Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ԱՄՆ. Ճամբորդութեան նոր պատժամիջոցներ ու սահմանափակումներ որդեգրուած եմ Միացեալ Նահանգներու կողմէ, որոնց լոյսին տակ, ժամանակաւորապէս ԱՄՆ մուտքը պիտի արգիլուի Հիւսիսային Քորէայի, Վենեզուելայի եւ Չատի քաղաքացիներուն։

ՃԱՓՈՆ. Վարչապետ Շինզօ Ապէ Հինգշաբթի օր պիտի լուծարէ երկրին խորհրդարանը ժամանակէն տարի մը առաջ, առաջքը առնելու համար Հիւսիսային Քորէայէն եկող վտանգին։

ՀԻՒՍ. ՔՈՐԷԱ. Անցեալ շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը վստահաբար ԱՄՆի նախագահին պոռթկումն էր  Հիւսիսային Քորէայի վրայ, երբ նախագահ Թրամփ «հրթիռով թզուկ» որակեց այդ երկրին առաջնորդ Քիմ Չեն Ունը։ Ալապամայի մէջ Թրամփ ըսաւ. «Չենք կրնար թոյլ տալ, որ տարատեսակ խելագարներ հրթիռներ արձակեն»։ Մինչ այս յայտարարութիւնը, Հիւսիսային Քորէա նշած էր, որ մտադիր է ջրածնային ռումբ փորձարկել։

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ. Շաբաթ օր Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ ընդդիմադիր Ժողովրդավարական ուժերու ազգային խորհուրդին հանրահաւաքը, որուն մասնակցած է քանի մը հազար հոգի։ Վանկարկած են «Վերադարձուցէք ժողովուրդէն գողցուած դրամները»։ Խօսքը ատրպէյճանական իշխանութեան երեք պիլիոն տոլարի կաշառքներուն մասին է, որոնք տրուած են եւրոպացի քաղաքական գործիչներու։

ԲՐԻՏԱՆԻԱ. Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը պատրաստ է 54 պիլիոն տոլար վճարել Եւրոմիութենէն դուրս գալու համար, յայտարարած է վարչապետ Թերեզա Մէյը։ Նշենք, թէ Եւրոմիութիւնը առնուազն կրկին գումարը կը պահանջէ Մեծն Բրիտանիայէն։

ԹՈՒՐՔԻԱ. Իսթանպուլի քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշ, որ իշխող կուսակցութեան մաս կը կազմէ, հրաժարած է իր պաշտօնէն։ Ան Իսթանպուլի քաղաքպետն էր 2004էն ի վեր։ Անոր փեսան ձերբակալուած էր կիւլէնականներուն դէմ հետաքննութեան շրջանին։

ՄԱԿ. ՄԱԿի Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի բարեկամներու խումբի հանդիպումին ելոյթ ունենալով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան ըսած է, թէ Հայաստան մտահոգ է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ինքնութեան հողի վրայ ահաբեկչական խմբաւորումներու յանցագործութեան աճով։

ՆԻՔԱՐԱԿՈՒԱ. Նիքարակուան միացաւ Փարիզի կլիմայական համաձայնագիրին։ Այնպէս որ ԱՄՆը եւ Սուրիան մնացին միակ երկիրները, որոնք կը մերժեն աջակցիլ աշխարհի տաքացման դէմ պայքարի փաստաթուղթին։

ԱՄՆ. Քոնկրէսի ներկայացուցիչներու պալատի երեք անդամներ, որոնք վերջերս կը գտնուէին Արցախ, յայտնուած են Ատրպէյճանի անցանկալի անձերու «սեւ ցանկ»ին վրայ։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարած է, թէ Տէյվիտ Վալանտոն, Ֆրենք Փալոնը եւ Թուլսի Կապարտը «սեւ ցանկ»ի վրայ են…

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ