Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ԳԵՐՄԱՆԻԱ. Երկրին առաջնորդ Անկելա Մերքել պատասխանած է պաշտօնական Թուրքիոյ այն յայտարարութեան, որ կը զգուշացնէր Գերմանիա մեկնող ու հոն ապրող թուրքերը։ «Կ՚ուզեմ ըսել, թէ Թուրքիոյ ցանկացած քաղաքացի կրնայ այցելել մեր երկիրը։ Մեր երկրին մէջ լրագրողներ չենք ձերբակալեր, կը գործեն միտքի ազատութիւն եւ օրինական պետութեան սկզբունքներ եւ մենք հպարտ ենք որ այդպէս է», ըսած է ան։

ՂԱԶԱԽՍՏԱՆ. Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան հանդիպած է Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւի հետ, խօսելով երկկողմ յարաբերութիւններու եւ Սեպտեմբեր 14ին Ասթանայի մէջ կայանալիք սուրիական հակամարտութեան գծով բանակցութիւններու նոր փուլին մասին։ Աւելցնենք, որ նախապէս ծրագրուած էր Էրտողանի այցը Ատրպէյճան, որ յետաձգուած է։

ԱՄՆ. Յառաջիկայ տարուան համար ԱՄՆի Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնախումբը որոշած է աւելցնել Հայաստանին տրուող օժանդակութիւնը, հասցնելով այդ 20.7 միլիոն տոլարի։ Ի դէպ, այս գումարը աւելի քան կրկինն է նախագահ Թրամփի առաջարկած գումարէն։

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ. Նախագահ Ալիեւ ներում շնորհած է ռուս-հրեայ լրագրող Ալեքսանդր Լափշինին։ Հնարաւոր է, որ զինք արտաքսեն Իսրայէլ, նշած է անոր փաստաբանը։ Յիշեցնենք, որ Լափշին ձերբակալուած էր Արցախ այցելած ըլլալու մեղադրանքով։

ՊՐԱԶԻԼ. Երկրին հիւսիս-արեւմուտքին մէջ ոսկի որոնողներ սպաննած են Ամազոնի անտառներուն մէջ մեկուսացած ցեղերէն մէկուն  շուրջ 20 ներկայացուցիչներ։ Երկու ապօրինի ոսկի որոնողներ ձերբակալուած են, որոնք հարբած վիճակի մէջ խոստովանած են, որ «կամ պէտք է սպաննէին, կամ՝ սպաննուէին»։ Ներկայիս առնուազն 14 մեկուսացած բնիկ ժողովուրդներ կ՚ապրին այդ կողմերը։

Պատժամիջոցնե՞ր Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ

Պաքուի «Ատրպէյճան» կոչուող պետական պաշտօնաթերթը հրապարակած է յօդուած մը, ուր բացայայտօրէն սպառնալիքներ կան Արեւմուտքի հասցէին, Ալիեւին դէմ տեղի ունեցող արշաւին պատճառով։

Յօդուածին մէջ ցոյց կը տրուի, թէ նախագահներ Ալիեւ եւ Թրամփ լաւ յարաբերութիւններ ունին։ Գրութիւնը կը փորձէ համոզել, որ Ալիեւին դէմ արշաւը Օպամայի օրերէն կու գայ։

Սեպտեմբեր 8ին ԱՄՆի Քոնկրէսին մէջ առաջարկուած է պատժամիջոցներ մտցնել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ։  Հնարաւոր է, որ սառեցուին Ալիեւի հաշիւները եւ կալանք դրուի անոր ունեցուածքին վրայ։ Հայրենի «Լրագիր»ը կը գրէ, որ ամէնէն ծիծաղելին այն է, որ Ատրպէյճան կը սպառնայ ձերբակալել աւելի մեծ թիւով ընդդիմադիրներ եւ արեւմտամէտ գործիչներ։

 

ԵԱՀԿի նախագահը Պաքուի մէջ կը խօսի խաղաղ կարգաւորման մասին

ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Քրիսթին Մութոնէնը Պաքուի մէջ կարեւորած է Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած գործընթացը յառաջ մղելու անհրաժեշտութիւնը։

Ան հանդիպած է Ատրպէյճանի նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին հետ, շեշտելով, թէ խաղաղ կարգաւորումէն տարբեր ուրիշ միջոց չկայ լուծելու խնդիրը։

Տիկին Մութոնենը կարեւորած է նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կապի աշխուժացումը։ Ան իր աջակցութիւնը յայտնած է Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափին։

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ