Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Երեւան. «Միրաք» շարժումը նշեց իր առաջին տարեդարձը

17 Սեպտեմբեր 2017-ին «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժումը նշեց իր առաջին տարեդարձը:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան սփիւռքի տարբեր շրջաններէն՝ Արժանթինէն, Լոնտոնէն, Նիւ Եորքէն, Լոս Անճելըսէն, Յունաստանէն, Լիբանանէն, Երուսաղէմէն, Սուրիայէն, Յորդանանէն, ինչպէս նաեւ Արցախէն Երեւան ժամանած մեծ թիւով բարեկամներ եւ ընկերներ:
«Միրաք»ի պատանի-ուսանողները հիւրերուն ներկայացուցին իրենց պատրաստած գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիրը, որ կը բաղկանար երգի, պարի, ասմունքի եւ նուագի համարներէ, ուր շեշտը դրուած էր ազգային-ազգագրականին վրայ:
Երեկոյի ընթացքին փոքրիկ «Միրաք»ականներու ձեռամբ յուշանուէրներ յանձնուեցան ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան գանձապահ,  «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նախագահ Ընկ. Վարդան Ուզունեանին, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Նորայր Մկրտիչեանին՝ «Միրաք» Շարժումին ցուցաբերած իրենց հետեւողական սատարման եւ օժանդակութեան համար:
Հիւրերը մեծ խանդավառութեամբ քաջալերեցին «Միրաք»ականները: Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ