Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿի 72րդ ընդհանուր ժողովին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը մեկնած էր Նիւ Եորք, մասնակցելու ՄԱԿի 72րդ ընդհանուր ժողովին։ Ան Երեքշաբթի օր ուղերձով դիմեց մոլորակի ղեկավարներուն։ Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան նոյնպէս մեկնած էր Նիւ Եորք։

– Սեպտեմբեր 19ին՝ հանդիպում ՄԱԿի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի նախագահ Փիթըր Մաուրերի հետ։ Սարգսեան մեծապէս կարեւորեր է Արցախի մէջ Կարմիր խաչի ներկայութիւնը եւ գործունէութիւնը։

– Նոյն օրը, նոյն վայրին մէջ, հանդիպում Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտայի հետ։ Երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25ամեակն է այս տարի, ինչպէս նաեւ 650րդ տարեդարձը Լեհաստանի մէջ  հայ համայնքի կազմաւորման։

Նախագահ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է նաեւ ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշի հետ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ