Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Տանըլտ Թրամփ եւ Ռեքս Թիլերսըն շնորհաւորած են Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը

Նախագահ Տանըլտ Թրամփ շնորհաւորելով հայկական պետականութեան 26ամեակը, կարեւորած է տարածաշրջանային անվտանգութեան գծով Հայաստանի ունեցած դերը։ «Կը շնորհաւորեմ հայ ժողովուրդը ժողովրդավարութեան, անվտանգութեան եւ տարածաշրջանային կայունութեան հարցերու մէջ անոր ունեցած  յառաջընթացքին համար», նշուած է ուղերձին մէջ։

ԱՄՆի պետական քարտուղար Ռեքս Թիլերսըն Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան անունէն շնորհաւորած է Հայաստանի անկախութեան 26րդ տարեդարձը։ «Շնորհակալ ենք տարածաշրջանային կայունութեան ու միջազգային խաղաղարար առաքելութիւններուն  ձեր նուիրուածութեան համար։ Բարձր կը գնահատենք այդ ջանքերը՝ կառուցելու աւելի խաղաղ աշխարհ մը», յայտարարած է ան։

 

Փութինի շնորհաւորագիրը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Անկախութեան օրուան առթիւ։ Փութին բարձր կը գնահատէ երկկողմ յարաբերութիւններն ու փոխգործակցութիւնը տարբեր շրջանակներէն ներս։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ