Առիթը ունեցանք ներկայ գտնուելու եւ մասնակցելու Համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ 18-20 Սեպտեմբերին, Կարէն Դեմիրջեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ՝ ի ներկայութեան 1600 մասնակիցներու աշխարհի բոլոր անկիւններէն։
Մամուլը, զանգուածային հաղորդակցութեան համացանցային թէ հեռատեսիլային միջոցները լայնօրէն անդրադարձան սոյն Համագումարին։ Եղան դրուատանքներ, բարեմիտ քննադատութիւններ եւ թելադրութիւններ։ Ի հարկէ կարեւոր եւ պատմական երեքօրեայ համագումար մըն էր տեղի ունեցածը։ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի քաղաքական, կուսակցական, ազգային-մշակութային թէ հոգեւոր բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ ու ներկայացուցիչներ ներկայացուցին իրենց ակնկալութիւններն ու թելադրութիւնները։
Ըսել թէ ամէն ինչ կատարեալ էր ու անթերի՝ պիտի ըլլար խիստ չափազանցութիւն մը, ըսել նաեւ թէ ձախողութիւններն ու թերութիւնները կը գերիշխէին՝ բոլորովին պիտի չհամապատասխանէր իրականութեան։ Կարեւորն այն էր, որ այս անգամ աւելի բազմազան ու բազմասեռ էին ելոյթները եւ օգտակար ըլլալու յանձնառութիւնները աւելի շեշտուած էին։
«Նոր Օր» շաբաթաթերթը իր յառաջիկայ թիւերուն մէջ լայնօրէն պիտի անդրադառնայ Համագումարի հետ առնչուող նիւթերուն եւ ելոյթներուն (տալով իր մեկնաբանութիւնները անոնց շուրջ)։ Պիտի հրապարակուին նաեւ կարգ մը շահեկան ելոյթներ, ինչպէս ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանի շահեկան վերլուծումն ու ելոյթը ներկայացուած սոյն համագումարին, պիտի անդրադառնանք Թուրքիոյ հայ քաջարի երեսփոխան Կարօ Փայլանի վերլուծութեան ու առաջարկներուն, «Զարթօնք» օրաթերթի 80ամեակին նուիրուած հանդիսութեան, որ, ի դէպ, անցաւ բարձր մակարդակով, որպէսզի մեր ընթերցողները հնարաւորին չափ տեղեկանան անցնող շաբթուայ երեւանեան անցուդարձերուն եւ ձեռնարկներուն։
ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Լոս Անճելըս, մասնակից