Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

«Արեգակ» – Փետրուար 1965. Կառուցենք հայ ժողովուրդի համագործակցութեան տաճարը

«Արեգակ»ի նախորդ թիւին մէջ,– Յունուար 1965,– «Եղբայր եմք մեք»  խմբագրականով կոչ ուղղեցինք ի սփիւռս աշխարհի ցրուած հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն։ Մեր կոչին մէջ ընդգծեցինք Համահայկական Կեդրոնական Միութիւն մը ստեղծելու հրամայական պահանջքը։ Ներկայիս, աւելի քան երբեք՝ պէտք ունինք, եւ այսուհետեւ մանաւանդ պէտք պիտի ունենանք հայ ժողովուրդի գոնէ արտասահմանի հատուածին ամբողջութիւնը ներկայացնող, հետեւաբար նաեւ մեր համազգային շահերը պաշտպանելու իրաւասութեամբ օժտուած՝ կշիռ ունեցող կազմակերպութեան մը։

Հայութիւնը համակեդրոնանալու բազմաթիւ պատճառներ ունի ներկայիս, իսկ ջլատուելու ո՛չ մէկ պատճառ՝ ո՛չ մէկ իրաւունք։

«Արեգակ» կը հաւատայ հայ ժողովուրդի համագործակցական ոգիի յաղթանակին։ Այդ հաւատքին ծնունդն է ահա մեր կոչը։

Հայ գաղթաշխարհը Համահայկական Կեդրոնական Միութիւն մը ստեղծելու անհրաժեշտութեան հետ՝ ունի նաեւ զայն իրագործելու բոլոր տուեալները։ Մեր խօսքը կը վերաբերի թէ՛ նիւթական, թէ՛ համագործակցական կարելիութիւններուն։ Այս կապակցութեամբ կ՚արժէ ընդգծել խիստ դրական այն երեւոյթը, որ Եղեռնի յիսնամեակի նախօրեակին ծնունդ առաւ հայ կուսակցութիւններու եւ հայկական բոլոր կազմակերպութեանց կողմէ ցուցաբերուած նոյն երանգաւորումով բնորոշուող կեցուածքէն։ Այդ կը նշանակէ որ համագործակցութեան ընդարձակ դաշտը ակօսուած է արդէն, մեր ժողովուրդի ողջամիտ սերմնացաններուն կը մնայ բացուած ակօսները լեցնել միութեան ու միասնականութեան առողջ սերմերով, որոնք, ինչպէս Աւետարանի առակը կ՚ըսէ՝ աճելով «ընդ միոյ երեսուն, եւ ընդ միոյ վաթսուն, եւ ընդ միոյ հարիւր» հունձք պիտի բերեն։

Պատկերաւոր խօսինք։ Գաղթաշխարհի մէջ ունինք հարիւրաւոր կազմակերպութիւններ։ Իւրաքանչիւր հայկական կազմակերպութիւն երաժշտական գործիք մը նուագող մասնագէտի մը կը նմանի, իսկ մեր մայր առաջադրութիւնը՝ նուագահանդէս մը կազմակերպել է, որուն յաջողութիւնը պայմանաւորող բոլոր ազդակները ունինք, մեզի պակսողը մասնագէտներու հաշուոյն ի գործ դրուելիք ծրագրուած ճիգն է։ Խմբավարի հարց չի ծագիր այս պարագային։ Ուժերու մէկտեղումէն ինքնաբերաբար հմուտ խմբավար մը կը ծնի։

Համահայկական Կեդրոնական Միութիւնը (պայմանական անուն մըն է այս) միայն կրնայ կազմակերպել ու գեղեցկօրէն ներկայացնել աշխարհին՝ ծրագրուած այդ փառաւոր նուագահանդէսը։

Եթէ պիտի չկարենանք մեր ճիգերու հոսանքներուն մէկտեղումով գոյացնել համագործակցութեան լայնահուն գետը, եթէ մեր աշխատանքին հատիկները պիտի չնետենք հայ ժողովուրդի գերագոյն ու նուիրական իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար բացուած ակօսներուն մէջ, աւելի լաւ է որ այժմէն լռենք…։ Որովհետեւ մեր ինքնագլուխ եւ աններդաշնակ գործունէութեան սերմերը չեն կրնար արդիւնք տալ, անոնք ճամբաներու վրայ ինկած հատիկներու պէս՝ կրնան միայն թռչուններուն կեր դառնալ։

Սակայն մենք, ինչպէս դիտել տուինք արդէն, կը հաւատանք հայուն համագործակցական ոգիի յաղթանակին։

Բնական հարցում մը հաւանաբար պատրաստ է շատերու մտքին մէջ՝ առաջադրուած նման կազմակերպութիւն մը գործունէութեան ի՛նչ դաշտ պիտի ունենայ։

Գործունէութեան մանրակրկիտ ծրագիր մը այժմէն հրապարակել ճիշդ պիտի չըլլար, մէկէ աւելի պատճառներով։ Սակայն կարելի է անոր առաջադրութիւնները խտացնել հիմնական երկու կէտերու մէջ։

ա. Նուիրեալ հայ ժողովուրդի հաւաքական շահերու պաշտպանութեան ընդհանրապէս, եւ Հայկական Դատի հետապնդման՝ մասնաւորապէս։

բ. Քաղաքակիրթ աշխարհին ծանօթացնել հայ ժողովուրդը, անոր պատմութիւնը, անոր հին ու նոր արժէքները, մէկ խօսքով՝ հայ մշակոյթը իր բոլոր երեսներով, ծրագրուած ընդարձակ գործունէութեամբ։

Յիշեալ առաջադրութեանց իրականացման համար անհրաժեշտ է՝

ա. Ստեղծել պատկառելի դրամագլուխով կեդրոնական հիմնադրամ մը։

բ. Անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով հիմնել երկու օրաթերթեր, արեւմտեան լաւագռյն թերթերու մակարդակով։

գ. Հաստատել հայկական տեղեկատու գրասենեակներ աշխարհի մայրաքաղաքներէն կարեւորագոյններուն մէջ։

դ. Հիմնել խոշոր տպարան մը, հաստատել մատնենաշար մը եւ քանի մը կարեւոր լեզուներով հրատարակել գրական, պատմական, գեղարուեստական այնպիսի երկեր, որոնք կրնան նպաստել հայ ժողովուրդը ճանչցնելու աշխատանքին։

ե. Հաստատել գրական միջազգային մրցանակ մը, եւ զայն տալ հայկական բովանդակութեամբ եւ օտար լեզուով գրուած գրական լաւագոյն երկի հեղինակին։

Ահա Համահայկական Կեդրոնական Միութեան ընդգրկելիք ընդարձակ գործունէութեան քանի մը առաջադրանքները։ Հաւանաբար անգործադրելի թուի շատերուն նախատեսուած նման ծրագիր մը, մանաւանդ պատկառելի դրամագլուխով հիմնադրամ մը ստեղծելու մեր առաջարկը։

Թող թոյլ տրուի մեզի համաձայն չգտնուիլ այդպիսիներուն հետ։ Եթէ հայկական բոլոր գաղթօճախներուն մէջ կազմակերպչական լուրջ աշխատանք տարուի, նախատեսուած հիմնադրամը կարելի կ՚ըլլայ ստեղծել ամէնէն ուշը երկու տարուան ընթացքին։

Այն զոհողութիւններուն եւ զոհաբերութիւններուն դիմաց, որոնք մեր նախահայրերուն բաժինը եղան՝ մեզմէ պահանջուածը ոչնչութիւն կարելի է համարել։ Ուրեմն չդաւաճանենք մեր պապերու յիշատակին, եւ վերադարձնենք անոնց՝ իրենց զոհողութիւններուն գէթ մէկ առ հազար չնչին տոկոսը, ստեղծելով Համահայկական Կեդրոնական Միութիւն մը, համախմբուելով այդ միութեան շուրջ, եւ անով տէր կանգնելով մեր սրբազան իրաւունքներուն։

 

«Արեգակ», Փետրուար 1965

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ