Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Հատուածներ Հարցազրոյցէ Հրանուշ Յակոբեան. «Սփիւռքը դարձած է յաւերժ ներկայութիւն Հայաստանի մէջ»

– Դեռ 2014ին, 5րդ համաժողովի աւարտին որոշում կայացուեցաւ 2017ի նոյն օրերուն գումարել Հայրենիք-Սփիւռք 6-րդ համաժողովը: Եթէ դիտարկելու ըլլանք զարգացման ընթացքը, կրնամ ըսել, որ 2011ին մօտաւորապէս 500 կառոյցներ եւ ղեկավարներ կը մասնակցէին, 2014ին՝ մօտաւորապէս 800, իսկ այսօր՝ 1300 կառոյցներ արդէն արձանագրուած են: Մենք կը կարծենք, որ համաժողովին, միայն սփիւռքէն, այս տարի պիտի մասնակցին շուրջ 1500 հայրենակիցներ: Այստեղ գլխաւորը այն է, որ ոչ թէ ով կ’ուզէ ան կ’արձանագրուի, այլ՝ մենք կը հրաւիրենք կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու այն ղեկավարները, որոնք տարիներ շարունակ աշխատանք տարած են Սփիւռքի մէջ, կապի մէջ եղած են Սփիւռքի նախարարութեան հետ, գործակցութեան որոշ կառուցակարգեր մշակուած են եւ կը շարունակենք անոնց հետ մեր աշխատանքը:

 

–  Այս համաժողովին կարեւոր առանձնայատկութիւնը այն է, որ կը գումարուի Հայաստանի առաջին հանրապետութեան, մայիսեան հերոսամարտերու 100 եւ Երեւանի հիմնադրման 2800ամեակներու նախաշեմին։ Պատահական չէ, որ համաժողովի օրերուն մենք երկու կլոր սեղան պիտի կազմակերպենք նուիրուած այս երկու յոբելեանները ներկայացնելու Սփիւռքի մեր ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ պիտի խօսինք Համահայկական Խորհուրդ մը ստեղծելու մասին:

 

– Համաժողովը նաեւ հարթակ է, ուր մարդիկ կու գան, կը հանդիպին, կը ծանօթանան, կապեր կը հաստատեն։ Ասիկա ունի քաղաքական մեծ լիցք` հայերը կը համախմբուին, կը հաւաքուին հայրենքի մէջ. ունի բարոյական մեծ արժէք, որովհետեւ ազգի տարբեր հատուածներ` Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք կը համախմբուին եւ իրօք անոր համազգային բնոյթը այստեղ շատ մեծ դերակատարութիւն ունի:

 

– Մեր 6-րդ համաժողովի կարեւոր արժէքներէն մէկը նաեւ այն է, որ դուրս եկած է Սփիւռքի նախարարութեան շրջանակներէն, քանի որ Սփիւռքը դարձած է յաւերժ ներկայութիւն Հայաստանի մէջ։ Սփիւռքի հետ աշխատանքները դարձած են գրեթէ բոլոր գերատեսչութիւններու, կառոյցներու, նախարարութիւններու աշխատանքներուն ուղղութիւններէն մէկը: Մեր բոլոր ծրագիրները Հայաստանի մէջ սկսող, նախագծուող կամ իրականացուող, անպայման սփիւռքեան տարր ունին այնտեղ:

 

– Համաժողովի գլխաւոր ուղղութիւնները չորսն են. առաջին գլխաւոր ուղղութիւնը նուիրուած է հայրենիքի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հարցերուն եւ այս ուղղութեան ղեկավարն է պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը, երկրորդ գլխաւոր ուղղութիւնը արտաքին քաղաքական օրակարգն է, ո՞ւր կ՚երթայ  Հայաստանը, ինչպիսի՞ արտաքին  քաղակականութիւն կը վարէ, որո՞նք են մեր գլխաւոր կրողները եւ այս գլխաւոր ուղղութեան պատասխանատուն արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանն է: Մենք շատ կը խօսինք երկիրներու տնտեսական զարգացման մասին, տնտեսական քաղաքականութեան մասին, տնտեսական բարեփոխումներու մասին, բաց մաքսային համակարգի մասին այստեղ փաստօրէն ողջ պատասխանատուութիւնը դրուած է փոխվարչապետ, միջազգային տնտեսական ընդելուզման եւ բարեփոխումներու  նախարար Վաչէ Գաբրիէլեանի վրայ: Ինչ կը վերաբերի հայապահպանութեան խնդիրներուն, որ հայոց պետութեան եւ Սփիւռքի գերակայ խնդիրներէն է, որ կ’ընդգրկէ դպրոցն ու լեզուն, մշակոյթը եւ մշակութային ժառանգութիւնը, երիտասարդական թեման, ակնյայտօրէն արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած հայերուն վիճակը, այսինքն հայ մնալու, հայ պահելու, համայնքները զօրացնելու, համայնքները ամրացնելու, համայնքին մէջ ինքզինք հայ զգալու խնդիրները՝ ընդհանուր հայապահպանական թեման է, որ իր վրայ առած է Սփիւռքի նախարարութիւնը:

 

– Հիմա աշխարհի որ տեղն ալ ապրին մեր հայրենակիցները, բոլորիս պարտքն է պահպանել այս հողը եւ պահել հայութիւնը: Ուրեմն, մենք ամէն առումներով պէտք է մտածենք հայ մնալու, հայ ապրելու, հպարտ հայ ըլլալու, հզօր Հայաստան ունենալու, պաշտպանուած անվտանգ Արցախ ունենալու մասին եւ աշխարհի տարածքին հայու անունը, հայու պատիւը, հայու դիմագիծը բարձր պահենք:

 

Զրուցեց՝ ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Գլխաւոր խմբագիր «Զարթօնք» օրաթերթի, Պէյրութ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ