Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Չինաստան ընդդէմ Ամերիկայի Մենք թիւ մէկն ենք

ԿՐԵՀԷՄ ԷԼԻՍԸՆ

 

Մշակութային տարբերութիւնները Մ. Նահանգներու ու Չինաստանի միջեւ հասարակաց այլ նեղացուցիչ յատկանիշ մը կը կրեն՝ ծայրայեղ գերազանցութեան բարդոյթ մը։ Սինկափուրի նախկին վարչապետ Լի Քուան Եուի համաձայն, անկարելի պիտի ըլլայ ուղղել մշակութային գերազանցութեան ամերիկեան այս զգացումը։

Չինական գերազանցապաշտութիւնը ամերիկեանէն աւելի ծայրայեղ է։ 2001ին լոյս ընծայուած հատորին մէջ («Nation out of Empires») պատմաբան Հենրի Կելպէր կ՚ըսէ. «Չինացի դիւանակալ գիտնականը չէր մտածեր «Չինաստանի»ի մը կամ «Չինական քաղաքակրթութեան» մը մասին, այլ գոյութիւն ունէր Han ժողովուրդը, իսկ անկէ անդին՝ միայն բարբարոսութիւն։ Ինչ որ քաղաքակրթուած չէր, բարբարոսային էր»։ Չինաստանի նախագահ Սի Ցինփին, 2012ին յայտարարած է. «Քաղաքակրթութեան զարգացման աւելի քան վերջին 5000 տարիներու ընթացքին, չին ազգը անջնջելի ներդրում մը կատարած է, ինչ որ եզակի է աշխարհի պատմութեան մէջ»։

Ամերիկացիները նոյնպէս, իրենք զիրենք կը նկատեն քաղաքակրթութեան յառաջապահը, յատկապէս քաղաքական զարգացման ուղղութեամբ։ «Անկախութեան Յայտարարութեան մէջ, ի մէջ այլոց կ՚ըսուի. «Բոլոր մարդիկ հաւասար են։ Արարիչը անոնց պարգեւած է կարգ մը անկորնչելի իրաւունքներ՝ կեանք, ազատութիւն եւ երջանկութեան հետապնդումը»։ Ասոնք առարկելի չեն, այլ՝ ինքնայայտ։ Ամերիկացի պատմաբան Richard Hofstadter գրած է. «Մեր ճակատագիրը իբրեւ ազգ գաղափարախօսութիւններ ունենալ չէր, այլ՝ մէկ ըլլալ»։ Չինացիներուն համար, սակայն, կարգ-կանոնը կեդրոնական, քաղաքական արժէք ունէր, բան մը որ նուիրապետութենէն կու գար։ Անձնական ազատութիւնը, ինչպէս ամերիկացին կը դաւանի, կը խանգարէ նուիրապետութիւնը, ինչ որ կ՚առաջնորդէ քաոսի։

 

Ըրէ՛ ինչպէս որ կ՚ըսեմ… եւ ինչպէս որ կ՚ընե՞մ

Վերեւ նշուած փիլիսոփայական տարբերութիւնները արտայայտութիւն կը գտնեն իւրաքանչիւր երկրի պետական մտածողութեան մէջ։ Թէեւ խորապէս մտածկոտ իշխանութեան հանդէպ, Մ. Նահանգներու հիմնադիր դէմքերը վերահասու էին, որ մարդկային ընկերութիւնը պէտք ունէր կառավարութեան։ Այլապէս, ո՞վ պիտի պաշտպանէր քաղաքացիները օտար սպառնալիքիներէ, կամ երկրէն ներս՝ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ոճրագործներու դէմ։ Բայց այս անգամ ալ, պիտի գտնուէին երկսայրի դժուարութեան առջեւ, երբ զօրաւոր կառավարութիւն մը կրնար որդեգրել տիրակալական իշխանավարութիւն մը։ Խուսափելու համար նման հաւանականութենէն, ստեղծուեցաւ երեք, անջատ կարգութիւններ (institutions) – գործադիր, օրէնսդիր ու դատական։ Այս կանխամտածումը ստեղծեց մնայուն պայքար մը վերոնշեալ երեք մարմիններուն միջեւ, առաջնորդելով ուշացումի, լճացումի, փակուղիի։ Միաժամանակ, սակայն, հակակշռեց զեղծումները։

Չինական ըմբռնումը, կառավարութեան եւ անոր դերին մասին հասարակարգէն ներս, տարբեր չէր կրնար ըլլալ։ «Երկրին պատմութիւնը ու մշակութային արձանագրութիւնները ցոյց կու տան, որ երբ կեդրոնը  զօրաւոր է, երկիրը խաղաղ ու բարգաւաճ եղած է։ Երբ կեդրոնը տկար է, նահանգները եւ անոնց գաւառները կառավարուած են զինուորական պետերով։ Այնպէս որ կեդրոնական զօրաւոր կառավարութիւն մը, որուն ամերիկացիները կը դիմադրեն, չինացիներուն համար գլխաւոր գործակալն է, որ կը հաստատէ կարգ ու կանոնը, ու կ՚ունենայ հանրօգուտ գործունէութիւն երկրէն ներս թէ դուրս։

Ամերիկացիներուն համար, ժողովրդավարութիւնը միակ ձեւն է կառավարութեան, որ իր օրինաւորութիւնը կը ստանայ կառավարուողներէն։ Ասիկա տիրող տեսակէտ մը չէ Չինաստանի մէջ. հոս հասարակաց կարծիքը ա՛յն է, որ իշխանութիւնը կ՚արդարացնէ իր օրինականութիւնը յաջող կատարումով։

Ուաշինկթըն ու Պէյժինկ յատկանշականօրէն տարբեր մօտեցումներ ունին, քաղաքական հիմնական արժէքներ (values) տարածելու համար ի սփիւռս աշխարհի։ Ամերիկացիները կը հաւատան, թէ մարդկային իրաւունքներն ու ժողովրդավարութիւնը միջազգային ըղձանքներ (aspirations) են. կը բաւէ նկատի ունենալ Ամերիկայի օրինակը, զոր իրականացնելու է ամէն տեղ։ Վերջին տասնամեակներուն, Ուաշինկթըն վարած է արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ կը հետապնդէ ժողովրդավարութիւնը տարածելու, երբեմն փորձելով զայն պարտադրել անոնց, որոնք ձախողած են ընդգրկելու զայն։

Չինացիները կը հաւատան, որ ուրիշներ կրնան հետեւիլ իրենց օրինակին, հիանալով իրենց առաքինութիւններուն (virtues) վրայ, բայց չեն փորձած հաւատափոխ ընել զանոնք։ Հենրի Քիսինճըր մատնանշած է, թէ «Կայսերական Չինաստան չէ արտածած իր գաղափարները, այլ ձգտած է որ ուրիշներ փնտռեն զայն»։ Ու պէտք չէ զարմանալ, երբ չինացի ղեկավարները խորապէս կասկածոտ են ամերիկեան ճիգերուն հանդէպ՝ զիրենք կրօնափոխ ընելու, որպէսզի ընդունին իրենց դաւանանքը։ 1980ական թուականներու վերջերը, Տենկ Սիաոփինկ, երբ ձեռնարկեց Չինաստանի տնտեսական ազատագրութեան, գանգատեցաւ ամերիկեան աստիճանաւորի մը, թէ արեւմտեան տարաձայնութիւնը «մարդկային իրաւունքներու, ազատութեան ու ժողովրդավարութեան մասին, կը միտի ապահովել շահերը զօրաւորին ու հարուստ երկիրներուն, որոնք կը շահագործեն իրենց ուժը (զօրութիւնը), սպառնալով տկար երկիրներուն, հետապնդելով գերիշխանութիւն, ուժի քաղաքականութիւն վարելով»։

 

Արագ եւ դանդաղ մտածելակերպ

Ամերիկեան ու չինական մտածողութիւնները անցեալի, ներկայի եւ ապագայի մասին կը տարբերին հիմնականօրէն։ Ամերիկացիները, անցեալ Յուլիսին, հպարտօրէն տօնեցին իրենց երկրի գոյատեւման 241րդ տարեդարձը։ Չինացիները կը սիրեն հպարտանալ, որ իրենց երկրին պատմութիւնը կը բոլորէ հինգ հազարամեակներ։ Ամերիկացի ղեկավարները յաճախ կ՚ակնարկեն «ամերիկեան փորձարկութեան (American experiment)։ Չինաստան ինքզինք կը նկատէ տիեզերքի մէկ մասնիկը, որ միշտ պիտի գոյատեւէ։

Ժամանակի  տարածական այս ձեւի մտածողութեան պատճառով, չինացի ղեկավարները ուշադիր են զանազանելու սաստիկը յամրընթացէն (chronic), անյետաձգելին կարեւորէն։ Դժուար է երեւակայել որ ամերիկացի քաղաքական ղեկավարը, թելադրէ արտաքին քաղաքական մեծ հարց մը դարակ դրուի մէկ ամբողջ սերունդ մը։  Ասոր լաւագոյն օրինակը Diaoyu – Senkaku կղզեակներու վիճելի ճակատագիրն է. արդարեւ 1979ին Ճափոնի հետ բանակցութիւնները որոշ համաձայնութեան չյանգեցան, այլ՝ յետաձգուեցան ապագային (Այդ պատճառով ալ, մեր օրերուն, պարբերաբար, ձգտուած կացութիւն մը կը ստեղծուի անոնց պատկանելիութեան մասին. այս բոլորը՝ հոն քարիւղի ընդծովեայ հորեր յայտնաբերուած ըլլալով)։

Ամերիկացիները կը խորհին թէ ծագած հարց մը լուծելու են, որպէսզի յաջորդին անցնին։ Ասիկա կը հակադրուի չինական հարց լուծելու պատմական հիմնարկապահ ըմբռնումին, որուն համար նորութիւն չկայ այս արեւուն տակ։ Չինացի ղեկավարը կը փորձէ հաւատալ, թէ բազմաթիւ հարցեր չեն լուծուիր, եւ հետեւաբար, հնարաւոր ելք մը գտնելու է։

Մարտահրաւէրները երկարատեւ են ու կրկնողական։ Օրինակ, Թայուանի պարագային, 1949էն իվեր անիկա կը ղեկավարուէր ազգայնական չինացիներու կողմէ։ Չինացի ղեկավարները պնդած են, թէ անիկա անբաժանելի մասը կը կազմէ Չինաստանին։ Անոնք որդեգրած են երկարատեւ պայքար մը տնտեսական եւ ընկերային շրջափակումի, մինչեւ որ կղզին մաս կազմէ մայր ցամաքամասին։

 

(Շար. 2)

Ազատ թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

“Foreign Affairs”, Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր 2017

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ