Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկեան Բարքեր. Սգալու տարօրինակ եղանակ մը…

Շըրլի Կիպսըն եւ իր ամուսինը Հէրիսըն կը բնակին մայրաքաղաք Ուաշինկթընի հարաւ-արեւելեան շրջանը։ 1997ին, անոնց 27 տարեկան ոստիկան մանչ զաւակը՝ Պրայըն, ոստիկանական իր ինքնաշարժին մէջ նստած՝ կը սպաննուի, ենթարկուելով դարանի մը (ambush): Ան՝ երթեւեկի կարմիր լոյսին կը սպասէր, անտեղեակ շուրջի անցուդաձերէն…

Զաւկին անակնկալ մահը մտածել կու տայ Շըրլիին, թէ ինչպէ՞ս պիտի դիմագրաւէ գալիք տօնական օրերը։ Ուրեմն, կ՚որոշէ որ իր զաւկին սիրած կերակուրները պատրաստէ եւ անոր ոստիկան գործակիցները հրաւիրէ որ միատեղ ընթրեն։ Եւ ահա այսպէս Դեկտեմբեր ամսուայ երկրորդ Չորեքշաբթին կը դառնայ հոգեճաշի աւանդական օրը։

Առաջին տարին հրաւէրին կ՚անսան 15 ոստիկաններ, երկրորդ տարին՝ 100, երրորդ տարին՝ 300 ու այսպէս շարունակաբար հիւրերու թիւը կ՚աճի, քաջալերելով սգացող մայրը, (տեսնել նկարը) որուն միակ նպատակը կը հանդիսանայ վառ պահել նահատակ իր որդիին յիշատակը։

Անցեալ Դեկտեմբերին, երբ 70 տարեկանը կը թեւակոխէ Շըրլի, կ՚որոշէ հանգստեալ կոչուիլ եւ հոգեճաշ պատրաստելէ ետք 400է աւելի հրաւիրեալներու, ողջերթ կը մաղթէ բոլորին։ Սակայն մեծ անակնկալ մը կը սպասէր իրեն, երբ առ ի երախտագիտութիւն, իրեն կը նուիրեն 15 հրաւիրատոմսեր՝ մայրաքաղաքին մէջ գտնուող African-American Museum of History and Culture թանգարանին։

Հոս պէտք է անմիջապէս աւելցնել, որ այս թանգարանի մուտքի տոմսերը շատ դժուար է ձեռք ձգել, նկատելով որ անոնք սպառած կ՚ըլլան ամիսներ առաջ։ Իսկ երկրորդ անակնկալը, որ կը սպասէր իրեն հետեւեալն է։ Երբ Շըրլի վերջին ընթրիքի 24 հնդկահաւերը գնելու կ՚երթայ, շուկայի մուտքին զինք կը դիմաւորեն ոստիկանական ջոկատի պատուոյ պահակները… 

 

Ծախու քա՞ր…

Հայկական ասացուածքը, որ թրքերէն լեզուով հասած է մեզի, կ՚ըսէ. «Եթէ գնողը կոյր է, ծախողը յանցանք չունի»։ Այսինքն, եթէ ապրանքը անորակ է, սակայն մարդիկ կը գնեն զայն, յանցաւորը գնողն է եւ ոչ թէ ծախողը։

Վաճառականութեան մէջ, ծախողը պէտք է ճարպիկ ըլլայ, այլապէս գործը յաջող չ՚ընթանար։ Ամերիկեան ասացուածքն ալ կ՚ըսէ. «Ճարպիկ ծախողը, Էսքիմոյին սառ կրնայ ծախել…»։

Ինչո՞ւ այս ներածականը. թոյլ տուէք բացատրեմ։ Արդարեւ, վերջերս շուկայի վրայ ծախու դրուած է նշանաւոր Nordstrom վաճառատան կողմէ 7,5ով 11,5 սանթիմեթր մեծութեամբ քարի կտոր մը, կաշիէ պարկի մը մէջ պարփակուած (տեսնել նկարը)։ Իսկ այս ապրանքին գին որոշուած է միայն… 85 տոլար։

Պէտք է գիտնալ որ վերոյիշեալ վաճառատունը կը պատկանի վաճառականական օղակի մը, որ կը տարածուի Ամերիկայի մէկ ափէն միւսը։

Կը խորհի՞ք թէ գնող պիտի չըլլայ, շատ կը սխալիք։ Արդարեւ, գնողները համացանցի վրայ իրար անցած են, շուտով ձեռք ձգելու համար այս արժէքաւոր իրը։ Ուրեմն, իրաւունք ունէի՞ վերոյիշեալ ներածականներով սկսելու։

Հետաքրքրական է գիտնալ, որ այս քարերը կու գան Լոս Անճելըսի շրջանէն, իսկ կաշին տեղական արտադրութիւն է, եւ ոչ թէ դուրսէն ներածուած։ Երբ յաճախորդներէն ոմանք գանգատած են թէ 85 տոլարը սուղ է՝ գետնէն հաւաքուած քարի մը համար, վաճառատան պատասխանատուներէն մին յայտնած է, թէ քիչ մը աժանն ալ ունին, որուն գինն է միայն 65 տոլար։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ