Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Արժանի գնահատանք ՀԲԸՄի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանին

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային Յանձնաժողովը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր այս տարուան Կալային պատուելու Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը, երկար տարիներու անոր նուիրումին որպէս գնահատանք։ Հանդիսութիւն-ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2017ին, Եունիվըրսըլ Սթիւտիոյի  «Տը Կլոպ» սրահին մէջ, Հոլիվուտ։

Ներկայ էին շուրջ 500 միութենականներ եւ հիւրեր, գլխաւորութեամբ ՀԲԸՄի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի փոխատենապետ Տէր եւ Տիկ. Սինան Սինանեաններու, Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Գերշ.  Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Լորի Մունչէրեանի, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանական Ատրին Նազարեանի, Լոս Անճելըսի Քաղաքային խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի, Կլենտէյլի գանձապահ Րաֆֆի Մանուկեանի։ Ներկայ էին Արեւմտեան Ամերիկայի տարբեր քաղաքներէ ժամանած ՀԲԸՄի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, ՀԲԸՄի վեթերաններ ու երիտասարդներու բազմութիւն մը։

Հանդիսավարն էր Պրն. Տէյվիտ Օճաքեան, որ լաւագոյնս կատարեց իրեն վստահուած պարտականութիւնը։ Իրենց պատշաճ խօսքերը փոխանցեցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Պրն. Սինան Սինանեանը, ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետուհի՝ Տիկ. Թալին Եագուպեանը եւ փոխատենապետ՝ Պրն. Յակոբ Սեփեթճեանը։ Օրուան մեծարեալին մասին եղան սրտաբուխ արտայայտութիւններ թէ՛ տեսերիզով եւ թէ՛ բեմէն, ինչպէս Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Խնամակալութեան ատենապետ Դոկտ. Լէրի Փիցի կողմէ։

Այս առիթով հրատարակուած էր նաեւ յայտագիր-գրքոյկ մը, ուր զետեղուած էին ողջոյնի գիրերը ՀԲԸՄի նախագահ Տիար Պերճ Սեդրակեանի, Առաջնորդ՝ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի, Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետուհի Տիկ. Թալին Եագուպեանի եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Պենէթ Թրփանճեանի։

Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան երգչուհի Արենի Աղպապեան եւ թաւ-ջութակահար Արտիոմ Մանուկեան։ Երեկոյի աւարտին, երիտասարդութիւնը ոտքի պահեցին Տի Ճէյ Սեւակը եւ Սուփըր Սագոն։

***

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք կազմակերպիչ յանձնախումբը, գլխաւորութեամբ Տիկ. Պենէթ Թրփանճեանի, որոնք նոր շունչ ու երանգ տուած էին Կալային, փորձելով գոհ պահել տարբեր սերունդի ու խառնուածքի միութենականները։

Մեր շնորհաւորութիւնները Դոկտ. Երուանդ Զօրեանին, որ ՀԲԸՄի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի պատասխանատուութեան կողքին, ատենապետն է ՀԲԸՄի Քալիֆորնիոյ Սիլիքըն Հովիտի մասնաճիւղին եւ հիմնադիրն ու տնօրէնն է Միութեան հովանաւորութիւնը վայելող Armenian Virtual College-ին։

Դոկտ. Երուանդ Զօրեան նաեւ միջազգային համբաւ վայելող գիտնական մըն է ելեկտրոնային ճարտարագիտութեան մարզէն ներս։ Գլխաւոր ճարտարապետն է «Սինոփսիս» ընկերութեան, որ ունի աւելի քան 11 հազար պաշտօնէութիւն։

Ամուսնացած է մանկաբոյժ Ռիթա Շատարեւեանի հետ եւ ունին երկու զաւակներ՝ Աբիկ եւ Ալին։

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ