Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեկնաբանութիւն Եւ յաղթականը Սուրիոյ մէջ… Իրանն է

ՃՈՆԱԹԱՆ ՍՓԱՅԸՐ

 

Դիւանագիտական եռուզեռ մը ծայր տուած է սուրիական եւ իրաքեան բեմահարթակներուն վրայ։ Նախաձեռնութիւնները կը կատարուին տարբեր եւ երեւութապէս անկապ ճակատներու վրայ։ Սակայն երբ որ ընթացող երեւոյթները համատեղուին, որոշ պատկերացում մը կը պարզուի։ Այլ խօսքով, մենք կը տեսնենք երկու խմբաւորումներ։ Ա. խումբը միացեալ ուժերով կը պայքարի իր էական շահերուն համար, միւսը, տակաւին ներկայիս, գործօն չէ։

Վարչապետ Նեթանիահու Օգոստոս 23ին Սոչի մեկնեցաւ, Սուրիոյ հարցին կապակցութեամբ խորհրդակցելու համար ռուսական իշխանութեանց հետ։ Հրէաստան մասնաւորապէս մտահոգ է իրանեան աճող ներկայութեամբ այդ երկրին մէջ։ Իսրայէլ կը նկատէ, թէ Ուաշինկթընի ու Մոսկուայի միջեւ համաձայնութիւնը Սուրիոյ հարաւ-արեւմտեան շրջանին մէջ՝ զինուորական գործողութեանց աստիճանական դադրեցումին համար, անբաւարար էր արգելք հանդիսանալու, որ Թեհրան եւ անոր դաշնակից միլիցիաները կայք հաստատեն իսրայէլեան Կոլանի սահմաններու երկայնքին։ Հոս աւելցնենք, թէ Նեթանիահուի այցելութիւնը Փութինի, հետեւանք էր այն ձախողութեան, զոր իսրայէլեան պատուիրակութիւն մը ունեցած էր Ուաշինկթըն Տի.Սի.ի մէջ, Ամերիկայէն յանձնառութիւն մը ունենալու համար, Սուրիոյ հետ իսրայէլեան սահմանագծի ապահովութեան հարցով։

Մինչ այդ, զինուորական գործողութիւնները կը շարունակուին ԻՍԻՍի դէմ այլ ճակատներու վրայ։ Արդէն յարձակողականը սկսած էր Մուսուլ քաղաքի հարաւային կողմէն, Թէլ-Աֆար քաղաքի ուղղութեամբ։ Այս յարձակումին կը մասնակցէին Հաշտ-ըլ-Շաապի ժողովրդական միաւորները (Popular Mobilization Units)։ PMU-ն համախմբումն է շիի զինեալներու, որոնք 2014ի ամրան զօրաշարժի ենթարկուած էին կռուելու համար ԻՍԻՍի դէմ։ Ասոնցմէ յիշատակելի են «Պետ»ի կազմակերպութիւնը, Քթաէպ Հըզպալլան եւ Ասաիպ Էհլ-էլ-Հաքը։

 

***

Ներկայիս կը փորձուի Իրաքի քիւրտերը համոզել, որ Սեպտեմբեր 25ի համար որոշուած անկախութեան հանրաքուէէն հրաժարին։ Պարսկաստան կատաղի կերպով դէմ է որեւէ քրտական շարժումի դէպի անկախութիւն։ Անիկա կը ձգտի տիրող դիրք մը ապահովել Իրաքի քաղաքականութեան մէջ, հովանաւորելով շիի միլիցիան, ու խորհրդարանի մեծամասնական «Տաւա» կուսակցութիւնը։ Անիկա պիտի չուզէր որ Իրաքի կարեւոր մէկ մասը անջատուէր ներկայ երկրամասէն։

Նոյնպէս յստակացած է, թէ քիւրտերու եւրոպացի եւ ամերիկացի դաշնակիցները եւս դէմ են քրտական անկախութեան որեւէ առաջարկի։ Գերմանիոյ թէ Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարները յայտնած են իրենց ընդդիմութիւնը թէ՛ հանրաքուէէն, եւ թէ քրտական անջատման իրաքեան դաշտագետինէն։

Անցեալ շաբաթ մօտեցում մը հաստատուեցաւ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ։ Այս վերջնոյն սպայակոյտի պետը, Զօր. Մոհամմէտ Հիւսէյն Պաղերին, Օգոստոս 15ին հանդիպում մը ունեցաւ (երկրին իսլամական յեղափոխութենէն (1979) իվեր, առաջին անգամ ըլլալով) Ռեճէփ Թ. Էրտողանի հետ։ Այս վերջինը հաղորդեց փոխադարձ համաձայնութիւնը զինուորական միացեալ գործողութեան, PKK-ի եւ անոր իրանեան քոյր կազմակերպութեան PJAK-ին դէմ։

Այս ընթացքին, ուշագրաւ նոր զարգացում մը տեղի ունեցաւ. Եգիպտոսի նոր դերը սուրիական երկարաձգուող պատերազմին մէջ։ Անիկա կարեւոր միջնորդի դեր ունեցաւ արեւելեան Ղութայի եւ Հոմսի մէջ, հաւանութեամբ Ռուսաստանի ու Սէուտական Արաբիոյ։

Այս վերջին օրերուն, հետաքրքրական էր նաեւ հանրածանօթ շիի ղեկավար Մուքթատա Էլ-Սատրի անակնկալ այցելութիւնը Ռիատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արքայազուն Մոհամմէտ Պըն Սալմանի հետ։

Փորձելով վերլուծել վերոնշեալ բոլոր դէպքերը, անոնք կը յանգին մէկ կարեւոր եզրակացութեան. բեմավարը Իրանն է։ Ասիկա թիկունք կը կանգնի շիի միլիսներու,  իբրեւ քաղաքական ու զինուորական ուժեր, դէմ է քրտական անկախութեան տենչանքներուն, կը նպատակադրէ ամէն գնով զինեալ ուժեր տեղադրել իսրայէլեան սահմաններու երկայնքին,– յատկապէս Կոլանի մէջ,– ու վերջապէս կը փորձէ Թուրքիան հեռացնել Արեւմուտքէն։ Մէկ խօսքով, Պարսկաստան կը վարէ ու կը հետապնդէ հաստատակամ եւ համապարփակ քաղաքականութիւն մը։ Այս ռազմավարութիւնը կ՚անտեսէ որեւէ խտրութիւն Իրաքի, Սուրիոյ ու Լիբանանի նկատմամբ, այս երկիրները նկատելով նոյն, միակ կրկէսի մը միաւորներ։ Դաշնակիցներ ու սեփական բոլոր միջոցները կ՚օգտագործուին, զարգացնելու համար իրանեան քաղաքական ու զինուորական զօրութիւնը այս աշխարհամասէն ներս։

Ռուսերը սահմանափակ նպատակներ կը հետապնդեն Սուրիոյ մէջ, իսկ նուազ հետաքրքրութիւն ունին Իրաքի մէջ։

Այս բոլորին մէջ Ռուսաստան ռազմագիտական դաշնակից մը չի նկատուիր։ Անիկա աւելի համեստ նպատակներ ունի Սուրիոյ մէջ, ու նուազ հետաքրքրութիւն՝ Իրաքի մէջ։ Մոսկուա կողմնակից է Սուրիոյ մէջ Եգիպտոսի զարգացող դերին, որուն դէմ է Իրան։ Քրեմլին նոյնպէս անտարբեր չէ իսրայէլեան ու սէուտական մտահոգութիւններուն հանդէպ։

Կը թուի թէ Մ. Նահանգները նոյնպէս չեն փափաքիր առաջնակարգ դեր մը խաղալ։ Ուաշինկթըն, կարծէք, որոշ ռազմավարութիւն մը չէ որդեգրած, սահմանափակելու համար պարսկական գործունէութիւնը Սուրիոյ մէջ։

Ամերիկայի ներքին պրկումներն ու տուայտանքները հաւանականօրէն կ՚արգելակեն, որպէսզի անիկա իր ճիգերը կեդրոնացնէ արեւելեան Սուրիոյ վրայ։

Մնացեալ դերակատարներէն, մէկ խմբաւորումին մաս կը կազմեն Իրանը, Ասատի իշխանութիւնը, շիի միլիցիաները եւ իրաքեան կառավարութենէն կարեւոր մաս մը։ Կը թուի թէ Թուրքիա կը հակի այս խմբաւորումին կողմը, սակայն երկրին սիւննի մեծամասնութիւնը երբեք մաս պիտի չկազմէր վերոյիշեալ խմբաւորումին։

Ռազմավարական վերոյիշեալ պատկերէն, թերեւս ամէնէն ակներեւ յայտնաբերութիւնը սիւննի իսլամիսթ զօրաւոր խմբաւորումի մը բացակայութիւնն է, մանաւանդ որ Քաթար պաշարուած է, Թուրքիա կը մօտենայ Իրանի, եւ Համաս կը փորձէ իր յարաբերութիւնները վերակառուցել Իրանի հետ։

Սալաֆիսթ ճիհատիսթները գրգռիչ ահաբեկութեան մակարդակի իջած են, երբեմն՝ մահացու, բայց հեռու զօրութեան դիրքի հասնելէ։ Իսլամական Պետութիւնը (ԻՍԻՍ) կործանելու վրայ է։ Ալ-Քաիտայի ղեկավարութեան կորիզը իշխող է միայն Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ։

Ասիկա անկանոն կացութիւն մըն է։ Ներկայ ժամանակներուն, փողոցը կը տիրապետէ արաբական սիւննի քաղաքականութեան վրայ։ Թէեւ վերադարձով յարաբերաբար կայուն սիւննի միապետութեանց (autocracies) Գահիրէի, Ռիատի, Ապու Տապիի եւ Ամմանի մէջ, ու խաւարումով սիւննի ըմբոստութեան Սուրիոյ մէջ, գոնէ առայժմ սիւննի քաղաքական իսլամութիւնը որոշ ձայն չունի Միջին Արեւելքի ուժի քաղաքականութեան տնօրինման մէջ։

Արաբական սիւննի զանգուածին կը պակսի կազմակերպչական ու գաղափարախօսական հասարակաց կապը Իրանեան Խմբաւորումին։ Եթէ միաւորուի, կ՚ունենայ թուային առաւելութիւն, կը ստանայ աւելի զօրութիւն, բայց անոր կը պակսի հասարակաց կազմակերպական կարողութիւնը եւ իտէալները, ինչ որ ունին Իրանի Յեղափոխական Պահակները։

Իսրայէլ, Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս, Իրաքեան Քիւրտիստանը, Հիւսիսային Սուրիոյ Քիւրտերը, սուրիացի ըմբոստները, այս բոլոր խմբաւորումները իրենց հասկցած ձեւով կը դիմադրեն իրանեան արշաւին Միջին Արեւելքի մէջ։ Թէեւ յիշեալ խմբաւորումներուն մէջ կան տարբերութիւններ, երբեմն՝ խուլ մրցակցութեամբ, շատ բան կախում պիտի ունենայ հաղորդակցութենէն ու գործակցութենէն իրարու միջեւ։

Շիի-սիւննի պայքարը, վերեւ մատնանշուած խմբաւորումներուն միջեւ, ռազմագիտական հիմնական հակամարտութիւն է ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ։

 

Ազատ Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Ճերուզալէմ Փոսթ», 26 Օգոստոս 2017

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ