Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանի ծնողազուրկ հաշմանդամ եւ կարիքաւոր երեխաներուն օգնութեան հիմնադրամի տարեկան 18րդ թելեթոնը

«Տէր Աստուած փառքը քեզ,

Քո լոյսով ուժ տուր մեզ,

Օգնիր որ զօրանանք,

Հզօր Հայաստան դառնանք»:

 

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

 

Հինգշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2017ին մեր հայրենիքի վերանկախացման տարեդարձին առիթով, աշխարհատարած ողջ հայութիւնը, արդար հպարտութեամբ պիտի նշէ մեր հայրենիքի քսանվեցամեայ անկախութիւնն ու նուաճումները եւ, ի հարկէ, պիտի մաղթէ, որ շուտափոյթ լուծում գտնեն անոր դժուարութիւնները, տեղքայլերը եւ ընկրկումները:

ԱՄՆի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ, տօնական եւ միասնականութեան ամէնէն գեղեցիկ օրինակը տալով, այդ օր, 21 Սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք  ժամը 4էն մինչեւ կէս գիշեր ժամը 12ը AABC-TV-էն եւ ARTN TV 388էն տեղի պիտի ունենայ  մեր քաղաքին մէջ հայրենակերտման, ազգակերտման եւ մարդակերտման ամէնէն գեղեցիկ, սուրբ եւ պատուական գործին, հայրենի ծնողազուրկ, հաշմանդամ եւ կարիքաւոը երեխաներուն օգնութեան ի նպաստ, ճոխ եւ խիստ հետաքրքրական 18րդ տարեկան թելեթոնը:

Այս տարի եւս, ինչպէս անցեալ տարի, ֆոնտիս նախագահ՝ Յովհաննէս Բալայեանի միջոցաւ մեծաշուք բացումը կատարուեցաւ Գիւմրիի 2րդ մանկա-դպրոցական «Լապտերիկ», 34 հազար քառ. ոտք տարածք ունեցող, բոլորովին անգործածելի շէնքին։ Իսկ այսօր, «Լապտերիկ»ը դարձած է 300է աւելի Գիւմրիի մանուկներու համար պալատանման մասնաշէնք, եւ ինչո՞ւ չէ, սեփականութիւն…

Ֆոնտի գործադիր մարմինը մեծ ուրախութեամբ հպարտ է յայտնելու, որ մեր ազնիւ, բարի խղճի տէր հայրենակիցներու օգնութեամբ եւ միջոցաւ, միայն Գիւմրիի մէջ տասը ամսուայ՝ 2016-2017-ի ընթացքին հիմնովին վերափոխուեցան, աւերուած  եւ անգործածելի վիճակի մէջ գտնուող երկու մանկատուներ (56 հազար քառ. ոտք տարածքով): Միայն այդ երկու կառոյցներու մէջ այսօր ապահով, հանգիստ պայմաններու մէջ կ՚ապրին կամ կը յաճախեն 600ի շուրջ մանուկ երեխաներ եւ պատանիներ:

Իսկ տարիներու ընթացքին հիմնադրամին կողմէ վերանորոգուած 9 մանկատուն-դպրոցներէն կ՚օգտուին 1900է աւելի մեր հայրենի սիրելի երեխաները: Աստուա՜ծ իրենց պահապան…

Տեղին է յիշեցնել, որ 1999 թուականէն, հիմնադրման օրէն, ամէն տարի Ս. Ծննդեան տօներու առիթով, Կաղանդ Պապան՝ Ձմեռ Պապիկն ու Ձիւնանուշը կ՚այցելեն, նուէրներ կը բաժնեն եւ հանդիսութիւններ կը կազմակերպուին Երեւանի Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ, որմէ յետոյ պատանի արուեստագէտներու խումբը կ՚այցելէ 30-40 քաղաքներ, ի մասնաւորի գիւղեր, մինչեւ յատկապէս սահմանային շրջաններ համերգներով եւ նուէրներով կ՚ուրախացնեն հազարաւոր մեր փոքրիկ սիրասուն երեխաները, զանոնք կայտառ պահելով եւ ինչո՞ւ չէ, անոնց պատգամելով, որ մենք զիրենք երբեք չենք մոռնար…

Ֆոնտի միջոցաւ տարիներու ընթացքին 1800է աւելի մեծածաւալ տուփերով ուտելիքներ եւ հագուստեղէն առաքուած է Հայաստանի կարգ մը մանկատուներու:

Արդարեւ, որքան տարիները թաւալին, այնքան կը պայծառանայ եւ կը տեսնուի, այս հիմնադրամի Աստուածահաճոյ աշխատանքին գեղեցիկ արդիւնքը: 18 տարիներու ընթացքին հայրենաբնակ բազմահազար մանուկներ օգտուած են այս հիմնադրամի ծառայութիւններէն, կառուցած եւ նորոգած շէնքերէն, եւ այսօր անոնցմէ շատերը արդէն մեր հայրենիքի պահպանման եւ  հզօրացման աննկուն երիտասարդներն են:

***

18 տարի առաջ Կլենտէյլ ապրող խումբ մը հայեր, գլխաւորութեամբ գաղութիս ծանօթ հրապարակագիր, ազգային-հասարակական՝ «Քաջ Նազար» հեռատեսիլի, նոյն անունով լոյս տեսնող ամսաթերթի հիմնադիր, վարիչ եւ խմբագիր՝ Յովհաննէս Բալայեանի հիմը դրին այս հայրենանուէր գործին:

Սկիզբը այս հիմնադրամը տօնական նուէրներ կը հասցնէր հայրենիքի ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ պզտիկներուն, ապա լծուեցան աւելի անհրաժեշտ գործի մը, որն է՝ նորոգել Հայաստանի մանկատուները, անոնց դպրոցները եւ նորոգել կեդրոններ հիմնադրամի կարողութիւններուն համաձայն:

Իսկ այս տարուայ թելեթոնի գումարով պիտի նորոգուի Սպիտակ քաղաքի Թիւ 1 մանկապարտէզ-նախակրթարանը, ինչպէս նաեւ այդ քաղաքի մշակոյթի կեդրոնը, եւ Սպիտակի միակ մարզահամալիրի պասքէթպոլի հսկայական փակ սրահը:

Այս կրթական եւ սպորտի հաստատութիւններէն պիտի օգտուին մօտ 1500 պատանիներ եւ փոքրիկներ: Քաղաքի մշակութային կեդրոնը պիտի ծառայէ քաղաքի մշակութային կեանքի աշխուժացման եւ զարգացման:

Նախորդ տարիներուն նման, այս տարի ալ, այս դրամահաւաքին պիտի մասնակցին քաղաքի, գաւառի եւ նահանգային պետական անձնաւորութիւններ, գաղութիս հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարներ, քաղաքի աննման արուեստագէտները իրենց արուեստով եւ կոչերով պիտի խրախուսեն ժողովուրդը որ իրենց մեծ կամ պզտիկ նուիրատուութիւններով սատարեն 18րդ թելեթոնի յաջողութեան:

Այո, սիրելի հայրենակիցներ, բոլորս ալ ժամադրուած ենք Սեպտեմբեր 21ին, երեկոյեան ժամը 4-12 հետեւելու քաղաքի AABC թիւ 384 եւ ARTN TV 388 կայաններէն սփռուած յայտագրին եւ մեր մասնակցութիւնը բերելու այս սրբազան գործին:

Այսօրուան ծնողազուրկ եւ անտէր փոքրիկներուն տէր ըլլալով, անոնք կրնան մեր հայրենիքի լուսաշող աստղերը դառնալ եւ մեր ժողովուրդի փրկութեան լաստերը ըլլալ: Բնաւ չթերագնահատենք կամ անտարբեր գտնուինք այս խաւին նկատմամբ, եւ բոլորս միասիրտ եւ միասնական գեղեցիկ օրինակը տանք մեր առատաձեռն մասնակցութիւնը բերելով այս թելեթոնին:

Հայաստանի Ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ երեխաներու օգնութեան հիմնադրամի անդամները, գլխաւորութեամբ՝ յաւերժ երիտասարդ Յովհաննէս Բալայեանին 18 տարիէ ի վեր կը տանին այս գործը, արժանանալով հայրենի ծնողազուրկ փոքրիկներուն օրհնութեան եւ գնահատանքին: Եկէք մենք ալ, մեր նպաստով այս մանուկներուն դէմքին վրայ ժպիտ մը դնենք եւ անոնց կեանքի մէկ հանգրուանին օգտակար հանդիսանանք:         

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ