Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

Պաքուի հայկական եկեղեցին՝ փակ

 

Եւրանեսթ համաժողովին մասնակցելու նպատակով Ատրպէյճան մեկնած Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատուիրակութեան անդամները շրջած են Պաքուի մէջ։ Երբ հասած են նախկին հայկական եկեղեցիին քով, իրենց ըսուած է, որ ներկայիս ան կը պատկանի նախագահի գրադարանին, իսկ եկեղեցւոյ տարածքը եւ շէնքը փակ են։

 

«Եւա». նոր ժապաւէն

 

Հայ-իրանական համատեղ արտադրութեան նոր ժապաւէն մը սկսաւ ցուցադրուիլ Սեպտեմբեր 24ին Երեւանի մէջ, որ կը կոչուի «Եւա»։

Իրանահայ բեմադրիչ Անահիտ Ապատի նոր ֆիլմը կը պատմէ կնոջ մը մասին, որ կ՚ուզէ մոռնալ տարիներ առաջ իր կեանքին մէջ տեղի ունեցած մութ ու ծանր պատմութիւնը։  Եւան իր աղջկան հետ կը հեռանայ Երեւանէն եւ կը հաստատուի Արցախ, սակայն անցեալը կը հետապնդէ զինք։

Ժապաւէնին արտադրիչն է Թաղի Ալիղուլիզատէն։ Ֆիլմին մէջ նկարահանուած են հայրենի տաղանդաւոր դերասաններ, ինչպէս նաեւ Վրէժ Քասունին։

 

Լիլի Սարգսեան «Միսս Արմենիա 2017»

Սեպտեմբեր 24ին «Միսս Արմենիա 2017» մրցոյթը շահած է 17ամեայ Լիլի Սարգսեանը՝ Երեւանէն։ Ան մասնագիտութեամբ ձեւաւորող է։

 

Թուրքեր կոտրած են հայկական կայքեր

Թուրք հաքըրներ կոտրած են ֆրանսալեզու Հայաստանի զբօսաշրջիկութեան գրասենեակին կայքէջը։ Խումբը կը կոչուի «Ասլան Նաֆերլեր»։ Անոնք կոտրած են նաեւ դարձեալ Ֆրանսայի մէջ գործող Հայաստանի առեւտրա-արդիւնաբերական պալատի կայքէջը։ Բարեբախտաբար կարճ ժամանակի ընթացքին վերականգնուած է ամէն ինչ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ