Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2024

Շաբաթաթերթ

«Զարթօնք» ութսուն տարեկան

Մանկութեանս յիշողութիւններուն որքան ալ փորձեն խանգարել 1970ականներու ռմբակոծումներն ու անոնց հետեւանքը հանդիսացող ապակիներու շխրտոցներն ու աւելի ահաւոր շէնքերու քանդումին յառաջացուցած անագորոյն ժխորը, «Զարթօնք»ը կա՛յ ու կը մնայ յիշողութիւններուս կարեւոր մէկ երեսը։

Դպրոցական տարիքի, աւելի ճիշդ՝ նախակրթարանի աշակերտ էի, երբ երիտասարդ տղայ մը ամէն առտու կանուխ «Զարթօնք» կը ցրէր բաժանորդներուն բնակարանները։ Դպրոցին փոխադրակառքէն առաջ կը հասնէր ան, «Զարթօնք»ը կը զետեղէր մեր նամակատուփին մէջ եւ կը շարունակէր իր «առաքելութիւնը»։

Մեր տան մէջ ամէն մարդ թերթ կը կարդար։ Իսկ մեծ հայրս, թերթը ձեռքէն վար չէր դներ, մինչեւ որ անոր մեծածաւալ չորս էջերն ալ չկարդար։ Պէտք էր սպասէի, որպէսզի յետոյ խլէի ձեռքէն, կարդալու համար «Զարթօնք-Սփոր»ը։

Եւ ես «Զարթօնք»ով ու «Զարթօնք-Սփոր»ով կապուեցայ հայերէնին ու սիրեցի մեր լեզուն։ «Զարթօնք»ով ոչ միայն աւելի կը հայանայի, այլեւ՝ հայրենասիրութիւնը մէջս կրակ կ՚առնէր Երեւանի «Արարատ» ֆութպոլի խումբին յաղթանակներով։

Պատանեկութեան տարիներէս սկսայ աշխատակցիլ «Զարթօնք»ին, տալով մարզական նիւթեր։ Յետոյ՝ արդէն Երեւանէն, կ՚ուղարկէի գրութիւններ Արցախեան շարժումի օրերէն… Ի՜նչ անեղծ հայրենասիրութեան ոգի մը կը թեւածէր այդ օրերուն Օփերայի հրապարակէն ներս թէ դուրս։

Անցան տարիներ եւ «Զարթօնք»ը ա՛լ աւելի դարձաւ իմս։ Որպէս օգնական խմբագիր, ամէն օր զաւակի մը ծնունդին բերկրանքը կ՚ապրէի, սեղանիս վրայ տեսնելով նախորդ օրուան մեր աշխատանքին պտուղը։

Հիմա, երբ Լոս Անճելըս նստած կը միանամ 80ամեայ «Զարթօնք»ին տարեդարձին՝ մայր հողի վրայ, շնորհակալութիւն կ՚ուզեմ յայտնել այն բոլոր գաղափարապաշտ կամաւորներուն, որոնք երեսունական թուականներէն մինչեւ այսօր կը շարունակեն ոտքի պահել հայ թերթ մը, սփիւռքահայութեան ծառայող թերթ մը, որ եղաւ դպրոց եւ դարբնոց, փարոս եւ մոմ, որ տուաւ եւ կը շարունակէ տալ շողեր իր լոյսէն, որուն դիմաց ան քիչ առ քիչ կը փոքրանայ, կը հալի։ Կը հալի, բայց չի հատնիր, որովհետեւ «Զարթօնք»ը եւ անոր դրօշակակիրները կը հաւատա՛ն Հայաստանին ու Արցախին, Սուրբ Էջմիածնին ու Արարատին, Երեւանին ու Վանին։

Սիրելի «Զարթօնք», այսօր «Նոր Օր»ի գրիչով, որպէս երէց եղբայր կը միանանք 80ամեակիդ, մաղթելով, որ լիբանանահայութիւնը շարունակէ պահել իր պողպատեայ ոգին, որուն մէկ յենարանն ես նաեւ դուն։ Շնորհաւորութիւններ հեռաւոր Միացեալ Նահանգներու գրչեղբայրներէդ, ընթերցողներէդ եւ  բարեկամներէդ՝ մաղթելով քեզի յարատեւ վերելք։

 

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ