Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Խմբագրական. Խոհեր ՌԱԿի կազմութեան 96րդ տարեդարձին առիթով

Սփիւռքահայ մեր կառոյցներուն մէջ իրենց անփոխարինելի տեղը ունին ազգային երեք կուսակցութիւնները։ Անցնող հարիւր եւ աւելի տարիներուն ընթացքին, անոնք հօր ու մօր նման խնամեցին յետեղեռնեան որբացած սերունդները, տուին այն՝ ինչը չէր կրնար տալ այդ օրերուն մայր Հայաստանը։ Ինչպէս եկեղեցին եւ եկեղեցականութիւնը ունէին եւ ունին իրենց պարտականութիւնը, մշակութային միաւորները՝ իրենցը, մարզական-երիտասարդականը՝ իրը, դպրոցն ու սփիւռքահայ մամուլը՝ իրենց դերը, երեք կուսակցութիւններուն վերապահուած էր Սփիւռքի կազմակերպումը։

ՌԱԿը՝ ՍԴՀԿի եւ ՀՅԴի կողքին հաւասարակշռութիւն մը պահեց մէկ դար շարունակ հայ համայնքներուն մէջ։ Տարբերութիւններով հանդերձ, անոնք զիրար լրացուցին, նմանութիւններուն շնորհիւ, երբ որ հարկն էր քով-քովի եկան, իսկ երբ աշխարհը կիսուեցաւ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ, տեղի ունեցաւ անկանխատեսելին։

Այսօր, խուսափիլ 1950ականներու մասին խօսելէ, չի նշանակեր, որ մոռցած ենք ցաւը։ Դժբախտաբար, այնքան խորունկ է այդ ցաւը, որ այսօր տակաւին կը կոտտացնէ մեր սիրտերը եւ կը մղկտանք։

Այո, տարիներու սահանքին հետ վերագտանք ու վերահաւաքեցինք մեր ուժերը յանուն գերագոյնին՝ հայրենիքին։ Վրայ հասան 1988 թուականը, Արցախեան ազատագրական շարժումը, Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ անկախութիւնները։

Վե՞րջ։ Սփիւռքի մէջ իրենց Գործը կատարա՞ծ եղան քաղաքական երեք կազմակերպութիւնները։ Ո՛Չ, մեծատառ ոչ, որովհետեւ մանուկ Հայաստանն էր որ կարիքը ունէր Սփիւռքին, կուսակցութիւններուն եւ անոնց քաղաքական փորձառութեան։

Անցնող քառորդ դարուն, Հայաստանի մէջ ծնունդ առին բազմաթիւ կուսակցութիւններ եւ անոնցմէ քանի՞ն դիմացան արդեօք։ Հազիւ թէ մէկ ձեռքի մատներուն վրայ համրուին անոնք։ Երկրորդ կարեւոր կէտ մը. այդ կուսակցութիւնները ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան կամ ունին ներկայիս իշխող Հանրապետականէն բացի։ Գրեթէ ամայութիւն կը տիրէ։ Ինչ-ինչ անուններ եկան ու տակաւին պիտի գան անյայտանալու ենթակայ։

Սփիւռքի մէջ նոյնպէս տեղքայլային իրավիճակ է։ Հայաստանի քառորդ դարեայ անկախութիւնը, քաղաքական դաշտի ձեւաւորումը կը պարտադրէ սփիւռքին, որպէսզի քաղաքականացնէ իր աշխատանքը յանուն հայրենիքին հզօրութեան։ Կուսակցութիւնները միջոց են եւ պիտի մնան միջո՛ց, որպէսզի հասնինք մեր նպատակին։ Իսկ նպատակը Հայաստանն է, անոր աւելի՛ ժողովրդավարացումով, աւելի՛ արդարացումով, աւելի՛ թափանցիկութեամբ, աւելի՛ քիչ մսխումներով, աւելի նուա՛զ թերացումներով։

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը հաւատա՛յ ընկերային արդարութեան, կը հաւատա՛յ ազատ տնտեսութեան, կը հաւատա՛յ իրաւ ժողովրդավարութեան, եւ թիկունք կը կանգնի Հայաստանի պետականութեան, տալով անոր իր միսն ու արիւնը, յանուն բարգաւաճ Հայաստանի, անկախ Արցախի եւ կայուն ապագայի։

Այսօր, ՌԱԿի 96րդ տարեդարձին առիթով, ՌԱԿը եւ անոր համակիր զանգուածները, բարեկամ քոյր կազմակերպութիւնները եւ շարքային ընկերները կը վերանորոգեն իրենց ուխտը, հաւատարիմ զաւակները մնալու Սուրբ Էջմիածնին եւ Արարատին, հաւատարիմ զինուորները մնալու Հայաստան աշխարհին եւ Արցախին։

Ապրի՛ ՌԱԿը եւ հազա՜ր յարգանք անոր հիմնադիրներուն, յատենի ղեկավարներուն ու ընկերներուն բարի յիշատակին։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ