Կիրակի, Նոյեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Մարսիլիոյ Թեմը. Անցեալի վէրքեր ու ներկայի մտահոգութիւններ

«Յետ կանգնիլ այս անօրինական, եկեղեցաքանդ ու ազգավնաս ընթացքից եւ չեղեալ համարել վերոյիշեալ նորամուտ թիւ 32 եւ 33 յօդուածները Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներքին Կանադրութիւնից»

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ

ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

 

Նախաբան

            Ներկայիս Մարսիլիոյ Ֆրանսայի թեմին հարաւային շրջանի մտահոգութիւնները կը մնան առանց անմիջական լուծումի, ինչպէս նաեւ հարեւան Նիսի համայնքէն ներս։ Անորոշ յարաբերութիւնները թեմի Փարիզի առաջնորդարանին հետ եւ Մայր Աթոռի յատուկ դիրքաւորումը անմիջական հոգածութիւն չեն խոստանար։ Մինչեւ մի քանի տարի առաջ Փոխանորդ վարդապետ մը կը պահէր մնայուն եւ բնականոն կարգավիճակը, սակայն այսօր իր նոր պաշտօնի կոչուելէն ետք Մարսիլիա եւ շրջակայք կը մնան անձեռնհաս եւ անկայուն կացութեան մէջ։ Մօտաւոր անցեալին Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրախնամ եւ հետեւողական աշխատանքով հարաւային շրջանի եկեղեցիները, գլխաւորութեամբ Մարսիլիոյ Սրբոց Թարգմանչաց Մայր Եկեղեցւոյ, ապահովեցին իրենց դիրքն ու Մայր Աթոռի հովանաւորութիւնը, երբ Կիլիկեան Կաթողիկոսութիւնը ոտնձգութիւն փորձեց կատարել նաեւ Մարսիլիոյ շրջանէն ներս, այս անգամ ձախող, երբ Մայր Աթոռը, եւ Հայրապետը անձամբ այցի գալով, վերջնական եւ կանոնական հիմքը վերահաստատեցին։ Հարց կը ծագի թէ ինչո՞ւ ներկայիս անորոշ եւ անկայուն վիճակ պէտք է տիրէ Ֆրանսայի հարաւային շրջանէն ներս եւ փոխանորդ վարդապետ մը չնշանակուի ինչպէս անցեալին։

            Մարսիլիոյ Սրբոց Թարգմանչաց Մայր Եկեղեցւոյ շուրջ գոյատեւող հայ եկեղեցական համայնքները անցեալ դարու քսանական թուականներէն սկսեալ ծաղկուն վիճակի մէջ էին Գրիգորիս Եպիսկոպոս Պալաքեանի առաջնորդութեամբ։ Սակայն ինք եւս յուսախաբ եղաւ հակառակ իր աշխոյժ եւ արդիւնաւոր աշխատանքին, կառուցանելով Սրբոց Թարգմանչաց հոյակապ Մայր Եկեղեցին ու զայն օծելով, երբ հալածեցին զինք անարդարօրէն, եւ միայն անգամ մը պատարագելէ ետք նորաշէն մայր եկեղեցւոյ մէջ քաշուեցաւ եւ տարի մը ետք յանկարծական մահուամբ վախճանեցաւ 1934 թուականին։

 

Երուսաղէմի Ողջագուրումը (1963)

            Երբ 1963ի Հոկտեմբերին Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Երուսաղէմ այցի գացած էր նախագահելու համար Ս. Յարութեան Տաճարի վերանորոգութեան համազգային հանգանակութեան յանձնախումբին, որոշեց հանդիպումի մը համար Երուսաղէմ հրաւիրել Տանն Կիլիկիոյ նորընտիր Խորէն Ա. Բարոյեան Կաթողիկոսը եւ ողջագուրումով շնորհաւորել իր ընտրութիւնը, շնորհելով Մայր Աթոռի ճանաչումը եւս, առիթ ընծայելով միանգամայն լուրջ խորհրդակցութեամբ կանոնական վիճակի բերելու Կիլիկիոյ Աթոռին կողմէ կատարուած եօթնամեայ կանոնազանցութիւնները Մայր Աթոռի թեմերու նկատմամբ։

            Հակառակ բարի տրամադրութեանց եւ Երուսաղէմ տրուած հանդիսաւոր խոստումներուն, ճիշդ հակառակը կը պատահէր հազիւ երեք ամիս անցած։ Խորէն Կաթողիկոս Անթիլիասէն Արտաւազդ եպիսկոպոս Թրթռեանը կ՚ուղարկէր որպէս «առաջնորդ» Էջմիածնի իրաւասութեան ենթակայ ֆրանսահայ Մարսիլիոյ թեմին։ Բնականաբար Մայր Աթոռ կը զգուշացնէր Խորէն Կաթողիկոսը նման կանոնազանցութիւն մը չկատարել եւ յարգել Երուսաղէմի ողջագուրման ոգին եւ տրուած խոստումը, իսկոյն ետ կանչելով եպիսկոպոսը։ Արդէն Փարիզի առաջնորդ եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Սերովբէ արքեպիսկոպոս Մանուկեան բողոքագիրներ ստացեր էր Մարսիլիոյ թեմէն ներս պատահած Անթիլիասի ոտնձգութեան մասին ու զանոնք ուշադրութեանը յանձնած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։

            Մայր Աթոռի հետեւողական հսկողութեամբ եւ յարատեւ միջամտութեամբ Վազգէն Ա. Կաթողիկոս 1964 թուի Մարտ 9ին կոչ ուղղելով Անթիլիասի ղեկավար մարմիններուն Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի սաստը կը յայտնէր թէ «մեր եկեղեցական կանոններին հիմնովին հակառակ պարագաներ են եւ բացայայտ խախտում Աթոռների իրաւասութեանց սահմանների»։ Այս բոլորը ԳՀԽը իր 1965 Յուլիս 13 թուակիր նամակով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վճիռը կը հաղորդէր չեղեալ համարելու որեւէ դիմում որ բաժանման տեղի կու տար առանց Մայր Աթոռի գիտութեան։ Վազգէն Ա. Հայրապետ իր անձնական 1965 Դեկտեմբեր 14 թուակիր նամակով իր վրդովումն ու մտահոգութիւնը կը յայտնէր Խորէն Կաթողիկոսին թէ՛ Մարսիլիոյ եւ թէ՛ նոյն տարուան Կիլիկիոյ Աթոռի ներքին Կանոնադրութեան երկու յօդուածներու յաւելումի մասին, զանոնք բնութագրելով որպէս «վտանգաւոր եւ աղէտաբեր»։

            Այս բոլորը կը ժխտէին Երուսաղէմի ողջագուրման ոգին, եւ հոն տրուած Խորէն Կաթողիկոսի հանդիսաւոր խոստումները կեղծ եւ անբովանդակ կը դառնային։ Խորէն Կաթողիկոս այդ ձեւով ինքզինք կը դնէր մեղադրելի դիրքի մէջ, ուզելով կամ չուզելով, որովհետեւ իր կամքէն անկախ եւ իր խոստումներուն հակառակ առնուած նոր քայլերը կը դրսեւորուէին համաձայն դաշնակցական կուսակցութեան ծրագիրներուն, նման անցնող եօթը տարիներուն։

 

Յակոբ Եպիսկոպոս Վարդանեան

            Վազգէն Վեհափառ Հայրապետը 1965 թուին չորս եպիսկոպոսներ կը ձեռնադրէր եւ անոնցմէ մին Երուսաղէմի միաբաններէն Յակոբ Եպիսկոպոս Վարդանեան Մարսիլիոյ Հայրապետական Պատուիրակի Փոխանորդ կը նշանակէր իր Դեկտեմբեր 30 թուակիր Կոնդակով։ Արտաւազդ Եպիսկոպոս ստիպուած Անթիլիաս կը վերադառնար եւ Յակոբ Սրբազան երկար ժամանակ կը մնար իր պաշտօնին վրայ։ Իր առաջին ժամանումին 1966ի Սուրբ Ծննդեան տօնին կը ձեռնարկէր իր պաշտօնին հանդիսաւոր Ս. Պատարագի մատուցմամբ Սրբոց Թարգմանչաց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ Յունուար 17ին կրկին կը պատարագէր ի ներկայութեան Սերովբէ արքեպիսկոպոս Մանուկեանի եւ Մարսիլիոյ կաթոլիկ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն եւ պետական անձանց։

 

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կանոնադրութեան Կանոնազանց Երկու Յօդուածները

            Ակնարկեցինք խնդրոյ առարկայ թիւ 32 եւ 33 նորահնար յօդուածներուն որոնց դիմաց Մայր Աթոռ հարկադրուած էր հրատարակել ԳՀԽի մէկ յայտարարութիւնը, ուր կը հաստատուէր Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին 1965 Նոյեմբեր 18ի նիստը, որ «վշտով իր վրդովմունքը կ՚արձանագրէր Անթիլիասի Տանն Կիլիկիոյ Կանոնադրութեան նոր երկու յօդուածների համար» զորս «ծանրակշիռ խախտում» կ՚որակէր, «որը Սփիւռքի հայ եկեղեցական-ազգային կեանքի մէջ ծնունդ էր տալու աղէտալի նոր տագնապների ու պառակտումների»։

            Կաթողիկոսութեան 1941 թուի Կանոնադրութեան մէջ յիշեալ նորահնար թիւ 32 յօդուածով Աթոռին իրաւասու չորս թեմերուն վրայ որպէս մնայուն թեմեր կ՚աւելցնէր հինգ Էջմիածնական թեմեր։ Իսկ թիւ 33 յօդուածով Հայ Եկեղեցւոյ պառակտումը վարակիչ դարձնելու աստիճան կ՚ըսէր թէ «այլ թեմեր եւս կրնան կազմուիլ կամ միանալ Կիլիկիոյ Աթոռին իրենց ազգային-եկեղեցական պատասխանատու մարմիններու գրաւոր դիմումին վրայ»։

            Մայր Աթոռի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի յիշեալ յայտարարութիւնը խստիւ կոչ կ՚ընէր Խորէն Կաթողիկոսին եւ պատկան մարմիններուն «յետ կանգնելու այս անօրինական, եկեղեցաքանդ ու ազգավնաս ընթացքից եւ չեղեալ համարել վերոյիշեալ յօդուածները»։ Կանոնական այս խախտումը չսրբագրուեցաւ երկար ատեն, դարձաւ մնայուն, որուն վերջին ապացոյցը եղաւ Քանատայի հայոց թեմին բաժանումը, ուր եւս հաստատեցին Կիլիկեան թեմ մը ներկայ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրով։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ