Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Թիլերսըն առաջարկած է լուծարել Մինսքի խումբի համանախագահի պաշտօնը

ԱՄՆի պետական քարտուղար Ռեքս Թիլերսըն նամակ մը ղրկած է սենաթոր Պապ Քորքըրին, խօսելով պետական քարտուղարութենէն ներս առաջարկուող փոփոխութիւններուն մասին։ Թիլերսըն կ՚առաջարկէ կրճատել առնուազն 30 յատուկ բանագնացի պաշտօն, որոնց շարքին Սուրիոյ ճգնաժամով զբաղող պաշտօնեայինը։

Առաջարկուած է լուծարել նաեւ ղարաբաղեան կարգաւորման հարցող զբաղող ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահի  պաշտօնը եւ անոր լիազօրութիւնները փոխանցել պետական քարտուղարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիայի հարցերով գրասենեակին։ Նշուած է, որ պետական քարտուղարի օգնականի տեղակալը ամբողջութեամբ պիտի ստանձնէ համանախագահի գործառոյթները, իսկ աշխատակազմը պիտի պահուի նոյնը։

 

 

Թիլերսըն եւ Լաւրով քննարկած են Հիւս. Քորէայի իրավիճակը

ԱՄՆի պետական քարտուղար Ռեքս Թիլերսըն եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կարծիքներ փոխանակած են Հիւսիսային Քորէայի հրթիռամիջուկային փորձարկումներուն առիթով։

Լաւրով հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին շեշտած է, որ Ռուսիա դէմ է ռազմական լարուածութեան եւ հարցը քաղաքական-դիւանագիտական ճամբով պէտք է լուծուի։

Հիւս. Քորէան դատապարտող ամերիկեան բանաձեւը ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդ տանելու Թիլերսընի առաջարկին պատասխանելով, Լաւրով նշած է, որ Ռուսիա պատրաստ է նման քննարկումի։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ