Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

Արմէն Աշոտեան Քոփէնհակընի մէջ

 

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ, ՀՀ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեան մեկնած է Դանիոյ թագաւորութեան մայրաքաղաք Քոփէնհակըն, ուր Սեպտեմբեր 4-5ին մասնակցած Եւրոպայի Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Քաղաքական համաժողովին։ Օրակարգի վրայ էին եւրոպական, տարածաշրջանային ու միջազգային շարք մը խնդիրներ։

 

Յաջորդ վարչապետը 2018ին պիտի ընտրէ ՀՀԿն

2018ին Հայաստանի վարչապետի թեկնածուն պիտի ընտրուի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ՝ երկրի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ղեկավարութեամբ։ Այս մասին նշած է ՀՀ Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեան։

«Իշխող կուսակցութիւնն է որոշելու, թէ ով է լինելու վարչապետ, իսկ այդ կուսակցութեան ղեկավարն է Սերժ Սարգսեանը։ Այսինքն հէնց նրա ղեկավարութեամբ էլ կ՚որոշուի Հայաստանի յաջորդ վարչապետը», նշած է Աշոտեան։

 

Հայկական պատուիրակութիւնը Սեպտեմբեր 22ին կը մեկնի Պաքու

ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանի գլխաւորութեամբ, հայկական պատուիրակութիւնը պատրաստ է մեկնելու Պաքու եւ մասնակցելու Եւրանեսթի համաժողովին։

«Մենք չունենք բարդոյթներ մեզ սահմանափակելու։ Եթէ որոշուել է միջոցառումը կազմակերպել Պաքւում, ապա մենք ուզում ենք ու կարող ենք գնալ Պաքու», նշած է Աշոտեան։

Համաժողովը նուիրուած է ընկերային, կրթական, մշակութային եւ քաղաքացիական հասարակութեան  հարցերու, կանանց առողջութեան եւ սեռային հաւասարութիւնը խթանելուն։ Հայկական պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ ՀՀ Ազգային Ժողովի  պատգամաւոր Մանէ Թանդիլեանը։

 

Յուլիսին Վրաստան այցելած է 209 հազար հայաստանցի զբօսաշրջիկ

Այս տարուան Յուլիս ամսուն Վրաստան այցելած է աւելի քան 209 հազար հայաստանցի զբօսաշրջիկ, համաձայն վրացական պաշտօնական աղբիւրներու։

Ռուս զբօսաշրջիկներէն ետք հայերն են որ ամենամեծ թիւով կ՚այցելեն Վրաստան, որուն կը յաջորդէ Ատրպէյճան։ Աւելցնենք, որ Վրաստան ունի շուրջ 1500 պանդոկ, որոնց 270ը բացուած է անցեալ տարի։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ