կ՚արժէ մարդ, երբ աշխարհը ունենայ բայց

կորսնցնէ իր անձը…», այսինքն՝ դադրի մարդ ըլլալէ)։

            Ուրեմն, իդէապաշտութեան իմաստասիրութեան բնազանցական (մեթաֆիզիք) մտածելաեղանակին մէջ անգամ՝ ազատութիւնը սանձուած է «պարտուց հրամայական»ով։ Իսկ մատերիապաշտութեան իմաստասիրութեան տրամախոհական (դիալեկտիկ) մտածելաեղանակին մէջ՝ ազատութիւնը սանձուած է «պատմական անհրաժեշտութեան հնազանդութեամբ»…։ Այսինքն, պատմական անհրաժեշտութեան ուղղութենէն դուրս, տարբեր ուղղութիւններով երբ մարդը շարժի, ան շարժած չ՚ըլլար ազատօրէն, ազատախոհ մարդ եղած չ՚ըլլար։ Որովհետեւ մատերիապաշտութեան իմաստասիրութիւնը ոչ միայն տրամախոհական մտածելաեղանակ ունի, այլեւ՝ պատմական տեսլական, եւ ամբողջական անուանումով կը կոչուի՝ պատմական եւ դիալեկտիկական մատերիապաշտութիւն։

            Պատմական տեսլականին համաձայն, մարդկութեան պատմութիւնը կը զարգանայ պարուրաձեւ վերելքով՝ հասարակարգէ հասարակարգ անցում կատարելով, նախնական համայնատիրական հասարակարգէն ստրկատիրական հասարակարգ։ Ապա՝ ասկէ աւատապետական, յետոյ՝ դրամատիրական եւ սոցիալիստական, եւ հուսկ՝ զարգացած համայնատիրական հասարակարգեր։ (Խիստ հետաքրքրական է հանճարեղ գիտնական Ալպէրթ Այնշթայնի հետեւեալ բնութագրումը դրամատիրական հասարակարգին։ Ան գրած է. «Սոցիալիզմի իրական նպատակն է՝ մարդկութեան զարգացման երթին մէջ, գլել-անցնիլ վայրենացման հանգրուանը»…)։

            Հետեւաբար, պատմական եւ դիալեկտիկական մատերիապաշտութեան համար, չի բաւեր որ մարդկութիւնը անցում կատարէ կենդանականէն մարդեղութիւն, այլ անհրաժեշտ է որ ազատախոհ մարդկութիւնը անցում կատարէ նաեւ՝ հասարակարգէ հասարակարգ։ Այս անցումը պատմական անհրաժեշտութիւն մըն է, որուն ուղղութեամբ շարժիլը ազատախոհութիւն է։    Ուրեմն, փակ հասարակութեան մէջ, ազատախոհ յեղափոխական մարդիկն են, որ ըմբոստանալով տիրող հին կարգ ու սարքին դէմ, շարժած կ՚ըլլան ազատօրէն, յօգուտ՝ մարդկութեան յառաջդիմութեան, դէպի՝ քաղաքակրթական աւելի բարձր հասարակարգ։

            Ուրեմն, ազատութիւնը սանձազերծութիւն չէ՝ թէ՛ իդէապաշտ եւ թէ՛ ալ

մատերիապաշտ իմաստասիրութեանց մէջ։ Առաջինին մէջ սանձուած է «պարտուց հրամայական»ով, իսկ երկրորդին՝ «պատմական անհրաժեշտութեան հնազանդութեամբ»։

            Ազատութիւնը միշտ ալ սանձուած է եւ պայմանաւոր, իսկ բացարձակ ազատութիւնը առասպել մըն է, ինչպէս՝ յաւիտենութիւնը։

 

Պէյրութ, 23 Օգոստոս 2017

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ