Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Մահախօսական՝ Արա Քէշիշեան. Համեստ, բայց գործօն Արան՝ միութենական իր ծառայութիւններով

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

 

Արա Քէշիշեան կը նկատուէր այն ազնիւ ու վեհանձն հայը, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին մնաց հաւատարիմ իր ազգային կեանքի սկզբունքներուն, անսակարկօրէն ծառայելով իր ժողովուրդի կարիքներուն:

Իր գործունէութեանց դաշտը հանդիսացան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Պէյրութի մասնաճիւղը եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը (Զարեհ Նուպար եւ Ալեք Մանուկեան կեդրոններ), ուր ան ծաւալեց եռուն եւ արդիւնաւէտ միութենական աշխատանք, երիտասարդական աւիւնով մնալով աշխոյժ եւ ներգործօն:

Համեստ էր, նուիրեալ եւ անձնազոհ, որովհետեւ ազգային հայրենասիրական պարտականութիւն կը համարէր իր գործօն մասնակցութիւնը բերել այն մարզերէն ներս, որոնք իրեն համար սիրելի եւ նախընտրելի էին, յատկապէս ՀԲԸՄի եւ ՀԵԸի ճամբով գոհացում տալու իր հետաքրքրութիւններուն ու նախասիրութիւններուն:

Զարեհ Նուպարը կը նկատէր իր երկրորդ տունը, հարազատ օճախը, որ 50-60ական թուականներուն կը նկատուէր «մեղուափեթակ», ուր սկաուտութիւնն ու գեղարուեստականութիւնը, ընկերային ու մշակութային եռքը զայն վերածած էին իւրայատուկ դպրոցի մը, ազգասիրական ոգիով ու հայրենասիրական շունչով կոփելով սերունդներ:

Ահաւասիկ այդ վարակիչ մթնոլորտին մէջ կ՚ապրէր ու կը գործէր, կը ներշնչէր Արան, միշտ իրեն յատուկ կենսունակութեամբ ու ջանասիրութեամբ:

Աւելի ուշ, Ալեք Մանուկեան կեդրոնը դարձաւ իրեն համար պաշտելի տուն մը, ստանձնելով միութենական բազմաթիւ պատասխանատուութիւններ, մասնակցելով նոր սերունդի ակումբային կեանքի ու գործունէութեան ընտելացման:

Այդ տարիներուն, իրեն նման խումբ մը միութենականներու նշանակումով, կազմուեցաւ ՀԵԸի ղեկավարութիւնը` Կեդրոնական Վարչութիւն, որ երիտասարդական այդ կառոյցին տուաւ նոր լիցք ու սլացք, մեկնելով այն դաստիարակութենէն ու փորձառութենէն, որոնք ստացած էին մերթ Զարեհ Նուպարէն, մերթ ՀԲԸ Միութեան մարմիններէն, դառնալով նոր կազմաւորուող ու սնուող սերունդին համար օրինակելիութեան եւ տիպարութեան նմոյշներ:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, ինչպէս ամէնուրեք, մայրաքաղաքի արեւմտեան շրջանին մէջ, ուր կը գտնուէր Ալեք Մանուկեան կեդրոնը, եւս եղաւ աղիտաբեր, ապահովական, սննդական, յարաբերական, ֆիզիքական առումներով ու պահանջներով, որոնց դիմագրաւումին համար, ՀԲԸՄի եւ ՀԵԸի տեղւոյն պատասխանատուները «հսկայական գործ» կատարեցին, իրենց կեանքի գնով պաշտպանելու ու պատսպարելու շրջանի հայութիւնը, նաեւ անոր մատակարարելով պարենային մթերքներ:

Ատոնց մէջ, Արան եւս ունեցաւ նշանակելի դեր ու մասնակցութիւն, յանձնառու ու գիտակից պատասխանատուութեամբ, անհատապէս ու հաւաքապէս զօրավիգ կանգնելով կարօտեալներուն ու կարիքաւորներուն:

Այս առնչութեամբ կարելի է յիշել վաստակաւոր միութենականներ` Մայք Մարտիրեանը, Մայք Օգնայեանը, Յարութ Մակարեանը, Պարոյր Աղպաշեանը, Ռուբէն Պետիկեանը, Մարգար Տիրատուրեանը, որոնք ոգի ի բռին պատնէշի վրայ մնացին, հոյլ մը երիտասարդներու կողքին, ինչպէս` Աշոտ Մարգարեանը, Գայմագամեան եղբայրքը (Թադէոս, Ներսէս, Ճոնի), Խաչատուրեան եղբայրքը (Արա, Շահէ), Տիգրան Ճեպեճեանը, Արա Դաւիթեանը, Մարտիկ Միհրանեանը, Ներսէս Գաֆաֆեանը, Երուանդ Փարթամեանը, Գէորգեան եղբայրքը (Համբիկ, Գէորգ) եւ ուրիշներ:

Այս եւ նման հարցերու կամ անհատներու շարքը կարելի է երկարել եւ ժամանակն է որ այդ ժամանակաշրջանի պատմագրութիւնը արձանագրուի, որպէսզի ժամանակը արժեւորուի եւ անհատները յիշատագրուին, որոնց մէջ Արա Քէշիշեանի բերած համեստ, գնահատելի նպաստը:

Արա Քէշիշեանը լսող ու կիրարկող էր, որուն համար ան յաճախ ՌԱԿի ղեկավար ու «Զարթօնք»ի խմբագրապետ Գերսամ Ահարոնեանին կ՚այցելէր եւ առողջ խորհուրդներուն ու խրատներուն կը հետեւէր, միշտ յանուն հայութեան անվտանգութեան եւ անհպելիութեան:

Մտաւորական չէր, բայց, մտաւորականներու ու գաղափարակիցներու մօտիկ բարեկամ էր, հաւատացող անոնց առաքելութեան ու հեղինակութեան (Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեան, Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան, Կարպիս Լ. Նազարեան, Վահէ Պահատրեան, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան, Յովհաննէս Աղպաշեան եւայլք), որոնց նկատմամբ ունէր խոր հաւատք ու վստահութիւն:

Հայրենասիրութեան ու միութենասիրութեան այս խոնարհ զինուորագրեալը, որ նաեւ հայ մշակոյթի ու մամուլի ջատագով մըն էր, յատկապէս «Զարթօնք»ի, լոկ ընթերցող մը չէր, այլեւ` խմբագիրին եւ խմբագրութեան հետ սերտ շփումի մէջ գտնուող մը, հետամուտ ըլլալով աւելիով լուսաբանուելու ու զարգանալու, իւրաքանչիւր հրատապ հարցի մը պարագային:

Արան մասնագիտութեամբ լուսանկարիչ էր, բայց արուեստագէտ ու մասնագէտ հմտութեամբ, որուն համար հանրածանօթ դարձած էր հայ եւ օտար շրջանակներու մէջ, յաւերժացնելով շատ շատեր:

Արան սուսիկ-փուսիկ մեկնեցաւ այս աշխարհէն, բայց իր ընտանիքին ու զինք ճանչցողներուն համար ձգելով քաղցրիկ յուշեր եւ յիշատակներ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ