Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ԻՐԱՆ. Իրանի ռազմատիեզերական ուժերու հրամանատար Ամիր Ալի Հաճիզատէն յայտարարած է, թէ Իրան տասը թոն կշռող սեփական արտադրութեան ռումբ ունի։ ԱՄՆ ունի բոլոր ռումբերուն մայրը, իսկ Իրան ունի «ռումբերուն հայրը», ըսած է ան։ Նշենք, թէ ամերիկեան «մայր ռումբը» գործածուեցաւ 2017ի Ապրիլին Աֆղանիստանի մէջ։ Ռումբին երկարութիւնն էր շուրջ 27 ոտք, իսկ ծանրութիւնը՝ 10 թոն։

ԱՆԳԼԻԱ. Մեծն Բրիտանիոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է երկու հոգի, որոնք կը կասկածուին Սեպտեմբեր 15ին, Լոնտոնի մեթրոյի կայարաններէն մէկուն վակոնին մէջ տեղադրուած ռումբին յանցանքով, պատճառ դառնալով երկտասնեակ մը վիրաւորներու։ «Իսլամական պետութիւն»ը ստանձնած է պատասխանատուութիւնը։

ԹՈՒՐՔԻԱ. Վրաստանի սահմանին վրայ Թուրքիոյ մէջ դատապարտուած Ռուսիոյ քաղաքացի մը փորձած է անօրինական ձեւով տեղափոխուիլ Վրաստան։ Ան պահուըտած է ճամպրուկի մը մէջ եւ ապա ձերբակալուած։

ՔԻՒՐՏԻՍՏԱՆ. Սպիտակ տունը Իրաքեան Քիւրտիստանին կոչ ըրած է չեղեալ յայտարարել անկախութեան հանրաքուէն, որ նշանակուած է Սեպտեմբեր 25ին։ Վիճելի տարածքներու մէջ նման հանրաքուէի կայացումը կրնայ աւելի ապակայունացնել շրջանը, կ՚ըսուի ամերիկեան կոչին մէջ։

ԳԵՐՄԱՆԻԱ. Պերլին մտադիր է ա՛լ աւելի սահմանափակել տնտեսական գործակցութիւնը Անքարայի հետ, Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած իր հայրենակիցները ազատագրելու համար։ Գերմանիոյ աւելի քան 50 քաղաքացիներ այսօր տակաւին կը մնան թրքական բանտերու մէջ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ