Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Օրինակելի Քայլ. Փոքր ծրագիրներու առթած ուրախութիւնը

Հայաստան եւ Արցախ մեր տարեկան աշխատանքային այցը կատարուեցաւ Յուլիս 2017ին, նպատակ ունենալով Հայրենիք միութեան գործադիր մարմնի անդամներն ու բարեկամները մօտէն ծանօթացնելու կատարուած աշխատանքներուն ու նոր մարտահրաւէրներուն, որոնք մեր ուշադրութեան կը կարօտին: Ներկայ գտնուեցանք նաեւ մեր վեց աւարտած ծրագիրներուն բացման արարողութեանց՝ Հայաստան եւ Արցախ: Արցախի մէջ՝ Գառնաքար, Աւդուռ, Ծմակահող եւ Շահմասուր գիւղերուն մէջ վերանորոգուած էին համայնքի կեդրոններ եւ բուժկէտեր, իսկ Հայաստանի մէջ վերակառուցուած էին Լերմոնտովոյի մանկապարտէզը եւ Քաղսիի բուժկեդրոնը: 

Մեր բոլոր ծրագիրներուն մէջ, որոնք լրացուցած ենք 2015թ.էն ի վեր, Արցախի Ասկերանի շրջանի Խրամորդ գիւղի ջրամատակարարման փոքր ծրագիրը եղաւ ամէնէն ազդուն: Խրամորդ գիւղը որ կը գտնուի ազերիական սահմանին մօտ, ունի 250 ընտանիք  բնակչութիւն: Մենք նորոգեցինք շէնքը, որ թէ՛ գիւղապետարան է եւ թէ՛ բուժկէտ: Նաեւ հայթայթեցինք 1,5 քլմ. ջուրի խողովակներ եւ ջրամբար: Գիւղի բնակչութիւնը յանձն առաւ փորել հողը եւ ջուրի խողովակները զետեղել: Գիւղացիները ջուրով ապահովուեցան: Ծրագիրը իրականացաւ այս գնահատելի հաւաքական աշխատանքին շնորհիւ: Այս ծրագիրը ֆինանսաւորուած է վաղամեռիկ Սեպուհ Մատոյեանի համար փոխան ծաղկեպսակի կատարուած նուիրատուութիւններէն եւ նուիրուած է անոր յիշատակին:

Տպաւորիչ փորձառութիւն մըն էր ականատես դառնալ ժողովուրդին ուրախութեան, երբ մարդիկ աղբիւրէն անօթները եւ կուժերը ջուրով կը լեցնէին: Առաւել զգացական էր լսել իրենց օրհնանքները ու շնորհակալութիւնը՝ ուղղուած միութեան նուիրեալ անդամներուն եւ բարերարներուն: Թէեւ այս ջուրի ծրագիրը 3000 տոլարի փոքր ծրագիր մըն էր, սակայն ստացուած գոհունակութիւնը շատ աւելի մեծ էր քան՝ աւելի մեծ եւ ծախսալի ծրագիրներ:

Այս պտոյտէն մեր ստացած փորձառութիւնը ապացուցեց, որ գիւղերուն օգնելով թէկուզ փոքր ծրագրով, ոչ միայն կը խրախուսենք եւ կը քաջալերենք բնակչութիւնը, այլ կը զօրացնենք անոնց հաւատքը, ապահովութեան զգացումը եւ յոյսը՝ որ իրենք չեն անտեսուած, չեն մոռցուած:

ՇՈՒՇԱՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Անդամ,  Գործադիր Մարմնին                                                                                                             Հայրենիք Միութիւն

“Friends of Armenia”

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ